«Սեբաստացի Մուրատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Կովկաս (արեւմտահայերէն) → Կովկաս using AWB
Չ clean up, replaced: Սեբաստիա (արեւմտահայերէն) → Սեբաստիա (2), Ճակատամարտ → ճակատամարտ (2) using AWB
Տող 8.
| ծննդավայր = Սեբաստիա
Օսմանեան կայսրութիւն
| վախճանի վայրը = Պաքու
Պաքուի Նահանգ
Ազրպէյճանի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն
| Ճակատամարտներճակատամարտներ = Հայ ֆիտայական շարժում
Սասունի ապստամբութիւն (1904)]
Առաջին համաշխարհային պատերազմ
* Պաքուի Ճակատամարտըճակատամարտը

[[Պատկեր:Armenian Revolutionary Federation logo 1915.png|90px|մինի|Դաշնակցութիւն]]
Տող 15.
'''Սեբաստացի Մուրատ'''([[1874 թուական|1874]], [[Սեբաստիա]] - [[4 Օգոստոս]] [[1918 թուական|1918]]), Սեբաստիոյ առասպելական դէմքերէն՝ Ֆիտայի եւ հայդուկապետ, հայ ազատագրման շարժուման մասնակցած հայ ֆիտայի՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։<ref>{{cite book|last=Lewy|first=Guenter|title=The Armenian massacres in Ottoman Turkey: a disputed genocide|year=Nov 21, 2005|publisher=University of Utah Press|pages=31}}</ref>
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է [[Սեբաստիա (արեւմտահայերէն)|Սեբաստիոյ]] Կովտուն Գիւղին մէջ՝ Սեբաստիայէն 20 քմ արեւելք, ուրկէ ստացած է Սեբաստացի Մուրատ անունը։ Ան աղքատ ընտանիքէ մըն է, որ վերջերս մեկնած էին դէպի Սեբատիա ու շատ համբաւաւոր ու սիրուած դէմք եղած է համայն սեբաստացիներուն համար<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/256482 Սեբաստացի Մուրատը Անմահացնելու Համար…]</ref>։ երբ հովիւ եղած ատեն պատահական թուրքեր յարձակեցան վրան՝ զինք սպաննելու եւ հօտը գողնալու համար, Մուրատ սպաննեց յարձակող թուրքերէն մէկը եւ միւսներուն փախուստի մատնեց։ Ոստիկանութիւնը չկրցաւ Մուրատին ձերբակալել, բայց փոխարէնը՝ հօրը բանտարկեց եւ Մուրատ ստիպուեցաւ յանձնուիլ, որպէսզի փրկէ հօրը։ Բանտարկուեցաւ, բայց կարճ՝ քանի մը ամիս տեւեց բանտարկութիւնը, որովհետեւ անչափահաս էր։ Ազատ արձակուեցաւ, բայց հեռացուեցաւ Սեբաստիայէն։ Անցաւ Պոլիս, ուր Պոմոնթիի գործարանին մէջ բեռնակրութիւն ըրաւ եւ երեկոները դպրոց յաճախեց՝ տարրական ուսման եւ գրագիտութեան տիրանալու համար։

Նոյն շրջանին անդամակցեցաւ [[Հնչակեան Կուսակցութիւն|Հնչակեան կուսակցութեան]], որուն կողմէ նախաձեռնուած Աչըքեան պատրիարքին դէմ ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով Մուրատ դարձեալ ձերբակալուեցաւ։ Այս անգամ եւրոպական միջամտութեանց շնորհիւ աքսորուեցաւ [[Պոլիս]]էն իր ընկերներով։ Անցաւ [[Եգիպտոս]] ու [[Յունաստան]]։ Բայց արդէն չէր կրնար հայրենիքէն հեռու մնալ։ Գնաց [[Թիֆլիս]], ուր նորակազմ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Դաշնակցութիւնը]] կը խմբէր գաղափարապաշտ հայ երիտասարդները՝ Դէպի Երկիր խումբեր կազմելով։ Մուրատ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան եւ ուղարկուեցաւ [[Կարս]]՝ հոնկէ Երկիր անցնելու համար։ [[1903]]ին իրականացաւ Մուրատի տարիներու երազը, երբ Թորգոմի առաջին խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր, մտաւ երկիր։
Տող 25.
[[1906]]ին վերադարձաւ [[Սասուն (արեւմտահայերէն)|Սասուն]], մասնակցեցաւ [[1907]]ի հերոսական կռիւներուն։ Եւ երբ ապստամբութեան աւարտին, կը մասնակցի Վիեննայի մէջ գումարուած [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Հ.Յ.Դ]]. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին։ Ժողովին ան դաշնակցական մարտիկներուն կամքը կը ներկայացնէր եւ ժողովի որոշումով, կ՚ուղղուի դէպի [[Պարսկաստան]]՝ իր պատասխանատու մասնակցութիւնը բերելու համար Սահմանադրական ուժերու կողքին Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան։

[[1908]]-ին, հռչակուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Մուրատ երկար ժամանակի համար վերադարձաւ [[Սեբաստիա (արեւմտահայերէն)|Սեբաստիա]]։ Բնաւ չհաւատաց Սահմանադրութեան եւ շարունակեց ժողովուրդի զինման եւ երիտասարդներու պատրաստութեան գործը։ [[1910]]ին, իր ընկերներու եւ շրջապատի ճնշման տակ, ամուսնացաւ՝ [[Դանիել Վարուժան (արեւմտահայերէն)|Դանիէլ Վարուժանի]] կնքահայրութեամբ (որ Մուրատի պաշտողներէն էր եւ անոր նուիրած է իր քերթուածներէն մէկը)։

Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին, երբ Իթթիհատական ոճրապետութիւնը ձեռնարկեց հայերու զինուորագրումին, Մուրատ ըմբոստացողներէն մէկը եղաւ՝ իր զինակցներով քաշուելով լեռները, որպէսզի ապստամբ հայերու պատրուակ չտայ թուրքերուն։ Ան ետքը Հարիւրաւոր գաղթական ժողովուրդի եւ զինեալ երիտասարդութեաան գլուխն անցած՝ Մուրատ դժուարին ճամբորդութիւն մը կատարեց, թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած առագաստանաւով, դէպի [[Պաթում]] (Մուրատի ոդիսականին պատմականը կատարած է [[Զապէլ Եսայեան]])։