«Վիքթոր Հիւկօ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 26.
Հիւկոյի «Քրոմուէլ» (Cromwell) կտորը, որ գրուած է [[Ֆրանսական Յեղափոխութիւն|Ֆրանսական յեղափոխութեան]] հռչակաւոր դերասան Ֆրանսուա-ժոզէֆ Տալմայի համար, տպագրուած է 1827 -ին: Սակայն ստեղծագործութիւնը մեծ վէճեր կը յառաջացնէ: Թատերախաղին նախերգանքին մէջ հեղինակը կը հերքէ դասականութեան պայմանականութիւնները՝ յատկապէս տեղի եւ ժամանակի միասնութիւնը՝ ներմուծելով վիպական թատերախաղի նշոյլներ:
[[1829]]-ին լոյս կը տեսնեն «Մահուան Դատապարտուածի Վերջին Օրը» (Dernier Jour d’un condamné), իսկ 1834-ին «Քլոտ Կէօ» (Claude Gueux) ստեղծագործութիւնները: Այս երկու կարճ վէպերուն մէջ Հիւկօ կը ներկայացնէ իր բացասական վերաբերմունքը [[Մահապատիժ (արեւմտահայերէն)|մահապատիժ]]ի նկատմամբ:
 
«Փարիզի Աստուածամօր Տաճարը» վէպը տպագրուած է [[1831]]-ին: