«Յարութիւն Յովակիմեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, removed: {{ԱՀ}} using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: 0ի → 0-ի, 5ի → 5-ի using AWB
Տող 1.
'''Յարութիւն Յովակիմեան''' (1885, [[Հաճըն]] - 1957), :
 
Նախնական դաստիարսւկութիւնը ստացած է Հաճնոյ Ս. Թորոս Եկեղեցւոյ Ծխական վարժարանէն,ապա շարունակած է հօր՝ Յովակիմի,արհեստը՝ հիւսնութիւն: Ամուսնացած է [[1908]] [[Փետրուար 21]] ին: [[1909]]ին մտած է ՍԴձ Կուսակցութեսւն շարքերը ,Հաճնոյ մէջ, Մեծն Մուրատի ներկայութեան:[[1915]]ի սկիզբները , թուրք բռնակալութեան արտակարգ ճնշումներուն տակ անշնչելի դարձած ըլլալով հայաքաղաք Հաձնոյ մթնոլորտը , անցած է նախ Սիս, ապա Պոգանթի,ուր զինուոր արձանացգրուած է «Տաքէսեան» ազգանունը փոխելով «Յովակիմեան»ի:3 Յունիս 1915ին1915-ին սկսած հաճնոյ բռնի տեղահանութեամբ հեռանալէ ետք հաճընէն, Զինադադարին, ինք ալ բազմահազար հաճընցիներու կարգին կը վերադառնայ պապենական Հաճըն, ուր տարի մը կը ստանձնէ ոստիկան զօրաց սերժանի պաշտօնը:21 Փետրուար 1920ին1920-ին կը վիրաւորուի, երբ կ'ընկերակցէր Հաճնոյ հայ առաքելականներու հոգեւոր առաջնորդ [[Գէորգ Սարաճեան]] եպիսկոպոսէն (յետագային կաթողիկոս) եւ Հաճնոյ հայ աւետարանականներու վեր. 3. Խաչատուրեանէն, եւ Շմաւոն Փոսթոյեանէ բաղկացած պատուիրակութեան:Պատուիրակութիւնը կ՚ուղղուէր Սիս «հայաքաղաքի ինքեապաշտպանութիւնը զօրացնելու նպատակով ֆրանսական իշխանութիւններէն զինուորական օզնութիւն խնդրելռւ համար»:
 
Հաճնոյ ինքնապաշտպանական մարտերուն կորսնցուցսւծ ըլլալով ընտանիքը ան կը վերամուսնանայ [[21 Փետրուար]] 1925-ին ու կր հաստատուի Լիբանան, [[Պէյրութ]]էն շուրջ 60 քլմ. արեւելբ ղտնուող Զահլէ ամառանոցային քաղաքը եւ կը հիմնէ իր «Լիբանան» պանդոկը՝ լիբանահայ ատենի մեծամեծներու հանգստավայրը։Ականատեսներ կը վկայեն թէ Յովսւկիմեան պանդոկ ժամանող երէց հաճընցիներ կը խօսեցնէր, անոնցմէ քաղելով պապենական Հաճընի մասին տեդեկութիւններ ու տուեալներ: