«Իսքէնտէր Աբգարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎top: clean up, replaced: 6]]ի → 6]]-ի using AWB
Տող 4.
Այս չէ լոկ։ Իր հիանալի յատկութիւնները հոս չեն վերջանար։ Հանճարեղ գրագէտ մը ըլլալով հանդերձ, հմուտ փիլիսոփայ մը, խոհեմ քաղաքագէտ մըն էր ''Իսքէնտէր աղա Աբգարիոս պին եաղուպ աղա պին Աբգար էլ Էրմէնի:'' Ահա այս է իր անունը։ Ինչպէս գիսաւոր մը լուսաճաճանչ՝ ժամանակի անջրպետին մէջէն կը սուրայ առանց շիջելու, իր մեծղի եւ փառահեղ իրանը յաղթականօրէն պտտցնելէն, նոյնպէս Իսքէնտէր Աբգարիոս իր դափնեզարդ անուան հետ կամաւոր տարած է նաեւ իր ցեղի-Հայութեան-անունը, մտցնելով զայն արաբական մատենագրութեան հոյակապ էջերէն ներս։ Պատիւ սեպած է իր հայու ծագում ունենալուն հանգամանքը, պարագայ մը. զոր, ինչպէս պիտի տեսնենք, իր որդին [[Ուատի Աբգարիոս]], հպարտութեամբ յայտնած է այս տողերը գրողին։ Նոյն գաղափարի տէր էր նաեւ իր որդին, որ դժբախտաբար քանի մը տարի առաջ վախճանեցաւ։ Կ'արժէ մասնաւոր ուշադրութեամբ կարդալ անոր հետեւեալ խօսքերը, զորս ինծի ըսաւ տարիներ առաջ.«Տղաս, մենք հայ ենք եւ այս մեզի համար պատիւ կը համարենք: Այս ճշմարտութիւնը կը յայտարարենք ոչ թէ հիմա, այլ թուականէս 75 տարի առաջ հայրս իր հեղինակութիւններուն ճակատը հպարտութեամբ կը գրէր իր հայ ըլլալը»:
 
Իսքէնտէր առաջին մանչ զաւակն է կարգաթող [[Յակոբ Եպիտկոպոս Լիւստրացի]]ին եւ ծնած՝ [[1826]]-ին այժմու Սբ. Նշան եկեղեցիին շրջափակին մէջ, որ ինչպէս նախապէս ըսինք, Յակոբ Աբգարեանի (Լիւստրացի) բնակարանն էր եւ որու մահէն յետոյ [[Երուսաղէմ]] գացող հայ ուխտաւորներու համար մատուռի վերածուեցաւ Երուսաղէմի պատրիարքներէն Յովհաննէսի կողմէ։
 
Յակոբի կենսագրութեան մէջ ըսինք թէ ինչպէս իր Աբգարեան մականունը փոխուած է Աբգարիոսի։ կու տանք ուրիշ կարծիք մը նաեւ Աբգարեանի Աբգարիոսի փոխուելուն մասին, որ շատ յատկանշական է եւ անգամ մը եւս կը փաստէ Իսքէնտէրի տաղանդաւոր բանաստեղծ մը ըլլալու պարագան։