«Գրիգոր Նարեկացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: իբր → իբրեւ (2) using AWB
Չ →‎Տաղերը: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 75.
== Տաղերը ==
Նարեկացիէն պահպանուած են նաեւ շուրջ երկու տասնեակ տաղեր, որոնք իրենց բովանդակութեամբ կը կապուին գանձերուն հետ, որովհետեւ նուիրուած են եկեղեցական որոշ տօներու։ Նարեկացի տաղերուն մէջ արտայայտած է կրօնական տրամադրութիւններ եւ գաղափարներ՝ իրական կեանքէ քաղուած պատկերներով։ Այս ձեւով ան օտար բանաստեղծութենէն ընդօրինակած է աւանդական որոշակի ձեւեր եւ բանաստեղծութեան մէջ ներդրած է սեփական ընկալումներու շնորհիւ ինքնուրույն պատկերներ գործածելու սկզբունքը։ Տաղերուն մեծ մասը իրենց գաղափարական բովանդակութեամբ եւ արտայայտչական ձեւերով կ'արտացոլան Ժ. դարու հասարակական կեանքի տեղաշարժերը։ Ճիշդ է, տաղերուն մէջ մարդու ներաշխարհին, անոր խոհերուն ու ապրումներուն պատկերները դեռ այնքան խոր չեն, բայց «Մատեան ողբերգութեան» մէջ անոնք կը հասնին գերօրինակ ուժի ու բարձրութեան։ Գեղեցկութեան իտէալը սովորաբար կը մարմնաւորէ տիրամայրը։ Անոր ամենավառ արտայայտութիւններէն է «Տաղ Վարդավառի»-ն, որ հեղինակին լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն է։ Վարդի եւ շուշանի գոյնզգոյն ծաղիկներու պատկերներով հեղինակը կը նկարագրէ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան աւետարանական դրուագը։ Իր չափազանց հարուստ գիտելիքներու եւ անբասիր վարքին շնորհիւ Նարեկացի շուտով մեծ համբաւ կը շահի։ Անոր մասին կը հիւսուին զանազան աւանդութիւններ, որոնց մէկ մասը բանաւոր կամ գրական մշակումով մեզի հասած է։
«Տաղ Ծննդեան»-ին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ [[Աստուածածին]]ը իր ողջ գեղեցկութեան մէջ՝ նկարագրելով նոյնիսկ Աստուածածնին հանդերձանքը։ Եթէ մինչ այդ Աստուածածինը կը ներկայացուէր շարականներուն մէջ իբրեւեւ կանանց մէջ ամենագովելին եւ բարեխօս իր Որդւոյն առջեւ, ապա Նարեկացիի քով աւանդական այս մօտեցումը առաջինը ըլլալով փոխուած է։ Նարեկացիի արժէքաւոր ստեղծագործութիւններէն է նաեւ «Յարութեան տաղը»։ Այստեղ կը ներկայացուին, թէ ինչպէս [[Մասիս]]ի լանջէն կ'իջնէ սայլը, զոր քաշող սայլապանը կը նմանի [[Մովսէս Խորենացի|Խորենացի]]ի նկարագրած [[Հայկ Նահապետ (արեւմտահայերէն)|Հայկ նահապետ]]ին։
 
== Այլ ==