Սպանիա-Մարոքեան պատերազմ

Սպանա-մարոքեան պատերազմ, յայտնի է նաեւ որպէս Ափրիկեան պատերազմ (սպ.՝ La Guerra de África), Սպանական կայսրութեան նուաճողական պատերազմը ընդդէմ Մարոքոյի թագաւորութեան, որ սկսած է 2 Հոկտեմբեր 1859-ին[1][2]։

Սպանիա-Մարոքեան պատերազմ
'
Թուական 2 Հոկտեմբեր 1859 - 26 Ապրիլ 1860
Վայր Մարոք, Հիւսիսային Ափրիկէ
Արդիւնք Սպանիոյ յաղթանակ Մարոքը կը ճանչնայ սպանական գերիշխանութիւնը Սէուտայէի եւ Մելիլէայի մէջ, Մարոքը կը վճարէ 100 միլիոն պասետայ ռազմատուգանք
Հակառակորդներ
 Սպանիա Սպանիա Կաղապար:Դրօշաւորում/Մարոք
Հրամանատարներ
 Սպանիա Իզապելա Բ.
 Սպանիա Անթոնիօ տէ Ալանօ
 Սպանիա Լեոնոլտօ օ'Տոնէլ
 Սպանիա Խուան տէ Սավալա
 Սպանիա Ժոան Պրիմ
Կաղապար:Country data Մարոք Մուհամէտ Դ.
Կողմերու ուժեր
140,000 35,000–40,000
Սպանա-մարոքական պատերազմ Ափրիկէի գաղութային բաժանում

Պատերազմող Սպանիան նպատակ ունէր ամրապնդել իր սահմանները Ճիպրալթարի նեղուցի հարակից տարածքներին մէջ՝ նուաճելով Հիւսիսային Ափրիկէի ափամերձ շարք մը բնակավայրեր։

Նախապատմութիւն Խմբագրել

19-րդ դարու պատերազմներուն Մարոքը բազմաթիւ պարտութիւններ կը կրէ եւրոպացի նուաճողներէն։ Յատկապէս ակնառու էր 1844-ի ֆրանս-մարոքական պատերազմը[3], երբ ֆրանսական բանակը առանց լուրջ դժուարութեան պարտութեան կը մատնէ վերջինս։ 1856-ին անգլիացիները մարոքեան կողմին կը հարկադրեն ստորագրել երկկողմ համաձայնագիր, որով կը սահմանափակուէր Մարոքի մաքսային պարտաւորութիւնները ու վերջ կը դրուէր արքայական մենաշնորհին։

Աչքի տակ ունենալով Մարոքի պարտութիւնները՝ սպանական բանակը կը նախապատրաստուի ներխուժել ափրիկեան մայր ցամաք։ Պատերազմի սկսման համար սպանացիներուն անհրաժեշտ էր ընդամէնը շարժառիթ մը։

Պատերազմի ընթացք Խմբագրել

1859-ի վերջը մարոքեան ցեղերը կը սկսին ապստամբիլ Սեուտա կղզիին մէջ կեդրոնացուած սպանական կայսերական կայազօրներու դէմ։ Սպանիան անտեսելով Մեծն Բրիտանիայի հետ կնքած պայմանագիրը կը ներխուժէ Մարոքի տարածք՝ խախտելով Մարոքի խաղաղ կարգաւորման բրիտանական ծրագիրները։ Սպանական կայազօրները արագօրէն պարտութեան կը մատնեն սուլթանական զօրքերուն եւ սրընթաց կերպով կը զարգացնեն մարտավարական յաջողութիւնները։

3 Փետրուար 1860-ին սպանական զօրքերը կը հաստատուին Տետուանի մէջ։ Անոնք երկու օր շարունակ կը ռմբակոծեն քաղաքը եւ քաոս կը ստեղծեն հարակից բնակավայրերուն մէջ։ Քաղաքը կը լքեն բազմաթիւ մարդիկ, շատերը կը վնասուին։ Մարոքցի պատմաբան Ահմատ իպն Խալիտ ալ-Նասիրին սպանական ռմբակոծութիւններն ու թալանը կը ներկայացնէ հետեւեալ կերպով․

  Քաղաքին մէջ խռովութիւն սկսած է ․․․ ամբոխը ձեռքերը լայն բաց առած կը շարժի դէպի աւար եւ նոյնիսկ նորմալ մարդիկ դէն նետած են պարկեշտութեան թիկնոցները։ Արաբները եւս խռովութեան ընթացքին սկսան կողոպտել եւ գողանալ։ Անոնք կը կոտրէին տուներու եւ խանութներու դռները ․․․ ամբողջ գիշեր մը մինչեւ արեւու առաջին ճառագայթներու շողարձակելը
- - Ահմատ իպն Խալիտ ալ-Նասիրի
 


Պատերազմի աւարտ Խմբագրել

Տետուանի ճակատամարտէն ետք սպանացիներու յաղթանակը անխուսափելի էր[4][5]։ Բրիտանական կողմը կը ճնշէր գործադրում թէ՛ մարոքցիներու, թէ՛ սպանացիներու նկատմամբ՝ խաղաղութիւն հաստատելու պահանջով։ Յաղթանակած Սպանիան կը յայտարարէ, որ կայսերական բանակը իր առաջխաղացումը կը կասեցնէ միայն 100 միլիոն պասետայ ռազմատուգանքի վճարումէն ետք։

Շուտով բրիտանացիները կը վճարեն պատերազմական տուգանքի մէկ մասը, իսկ մինչեւ գումարի լրիւ մարումը սպանական ուժերը կը զբաղեցնեն Տեուտան։ Շուտով սպանական արքունիքը մաքսային գործակալներ կ'ուղարկէ Մարոքի նաւահանգիստներ՝ առեւտրային եկամուտները որպէս փոխհատուցում գանձելու նպատակով։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Cronica de la Guerra de África։ N. Mabule y B. Compagni։ 1859 
  2. Pedro Antonio de Alarcón ( (1880)։ Diario de un testigo de la Guerra de Africa։ Oxford University։ Impr. Central á cargo de V. Saiz 
  3. «la guerra de africa 1859»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-02-12-ին 
  4. «La batalla de Tetuán Archived February 5, 2008, at the Wayback Machine.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ February 5, 2008-ին 
  5. «Las Batalla de Tetuán Archived January 14, 2008, at the Wayback Machine.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ January 14, 2008-ին