6-7 Սեպտեմբերի Դէպքեր
6-7 Սեպտեմբերի դէպքեր (յուն․՝ Σεπτεμβριανά Սեփթեմվրիանա), 6 Սեպտեմբեր - 7 Սեպտեմբեր 1955-ին Պոլսոյ մէջ պատահած եւ յոյներու ու առհասարակ երկիրին փոքրամասնութիւններուն ուղղուած աւերի ու թալանի շարժում[1]:
Դէպքեր
Խմբագրել1955-էն սկսեալ Ժողովրդավարական կուսակցութեան (1946) կազմած կառավարութիւնը տնտեսական հետզհետէ ծանրացող կացութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուէր։ Յատկապէս բարձր սղաճին պատճառով կորսնցուցած էր ժողովուրդին վստահութիւնը։ Կասկածելի միջոցներով կը փորձէր լռեցնել ընդդիմութիւնը, ինչ որ պատճառ կը դառնար, որ մամուլը, մտաւորականները եւ ուսանողները երես դարձնեն Ժողովրդավարական կուսակցութենէն[2]: Օրինակ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ զեկոյցին համաձայն, դէպքերէն 15 օր առաջ, ընդդիմութիւնը հսկողութեան տակ առնելու նպատակով, որոշուած էր 7 Սեպտեմբեր 1955-ին պարէտային ժամ հռչակել Պոլսոյ, Անքարայի ու Իզմիրի մէջ[2]: 1956-ին ընդդիմութիւնը ճնշելու նպատակով Մամլոյ եւ հաւաքներու մասին օրէնքին մէջ կատարուած սահմանափակումներն ալ մեծ մասամբ պատճառաբանուած են 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերով[2]: Վարչապետ Ատնան Մենտերեսի կառավարութեան սկզբնապէս փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ ազատական քաղաքականութիւնը հետզհետէ դժուարացող տնտեսական պայմաններուն զուգահեռ կը փոխուի եւ յարաբերութիւնները կը լարուին[2]:
1955-ին Կիպրացի թուրքերուն դէմ կատարուած ճնշումները Թուրքիոյ օրակարգին առաջին կէտն էր ։ «Հիւրրիյեթ» թերթը, որ ամէնէն ժողովրդականն էր այդ շրջանին, առաջին էջին վրայ կը գրէր, թէ Պոլսոյ յունական համայնքը հանգանակութիւն կը կատարէ եւ այդ գումարները կը փոխանցէ կիպրացի յոյներու ԷՆՈՍԻՍ զինեալ կազմակերպութեան[3]: Արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւասուները, երբ Լոնտոնի մէջ կը շարունակէին իրենց բանակցութիւնները կիպրական նիւթին վերաբերեալ, 6 Սեպտեմբեր 1955-ին, ժամը 13։00-ին, ձայնասփիւռի լուրերով[4] կը յայտարարուի, թէ Աթաթիւրքի Սելանիկի տան մէջ ռումբ մը պայթած է։ (Սելանիկի համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժինի ուսանող Օքթայ Էնկին, որ ըստ պնդումներու ռմբակոծած էր Աթաթիւրքին տունը, աւելի վերջ դատապարտուած է ի բացակայութեան[5]: Օքթայ Էնկին 22 Փետրուար 1992-18 Սեպտեմբեր 1993 թուականներուն միջեւ նշանակուած է Նեվշեհիրի կուսակալ)։
Ժողովրդավարական կուսակցութեան համախոհ «Իսթանպուլ Էքսփրես» թերթը, որուն արտօնատէրն էր Միթհատ Փերին, իսկ խմբագիրը՝ Կէօքշին Սիփահիօղլու[4], երկրորդ հրատարակութիւն մը կատարած է նոյն օրը՝ «Մեր Աթային տունը ռմբակոծուեցաւ» խորագիրով։ Թերթին տպաքանակը ընդհանրապէս 20 հազարի շուրջ էր, սակայն 6 Սեպտեմբերին հրատարակուած է 290 հազար տպաքանակով։ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան անդամները թերթը կը վաճառէին Պոլսոյ մէջ ու զայն կ՚օգտագործէին խուժանի հրահրելու նպատակով[4]:
Նոյն թիւին մէջ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան ընդհանուր քարտուղար Քամիլ Էօնալ գրած էր․ «Հաշիւ պիտի պահանջենք անոնցմէ, որոնք ձեռք կ'երկարեն սրբութիւններուն։ Որեւէ անպատեհութիւն չենք տեսներ այս մասին հրապարակաւ յայտարարելէ»[4]:
«Կիպրոսը թուրք է» միութեան[2] նախաձեռնութեամբ եւ երիտասարդական այլ կազմակերպութիւններու, արհեստի միութիւններու, Ժողովրդավարական կուսակցութեան[2], պաշտօնական կամ անպաշտօն մարմիններու թելադրանքով ու խրախոյսով բնիկ հասարակութիւնը եւ այլ վայրերէ քաղաք բերուած զանգուածները 6 Սեպտեմբերի երեկոյեան կ'իրականացնեն աւերումի, քանդումի ու թալանի գործողութիւն մը, որ աննախադէպ էր Թուրքիոյ հանրապետական շրջանին պատմութեան մէջ։
Առաջին յարձակումը կը կատարուի ժամը 19։00-ի շուրջ, Շիշլիի «Հայլայֆ» ծաղարանին վրայ[6]: Այնուհետեւ ստուարացող խուժանը անցնելով Քումքափու, Սամաթիա, Ետիքուլէ, Պէյօղլու եւ այլ բազմաթիւ թաղերէ, ուր հաւաքաբար կը բնակէին փոքրամասնութիւնները, կը սկսի յարձակիլ ու թալանել նախ յոյներու, ապա հայերու, հրեաներու, նոյնիսկ սխալմամբ քանի մը թուրքերու պատկանող խանութները։ Պոլսոյ յոյն համայնքին տուներուն, գործատեղիներուն ու աղօթատեղիներուն ուղղեալ այս յարձակումներուն ընթացքին ոստիկանութիւնը կը բռնէ կրաւորական դիրք մը։ Քաղաքին մէջ յատուկ ինքնաշարժներով եւ բեռնակարքերով, ինչպէս նաեւ հանրաշարժներով եւ նաւերով կը փոխադրուին 20-30 հոգինոց կազմակերպեալ խումբերը, որոնք նախապէս գիտէին յոյն քաղաքացիներուն հասցէները։ Մինչեւ 7 Սեպտեմբերի առտուն կը շարունակուին յարձակումները, որոնց իբրեւ արդիւնք, աւերի կ'ենթարկուին աւելի քան 5000 շէնք, ներառեալ եկեղեցիներն ու սինակոկները, միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ ապրանք փողոց կը նետուի ու կը թալանուի[4]:
Պոլսոյ մէջ ամէնուր թալանը կը կատարուի նոյն ձեւով։ Յարձակողները նախ քարկոծելով կը քանդեն փեղկերը, երկաթեայ ձողերը կը բանան յատուկ սարքերու օգնութեամբ, ապա ներսը գտնուող ապրանքը եւ մեքենաները դուրս կը հանեն ու ջարդուփշուր կ'ընեն։
Եկեղեցիներն ու գերեզմանատուները այս բոլորէն կը ստանան իրենց բաժինը։ Եկեղեցիներու սրբապատկերները, խաչերը եւ այլ սպասներ կ'աւերուին։ Կը հրկիզուին Պոլսոյ 73 յունական եկեղեցիները։
Իզմիթէն ու Ատափազարէն եկած աւարառուները երբ վերադառնալու նպատակով կը հասնին Հայտարփաշայի կայարանը, կը ձերբակալուին իրենց թալանած ապրանքներով։ Կը բացայայատուի, որ կողոպտիչներուն մեծ մասը բերուած էր այլ քաղաքներէ (ինչպէս՝ Սիվասէն 145, Տրապիզոնէն 117, Քասթամոնուէն 116 եւ Էրզինճանէն 111 հոգի)[7][8]։
Վնասներ
ԽմբագրելԸստ թրքական մամուլին՝ 11, կարգ մը յունական աղբիւրներու համաձայն ալ 15 հոգի[9] սպաննուած էր։ «Սապանճը» համալսարանի դասախօս տքթ․ Տիլեք Կիւվենի «Սապահ» թերթին տուած հարցազրոյցին համաձայն, մահացողներուն թիւը քիչ էր՝ մահեր չպատճառելու ուղղութեամբ հրոսախումբերուն տրուած հրահանգին պատճառով։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու 30, իսկ ըստ անպաշտօն տուեալներու՝ 300 անձ վիրաւորուած էր։ Ըստ Կիւվենի, բռնաբարութեան ենթարկուած կանանց թիւը, որ պաշտօնական տուեալներով 60 էր, կ'ենթադրուի, որ շուրջ 400 էր, սակայն այդ կիները չեն ուզած խօսիլ այդ մասին՝ վախի կամ ամօթի զգացումէն դրդուած[10]:
Յարձակումի ենթարկուած են 4,214 բնակարան, 1,004 գործատեղի, 73 եկեղեցի, սինակոկ մը, երկու վանք, 26 դպրոց, գործարաններ, պանդոկներ եւ գինետուներ, թիւով՝ 5317[2]:
Կը կարծուի, թէ նիւթական վնասը այդ օրուան արժէքով կազմած է 150 միլիոն-1 միլիառ թրքական լիրա[11]: Ժողովրդավարական կուսակցութեան կառավարութիւնը շուրջ 60 միլիոն լիրա հատուցում վճարած է անոնց, որոնք հաստատած են իրենց կրած վնասը[2]:
Շրջանի մամուլին համաձայն, «բուն յանցագործները յոյներն են, որոնք գրգռած են թուրքերը»։ Յարձակումի ենթարկուած գործատեղիներէն միայն 59 առ հարիւրը կը պատկանէր յոյներուն, իսկ մնացեալ վայրերը՝ 17 առ հարիւրը հայերուն, 12 առ հարիւրը հրեաներուն, նոյնիսկ դաւանափոխերուն եւ իսլամացած սպիտակ-ռուսերուն։ Այս պարագան իսկ կու գայ հաստատելու, թէ կատարուածը կիպրական իրադարձութիւններուն հետեւանքով յոյներուն ուղղեալ փոքր վրէժ մը չէր միայն։
Վաղորդայնը
ԽմբագրելՎարչապետ Ատնան Մենտերես, որ դէպքերուն սկսած ժամերուն Պոլիս կը գտնուէր, երբ վիճակը կը վատթարանայ՝ կը կանչուի Սափանճա, ու պարէտային ժամ կը հռչակուի։ Կը ձերբակալուի 3,151 հոգի։ Աւելի ուշ այդ թիւը կը բարձրանայ 5,104-ի[4]:
10 Սեպտեմբեր 1955-ին կը հրաժարի Ներքին գործոց նախարար Նամըք Կետիք։ Սկզբնական շրջանին հետաքննութիւնը կը խստանայ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն շուրջ։ Առաջին հարցաքննութիւններն ու դատավարութիւնները կը կատարուէին պարէտային ժամի դատախազներուն կողմէ։ Ժողովրդավարական կուսակցութեան անկումէն ետք սակայն կ'ամբաստանուին համայնավարները[2]: Դատ կը բացուի Ազիզ Նեսինի, Նիհատ Սարկընի, Քեմալ Թահիրի, Ասըմ Պեզիրճիի, Հասան Իզզետտին Տինամոյի եւ Հուլուսի Տոստողրուի նման համայնավար գործիչներու եւ մահացած չորս համայնավարներու դէմ։ Դատերու աւարտին ամբաստանեալները անպարտ կը հռչակուին եւ անոնցմէ շատեր ազատ կ'արձակուին Դեկտեմբեր 1955-ին։ Կարճ միջոցէ մը ետք «Կիպրոսը թուրք է» կազմակերպութիւնը կը փակուի[4]: 27 Մայիս 1960-ի պետական հարուածէն ետք, զինուորականներուն կազմակերպած Եասսըատայի դատավարութիւններուն ընթացքին, կ'ըսուի, թէ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը իրենց հունէն դուրս ելած են Ժողովրդավարական կուսակցութեան վարչապետ Ատնան Մենտերեսի սադրանքով։ Զինուորականներուն դատարանը այդ դէպքերուն պատճառով եւս կը դատապարտէ Ժողովրդավարական կուսակցութեան վարչութիւնը։
Ըստ տօքթ․ Տիլեք Կիւվենի՝[10]
«Կիպրոսը թուրք է» միութեան նախագահ Հիքմեթ Պիլ եւ անդամները կը բանտարկուին։ Սակայն երբ կը յայտարարեն, թէ «կամ մեզ ազատ արձակեցէք եւ կամ կը բացայայտենք շարք մը գաղտնիքներ»՝ ազատ կ'արձակուին։ Դէպքերը կը վերագրուին ժողովուրդին։ Որովհետեւ դատարանին մէջ կ'ըսուի, թէ թուրք ժողովուրդը կը գրգռուի ու դէպքերը կը պատահին։ Ոչ ոք կը պատժուի։ Երկրորդ դատը Եասսըատան էր։ Կը դատուին Մենտերեսն ու կառավարութեան անդամները։ Այդ դատավարութեան ընթացքին ալ դէպքերը կը վերագրուին միայն կառավարութեան։ Մենտերես քանիցս կը պահանջէ, որ ազգային անվտանգութեան մարմինին նախագահը հրաւիրուի դատարան։ Սակայն միշտ կը մերժուի։ Իրադարձութիւնները չեն լուսաբանուիր։
Այս դէպքերէն ետք հազարաւոր յոյներ կը գաղթեն Թուրքիայէն։ Յոյն ազգաբնակչութեան նուազումին զուգահեռ, յոյներու տնտեսութեան մէջ ունեցած ազդեցութիւնն ալ կը տկարանայ եւ, ինչպէս պատահած է փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ նախորդ իրադարձութիւններուն ալ ատեն, կ'արագանայ թուրքերուն դրամագլուխին տէր ըլլալու ընթացքը։ Քանի մը հազար յոյներ ալ յատկապէս կը հաստատուին Մերսին ու Թարսուս[12]: Հետզհետէ մնացեալ յոյներ ալ կը լքեն Պոլիսը։ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բնակչութեան փոխանակման իբրեւ արդիւնք՝ 1925-ին շուրջ 100 հազարի նուազած Պոլսոյ յոյն բնակիչներուն թիւը, 2006-ին կը հասնի 2,500 քաղաքացիի[13]:
Խճանկարի այլաբանութիւնը յաճախ կը գործածուի ցոյց տալու համար Թուրքիոյ հասարակական բազմազանութիւնը։ Նամըք Կետիք 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն առթիւ կ'ըսէ․ «Խճանկարը կը ճաթի»[14]:
6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերը պատճառ կը դառնան, որ յոյները զանգուածային կերպով հեռանան երկիրէն։ Պատահարները փոքրամասնութիւններուն համար դարձած էին ապացոյց մը, թէ ընդունուած են իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի։ Անոնք, յատկապէս յոյները, որոշած էին գաղթել արտասահման, մտածելով թէ անկախ երկիրը ղեկավարող կուսակցութենէն, ապագային նոյնպէս պիտի ենթարկուին խտրականութեան։ Անոնք իրենք զիրենք ապահով չէին զգար։ Դարեր շարունակ այս հողերուն վրայ բնակող Պոլսոյ ոչ-իսլամ բնիկները՝ հարկադրուած էին լքելու իրենց հայրենիքն ու տունը։ Դէպքերը, զորս չէր ընդունած կառավարութիւնը այդ օրերուն, 1998-ին կ'ընդունուին՝ խորհրդարանին յղուած առաջարկով մը։ Կառավարութիւնը սակայն չ'ընդունիր վճարել 70 հազար արժող հատուցումը[15]:
6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն ընթացքին արտակարգ դրութիւնը հսկող մարմինին անդամակցող Սապրի Եիրմիպեշլօղու, որ 1988-1990 թուականներուն եղած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, լրագրող Ֆաթիհ Կիւլլափօղլուի հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն մասին յայտարարած է հետեւեալը․
6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը եւ հայերը
Խմբագրել6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն հետեւանքով յոյն համայնքին հետ միասին նիւթական մեծ կորուստներ կը կրեն նաեւ հայերը։ Յարձակման կ'ենթարկուին 1004 տուն, որոնցմէ 150-ը` հայկական, 4214 խանութ-արհեստանոց, որոնցմէ 900-ը` հայկական։ Ուշագրաւ է, որ Պոլսոյ մէջ պատահած իրադարձութիւններուն տագնապը հասած էր նաեւ գաւառահայութեան։ Այդ տարիներուն Ամասիայի Կիւմիւշհաճըգիւղին մէջ բնակող հայ մը կը յիշէ, որ Պոլսոյ դէպքերէն ահաբեկուած մայրը փակ կը պահէր տան դուռը, քանի որ փողոցներուն մէջ շարունակ հակայունական ու հակահայկական կոչեր կը հնչէին[16]:
Արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի գլուխ-գործոցը՝ «Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպը, 1970-ականներուն հրատարակուած իբրեւ թերթօն, կը նկարագրէ պոլսահայութիւնը իրեն ենթարկող մթնոլորտին մասին՝ Ունեւորութեան տուրքին ու 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն մասին։
Պոլսահայ արձակագիր ու հրապարակախօս Ռոպէր Հատտեճեան գրելով այս օրերուն մասին, կ՚ըսէ․ «6-7 Սեպտեմբերի պատկերը մղձաւանջ մըն է ինծի համար։ Անիկա թուական մըն է, որ անտեսանելի կերպով արձանագրուած է կեանքիս օրացոյցին մէջ։ Երբեմն ես ինծի կ'ըսեմ. երանի, թէ օրացոյցը 5 Սեպտեմբերէն ուղղակի ցատկէ դէպի 8 Սեպտեմբեր, եւ մղձաւանջը չկարենայ արթննալ այս անգամ։ Բայց ի զուր։ Օրացոյցին վրայ այս երկու թուականները ամէն տարի պիտի յայտնուին անգամ մը»[17]:
Մատենագիտութիւն
Խմբագրել- Pogrom against Greek Society of Istanbul Resimler, bilgiler ve ilgili detaylar, Türkiyedeki Rumları bağımsız portalı
- Fahri Çoker: 6-7 Eylül Olayları: Fotoğraflar - Belgeler. Fahri Çoker Arşivi. Istanbul, 2005, ISBN 975-333-197-5.
- Dilek Güven: 6-7 Eylül Olayları. Istanbul, 2005, ISBN 975-333-196-7.
- Vasilis Kiratzopulos: Kayıt Olunmamış Soykırım: İstanbul Eylül 1955 Archived 2010-03-17 at the Wayback Machine., Çeviren: Sonya Özzakar, Pencere Yayınları, Ekim 2009, ISBN 978-605-4049-30-1.
- Tarih Vakfı: “6-7 Eylül 1955” 50 Yıl Sonra!
- Radikal: 6-7 Eylül Olayları.
- Zaman: 6-7 Eylül, Devletin-muhteşem örgütlenmesi.
- G. Gürkan Öztan, "Milli Hassasiyetler ve Utanç", Radikal.
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ "Rum azınlığa yönelik 6-7 Eylül terörü", Cumhuriyetin 75. Yılı, Cilt 2 1954-1978, Yapı Kredi Kültür Sanat Yayıncılık, İstanbul, 1998, ISBN 975-363-937-6, s. 392.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 2,7 2,8 '6-7 Eylül Olayları (1)' 6 Eylül 2005 tarihli Radikal gazetesi URL erişim tarihi: 29 Haziran 2008
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-10-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-21
- ↑ 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 4,6 [Koçoğlu, Yahya (2001). Azınlık Gençleri Anlatıyor. İstanbul: Metis Yayınları. ISBN 975-342-336-5 s.25-31 Azınlık Gençleri Anlatıyor]
- ↑ 6-7 Eylül Olaylarının önemli ismi Oktay Engin'in 21-22 Ocak 2001 tarihli Yeni Şafak gazetesi söyleşisi-devamı URL eşirim tarihi: 2 Ağustos 2009]
- ↑ 6-7 Eylül 1955'i Basın Nasıl Gördü?
- ↑ Թոշակառու դատաւոր ծովակալ Ֆահրի Չոքէրի կողմէ Պատմութեան հիմնարկին յանձնուած փաստաթուղթերուն թուանշանները
- ↑ ADNAN MENDERES, Bir Başbakanın Trajik Sonu - Ergün Ataoğlu
- ↑ քանի մը անձեր, որոնց մասին ըսուած է թէ մահացած են, աւելի վերջ յայտնի դարձած է որ կը բնակին Յունաստանի մէջ
- ↑ 10,0 10,1 "400 Kadına Tecavüz Edildi’", Sabah gazetesi, URL elişim tarihi: 26 Eylül 2009
- ↑ Sermayenin Türkleştirilmesi - Suat Çetinoğlu
- ↑ Էրքան Քիրազին յուշատետրը Archived 2009-07-14 at the Wayback Machine. s.46
- ↑ According to the Human Rights Watch the Greek population in Turkey is estimated at 2,500 in 2006. "From “Denying Human Rights and Ethnic Identity” series of Human Rights Watch" Human Rights Watch, 2 July 2006.
- ↑ Eylül 1955’in sancısı... İlber ORTAYLI, Milliyet (13.08.2013)
- ↑ Varlık Vergisi ile başladı 6-7 Eylül ile tamamlandı
- ↑ «1955 թ. սեպտեմբերի 6-7-ի դեպքերը եւ ոչ մուսուլման փոքրամասնությունները Թուրքիայում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-03-15-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-22
- ↑ Օրացոյցիս վրայ երկու թուականներ[permanent dead link]
Նիւթին վերաբերող գիրքեր
Խմբագրել- Մրջիւններու վերջալոյսը, Զաւէն Պիպեռեան
- Son Eylül
- Salkım Salkım Asılacak Adamlar
- Beyoğlu'nun En Güzel Abisi
- Bir Yerde Bir Gül Ağlar
- Elenika
- Kurtarılmış Haziran
Նիւթին վերաբերող ժապաւէններ
Խմբագրել- Bir Tutam Baharat
- Güz Sancısı