Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցի (Մեղրիի վանք)

Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի (Մեղրիի վանք), Հայ առաքելական եկեղեցի Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի Մեղրի քաղաքին մէջ։ Կ՝ընդգրկէ Մեղրիի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Մեղրիի փոքր թաղի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ ետեղեցւոյ ընդհանուր տեսքը

Պատմութիւն

Խմբագրել

XVII դարուն կառուցուած Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին կը դասուի գմբեթաւոր եկեղեցիներու շարքը։ Կը գտնուի Մեղրի քաղաքի հիւսիսային բարձրադիր մասին մէջ։ Քառամոյթ, գմբեթաւոր, բազիլիկ կառոյց է։ Եկեղեցին կառուցուած է տեղական բազալտէ քարէն, իսկ գմբեթը աղիւսաշեն է։ Արեւմուտքէն արեւելք ձգուած ուղղանկիւն դահլիճը երկու զոյգ մոյթերով բաժանուած է երեք նաւերու։ Գնդաձեւ գմբեթը տեղադրուած է աղոթասրահի կեդրոնին մէջ։ Թմբուկը ներսէն գլանաձեւ է, դուրսէն բազմանկիւն՝ 12 նիստով։ Միակ մուտքը արեւմտեան կողմէն է։ Եկեղեցւոյ ներսը մշակուած է աղիւսէ տեգորաթիւ որմնակամարներով։ Խորշերն ու որմնակամարները ունին շեշտուած սլաքաձեւութիւն։ Եկեղեցիին արեւմտեան կողմէն կից է ուղղանկիւն հատակագիծով, կիսաշրջանաձեւ թաղով, եռակամար բաց սրահը (այժմ՝ աւերակ)[1]։ )։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հասրաթեան Մ., Սիւնիքի XVII-XVIII դդ.ճարտարապետական համալիրները, Երեւան, 1973։
  • Հասրաթեան Մ., Մեղրիի շրջանի յուշարձանները, Երեւան, 1987։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել