Սուրբ Հոգի (լատիներէն՝ Spiritus Sanctus), (եբր.՝ רוח הקדש‎), (արաբերէն՝ روح القدس‎), (յուն․՝ Άγιο Πνεύμα), Աստուած, կ'անուանուի Աստուծոյ Հոգի, քրիստոնէական աւանդոյթին մէջ՝ Հոգի Հօր (Մատթ. 10.20[1]), Հոգի Քրիստոսի՝ Որդւոյն Հոգին (Գաղ. 4.6, Փիլիպ. 1.19, Ա Պետ. 1.11[2]) եւ Մխիթարիչ, Ճշմարտութեան Հոգի (Հովհ. 14.16, 17, 26, 15.26, Գործք 2.[3]), Սուրբ Երրորդութեան երեք Անձերէն մէկը։

Սուրբ Հոգին աղաւնիի կերպարանքով՝ Սուրբ Պետրոսի տաճար

Սուրբ Հոգիին մասին առաջին անգամ կը խօսուի Ծննդոց գիրքին առաջին տողերուն մէջ. «... եւ Աստուծոյ հոգին կը շրջի ջուրերուն վրայ…» (Ծննդոց 1:2): Սուրբ Հոգիին ազդեցութիւնը կ'երեւի մշտապէս, սակայն աւելի ակներեւ է Նոր Կտակարանին մէջ՝ Տիրոջ կեանքին դրուագներուն մէջ:

«Իսկ Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, զոր Հայրը կ'ուղարկէ իմ անունովս, ան ձեզ ամէն բան կ'ուսուցանէ եւ ձեզի կը յիշեցնէ այն ամէնը, ինչ որ ես ըսի ձեզի» (Յովհ. 14:26): Եւ այսպէս եղաւ, որ Քրիստոս Իր համբարձումէն ետք կ'ուղարկէ Սուրբ Հոգին՝ իբրեւ մխիթարիչ: Սուրբ Հոգին նաեւ կը բարեխօսէ «Նոյնպէս եւ Հոգին օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն. որովհետեւ մենք կ'աղօթենք եւ չենք գիտեր, թէ ինչպէս պէտք է աղօթել, բայց Հոգին Ինքը բարեխօս կ'ըլլայ մեզի՝ անմռունչ հառաչանքով: Իսկ ան, որ կը քննէ սիրտերը, գիտէ, թէ ինչ խորհուրդ ունի Հոգին, քանի որ ըստ Աստուծոյ կամքին կը բարեխօսէ սուրբերուն համար» (Հռոմ. 8: 26-27): Աղաւնակերպ Սուրբ Հոգին կը յայտնուի Քրիստոսի մկրտութեան պահուն՝ Յորդանան գետին մօտ[4]:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարան, Երեւան, 2002։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել