«Սեբաստացի Մուրատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Այլ Էջեր: clean up, replaced: Կատեգորիա:1874 ծնունդներ (արւմտ․) → Կատեգորիա:1874 ծնունդներ using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Նիկոլ Դուման (արեւմտահայերէն) → Նիկոլ Դուման using AWB
Տող 21.
[[Մուշ]] եւ [[Սասուն (արեւմտահայերէն)|Սասուն]], [[Հրայր Դժոխք (արեւմտահայերէն)|Հրայր Դժոխքի]] եւ [[Գէորգ Չաւուշ]]ի կողքին, Սեբաստացի Մուրատ կը դառնայ խիզախ զինուոր եւ կը գրաւէ բոլորին ուշադրութիւնը։ Կարգուեցաւ խմբապետ եւ [[1904]]ի գարնան, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան հրամանատարական կազմը կ՚որոշուէր, Մուրատի առաջարկուեցաւ ընդհանուր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Բայց Մուրատ կը մերժէ եւ կը պնդէ, որ պաշտօնը տրուի [[Անդրանիկ Օզանեան|Անդրանիկին]]։ Ան հռչակ կը ստանայ երբ Երկրորդ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, [[Աղթամար կղզի (արեւմտահայերէն)|Աղթամար կղզի]] հաւաքուած ֆետայիներու ժողովէն ետք, Թրքական զօրքի պաշարման շղթան կտրելով, կը գրաւէ նաւ մը եւ իրեն հետեւող ժողովուրդն ու ֆետայիները ապահով Պարսկաստան հասցնէ։
 
[[1905]]-ի հայ-թաթարական կռիւներու ամբողջ տեւողութեան, [[Նիկոլ Դուման (արեւմտահայերէն)|Նիկոլ Դումանի]]ի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ մղուած հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան պայքարին յառաջապահներէն հանդիսացաւ Սեբաստացի Մուրատ։ Ան յատկապէս [[Զանգեզուր]]ի եւ [[Նախիջեւան]]ի ճակատներուն վրայ մարտեր ղեկավարեց։
 
[[1906]]ին վերադարձաւ [[Սասուն (արեւմտահայերէն)|Սասուն]], մասնակցեցաւ [[1907]]ի հերոսական կռիւներուն։ Եւ երբ ապստամբութեան աւարտին, կը մասնակցի Վիեննայի մէջ գումարուած [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Հ.Յ.Դ]]. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին։ Ժողովին ան դաշնակցական մարտիկներուն կամքը կը ներկայացնէր եւ ժողովի որոշումով, կ՚ուղղուի դէպի [[Պարսկաստան]]՝ իր պատասխանատու մասնակցութիւնը բերելու համար Սահմանադրական ուժերու կողքին Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան։