«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (3) using AWB
Տող 33.
== Կենսագրութիւն ==
 
Բարսեղ Կանաչեան ծնած է [[1885]]-ին, [[Ռոտոսթօ]]։ Կօշկակարի մը զաւակ է։ Երեք տարեկանին կը մեկնի [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] եւ կը յաճախէ [[Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարան]]ը: 90-ական թուականներուն կը գաղթէ [[Պուլկարիա]] եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը։ [[Վառնա]]յի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու, աշակերտելով [[Մեծիկեան]]ի եւ պարսկահայ ջութակահար [[Նաթան բէկ Ամիրխանեան]]ի: Վառնայի մէջ կ՚աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւեւ գրագիր։ 1905-ին ընտանեօք կը փոխադրուի [[Պուքրէշ]], ուր ջութակի դասերը կը շարունակէ ռումանացի ջութակահար [[Ժորժ Պույուք]]ի քով։ Նկատելով Կանաչեանի ընդունակութիւնները, Պույուք անոր կը սորվեցնէ դաշնակ նուագել: Կ՚երգէ եկեղեցիներուն մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին: Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու:
Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»ը, ապա «Մասիս»ը: Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէն ներս: 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կ'անդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին լաւագոյն աշակերտներէն մէկը՝ 1913-էն [[1915]] :
 
Տող 39.
[[Պատկեր:Parsegh Ganachian With Gomidas and his friends.jpg|մինի|Բարսեղ Կանաչեան Կոմիտասի եւ ընկերներուն հետ]]
Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի [[Կոմիտաս վարդապետ]]ին եւ ներկայ կ՚ըլլայ անոր համերգին։ Մեծապէս ազդուած, խումբին կ՚անդամակցի իբրեւ «պաս»: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ՚ընտրէ իբրեւ սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ՚իջնէ 5-ի։ Ահա ասոնցմէ մէկն էր Կանաչեան։ Ա. Աշխարհամարտին կը զինուորագրուի եւ զինուորական նուագախումբին մէջ կը նուագէ մինչեւ որ կ՚աքսորուի [[Տիգրանակերտ]], ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի [[Հալէպ]], ուր գտնուած միջոցին զինադադար կը կնքուի։ Եղեռնէն վերապրած այլ մտաւորականներու հետ, Կանաչեան Հալէպի մէջ երիտասարդութիւնը իր շուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ, գաղթականներուն ի նպաստ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ»ը) երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ՚անցնի [[Կիլիկիա]], ուր համերգներ կու տայ, ապա կ՚երթայ Պոլիս։[[Պատկեր:An advertisement About Kousan.jpg|մինի|ձախից]]
[[Կոմիտաս Վարդապետ (արեւմտահայերէն)|Կոմիտաս]]ի սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «''Կոմիտաս Սանուց Միութիւն''»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը: Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն` «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներգի եւ խմբերգի համար:
 
Կոմիտասի սաները [[Փարիզ]] կը ղրկուին իրենց ուսումը կատարելագործելու համար։ Կանաչեան 1921-ին կը մեկնի ֆրանսական մայրաքաղաքը, ուր կը հետեւի երաժշտական բարձրագոյն ուսման հետեւելով [[Ռընէ Լընորման]]ի դասընթացքներուն։ Կանաչեան Փարիզէն կ՚անցնի [[Եգիպտոս]], ուր համերգներ կու տայ: Հոն կը գրէ «Տալիլօ»ն:
Տող 58.
 
== Պէյրութի մէջ ==
1936-ի վերջերը Պէյրութի մէջ Կանաչեանի աշակերտները կը կազմեն «Գուսան» երաժշտական միութիւնը<ref>[http://hamazkayin.org/faces.php?Lang=hy Ամսուան Դէմքը]</ref>, որ կ՚աջակցի Կանաչեանին վարչական գործերուն մէջ։ 1933-46 շրջանին Կանաչեան իր «Գուսան» երգչախումբով ամէն տարի կանոնաւոր կերպով տուած է մէկ կամ երկու մեծ համերգներ Պէյրութի մէջ, մէկ կամ երկու համերգներ Պէյրութի արուարձաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայաշատ կեդրոնները՝ Հալէպ, [[Պիթիաս]], [[Սօուք Օլուգ]], [[Դամասկոս (արեւմտահայերէն)|Դամասկոս]], [[Թրիփոլի]], [[Լաթաքիա]] եւ [[Զահլէ]] արժանանալով հայ եւ օտար հասարակութեան գնահատանքին։ Հայ եւ արաբ մամուլը բազմաթիւ սիւնակներ նուիրած է Կանաչեանի արուեստին եւ անոր միջոցաւ հայ ֆոլքլորին։ Կանաչեան նոյն ատեն երաժշտութեան ուսուցիչ եղած է Ս. Նշան Ազգ. վարժարանի եւ Հայ ճեմարանի մէջ։ Ունեցած է բազմաթիւ աշակերտներ՝ ջութակի, դաշնակի եւ հարմոնիի։
 
1945-ին կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը՝ աչքի ջիղերուն քայքայումին հետեւանքով։ Կը հաստատուի Պաղտատ, ուր կը մեռնի<ref>{{Գիրք:Հայերը Լիբանանի մէջ|Գ|175}}</ref>: