Սուրիա (թերթ)

Օրաթերթ։

«Սուրիս», օրաթերթ։ Լոյս տեսած է 1946-1960 թուականներուն, Հալէպ։ Արտօնատէր խմբագիր՝ Յովհաննէս Եազըճեան, խմբագիրներ՝ Մատթէոս Երէցեան, Ֆիրուզ Խանզատեան, Յարութիւն․ Տէր Ղազարեան։

Սուրիա
Տեսակ օրաթերթ
Խմբագիր Մատթէոս Երէցեան, Ֆիրուզ Խանզատեան, Յարութիւն․ Տէր Ղազարեան
Հիմնադրուած է 1946
Հրատարակման վայր Հալէպ

Հրատարակուած է իբրեւ անկախ, քաղաքական եւ գրական պարբերական։ Տպագրած է յօդուածներ, լուրեր եւ այլ նիւթեր խորհրդային Հայաստանի առօրեայի վերաբերեալ, ներկայացուղած է անոր տնտեսութեան, մշակոյթի վերելքը։ Անդրադարձած է ներգաղթին, խորհրդային քարոզչութեան դիրքերէն հանդէս եկած է դաշնակցութեան դէմ։

Ծանօթացուցած է միջազգային, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Թերթօններու ձեւով հրապարակած է հայ սովետական եւ օտար հեղինակներու գրական ստեղծագործութիւնները։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։