«6-7 Սեպտեմբերի Դէպքեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Ստամբուլի ջարդեր}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (4) using AWB
Տող 1.
'''6-7 Սեպտեմբերի դէպքեր''' ({{Լեզու el|Σεπτεμβριανά}} Սեփթեմվրիանա), [[6 Սեպտեմբեր]] - [[7 Սեպտեմբեր]] [[1955 թուական|1955]]-ին [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մէջ պատահած եւ յոյներու ու առհասարակ երկրի փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ աւերի ու թալանի շարժում<ref name="YKY">"Rum azınlığa yönelik 6-7 Eylül terörü", ''Cumhuriyetin 75. Yılı'', Cilt 2 1954-1978, Yapı Kredi Kültür Sanat Yayıncılık, İstanbul, 1998, ISBN 975-363-937-6, s. 392.</ref>:
 
== Դէպքեր ==
Տող 5.
 
Կիպրացի թուրքերուն դէմ կատարուած ճնշումները 1955-ին կը գտնուէին Թուրքիոյ օրակարգի առաջին կարգին վրայ։ «Հիւրրիյեթ» թերթը, որ ամենէն ժողովրդականն էր այդ շրջանին, առաջին էջին վրայ կը գրէր, թէ Պոլսոյ յունական համայնքը հանգանակութիւն կը կատարէ եւ այդ գումարները կը փոխանցէ կիպրացի յոյներու ԷՆՈՍԻՍ զինեալ կազմակերպութեան<ref>http://taraf.com.tr/makale/7774.htm</ref>:
Արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւասուները երբ [[Լոնտոն]]ի մէջ կը շարունակէին իրենց բանակցութիւնները [[Կիպրոս (արեւմտահայերէն)|կիպրական]] նիւթին վերաբերեալ, 6 Սեպտեմբեր 1955-ին, ժամը 13։00-ին, ձայնասփիւռի լուրերով<ref name="Koçoğlu, Yahya 2001">[Koçoğlu, Yahya (2001). Azınlık Gençleri Anlatıyor. İstanbul: Metis Yayınları. ISBN 975-342-336-5 s.25-31 Azınlık Gençleri Anlatıyor]</ref> յայտարարուեցաւ, թէ Աթաթիւրքի [[Սալոնիկ (արեւմտահայերէն)|Սելանիկի]] տան մէջ ռումբ մը պայթած է։ (Սելանիկի համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժնի ուսանող Օքթայ Էնկին, որ ըստ պնդումներու ռմբակոծած էր Աթաթիւրքի տունը, աւելի վերջ դատապարտուած է ի բացակայութեան<ref>[http://yenisafak.com.tr/arsiv/2001/ocak/21/g4.html 6-7 Eylül Olaylarının önemli ismi Oktay Engin'in 21-22 Ocak 2001 tarihli Yeni Şafak gazetesi söyleşisi]-[http://yenisafak.com.tr/arsiv/2001/ocak/22/g5.html devamı] URL eşirim tarihi: 2 Ağustos 2009]</ref>: Օքթայ Էնկին 22 Փետրուար 1992-18 Սեպտեմբեր 1993 թուականներու միջեւ նշանակուած է Նեվշեհիրի կուսակալ)։
 
Ժողովրդավարական կուսակցութեան համախոհ «Իսթանպուլ Էքսփրես» թերթը, որու արտօնատէրն էր Միթհատ Փերին ու խմբագիրը՝ Կէօքշին Սիփահիօղլու<ref name="Koçoğlu, Yahya 2001"/>, երկրորդ հրատարակութիւն մը կատարած է նոյն օրը՝ «Մեր Աթային տունը ռմբակոծուեցաւ» խորագրով։ Թերթին տպաքանակը ընդհանրապէս 20 հազարի շուրջ էր, սակայն Սեպտեմբեր 6-ին հրատարակուած է 290 հազար տպաքանակով։ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան անդամները թերթը կը վաճառէին Պոլսոյ մէջ ու զայն կ՚օգտագործէին խուժանի հրահրելու նպատակով<ref name="Koçoğlu, Yahya 2001"/>:
Տող 41.
</blockquote>
 
Այս դէպքերէն ետք հազարաւոր յոյներ գաղթեցին [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիայէ]]։յէ։ Յոյն ազգաբնակչութեան նուազումին զուգահեռ, յոյներու տնտեսութեան մէջ ունեցած ազդեցութիւնն ալ տկարացած է եւ, ինչպէս պատահած է փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ նախորդ իրադարձութիւններու ալ ժամանակ, արագացած է թուրքերուն դրամագլուխին տէր ըլլալու ընթացքը։ Քանի մը հազար յոյներ ալ յատկապէս հաստատուած են Մերսին ու Թարսուս<ref>[http://www.scribd.com/doc/13116917/1955-Memoirs-Erkan-Kiraz Էրքան Քիրազին յուշատետրը] s.46</ref>: Հետզհետէ մնացեալ յոյներն ալ լքած են Պոլիսը։ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բնակչութեան փոխանակման արդիւնքին 1925-ին շուրջ 100 հազարի նուազած Պոլսոյ յոյն բնակիչներուն թիւը, 2006-ին իջած է մինչեւ 2․500 քաղաքացիի<ref>According to the Human Rights Watch the Greek population in Turkey is estimated at 2,500 in 2006. [http://home.att.net/~dimostenis/greektr.html "From “Denying Human Rights and Ethnic Identity” series of Human Rights Watch"] Human Rights Watch, 2 July 2006.</ref>:
 
''Խճանկար''ի այլաբանութիւնը յաճախ կը գործածուի ցոյց տալու համար Թուրքիոյ հասարակական բազմազանութիւնը։ Յղուելով այս այլաբանութեան, Նամըք Կետիք 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն առթիւ ըսած է․ ''«Խճանկարը ճաթեցաւ»''<ref>[http://www.milliyet.com.tr/----eylul-sancisi/ilber-ortayli/pazar/yazardetay/01.02.2009/1054009/default.htm Eylül 1955’in sancısı...] İlber ORTAYLI, Milliyet (13.08.2013)</ref>: