Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի (Դսեղ)

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Հայ Առաքելական եկեղեցի Լոռիի մարզի Դսեղ գիւղին մէջ։ Ընդգրկուած է Դսեղի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Պատմութիւն

Խմբագրել

Կը գտնուի Դսեղ գիւղի կեդրոնը՝ միջնադարեան գերեզմանոցի տարածքին մէջ, Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի հարեւանութեամբ։ Շրջապատուած է քարէ ցածր պարսպով։ Կառուցուած է VII դ.։ Բազմաթիւ անգամներ վերակառուցուած է, եւ նախնական շինութիւնէն գրեթէ ոչինչ չէ պահպանուած։ Ներկայիս կառոյցը ուղղանկիւն դահլիճ է՝ արեւելեան կողմը խորանով, որուն ուղղանկիւն ծաւալը դուրս կու գայ եկեղեցւոյ արեւելեան պատի սահմաններէն։ Խորանի երկու կողմերուն աւանդատներն են։ Հարաւային աւանդատունը հետագային՝ X դար, Մամիկոնեան իշխաններու միջոցով վերափոխուա է զանգակատան, որ կառուցուած է դեղնակարմրավուն ֆելզիթով։ Զանգակատան արեւելեան ճակատին պահպանուած է Մամիկոնեան տոհմի զինանշանը՝ երկգլխանի արծիւ՝ ճանկերուն գառ։ Հարաւային պատին փորագրուած է արեւի ժամացոյց։

Եկեղեցին վերակառուցման ենթարկուած է նաեւ 1900 թ., որուն մասին կը յիշատակէ գմբեթարդի ճակատային կամարի արձանագրութեան մեջ։ Ներկայիս տեսքը եկեղեցին ստացած է այդ վերակառուցումէն ետք։

Եկեղեցւոյ վերջին վերակառուցումը եշած է 1969 թուականին։

Դսեղի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին վաղ միջնադարեան այն ճարտարապետական յուշարձաններէն է, ուր զուգադրուած են տարբեր դարաշրջաններու վերակառուցումները[1]։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Շախկեան Գ., Լոռի. պատմութեան քարակերտ էջերը, Երեւան, 1986։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել