«Սանասարեան Վարժարան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Removing Sanasarian_05.jpg, it has been deleted from Commons by Ellin Beltz because: Copyright violation; see Commons:Licensing --!s.
Չ clean up, replaced: 3ի → 3-ի, 5ի → 5-ի, 6ի → 6-ի using AWB
Տող 9.
[[Մկրտիչ Սանասարեան]]ի թողած կտակը կ՚ ապահովէր վարժարանին գոյութիւնը: Կտակակատարներէն [[Կարապետ Եզեան]]ց պատրաստեց նոր կանոնագրութիւն մը ու ուսման շրջանը վերածուեցաւ եօթը տարիի: Սոյն կանոնագրութեան համաձայն վարժարան մտնել ուզող աշակերտները պատք է գիտնային հայերէն կարդալ, ընթեռնելի կերպով գրել, քերականութեան մասունք բանին սորված ըլլալ, շարադրութիւն մը առանց ուղղագրական խոշոր սխալներու գրել եւ թուաբանութեան չորս գործողութիւնները լաւ կերպով կատարել:
 
1892էն յետոյ յատկացուեցաւ գումար մը ուսուցիչներ պատրաստելու Սանասարեան վարժարանին համար: 1906ին1906-ին վարժարանին կից բացուեցաւ երկամեայ դասընթացքով վարժապետանոց-ուսուցչանոց մը, որու նպատակը ուսուցիչ եւ ուսուցչուհի պատրաստելն էր հայկական գաւառներու համար: Ըստ կտակի վարժարանին մէջ պէտք է ուսանէին առնուազն 30 ձրիավարժ Սանասարեան Սաներ: 1882-83 տարեշրջանէն սկսեալ տեղի ունեցան հրապարակային քննութիւններ, որոնց ներկայ կը գտնուէին Կարնոյ առաջնորդը, Մաարիֆի ներկայացուցիչներ, քաղաքային եւ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հիւպատոսական մարմնի ներկայացուցիչներ, Գաւառական Ժողովներու անդամներ, աշակերտներու ծնողքներ եւ հայ ու օտար ունկնդիրներ: Եզեանցի վերապահուած իրաւասութենէ զատ, վարժարանը ունեցաւ հետեւեալ վարիչ մարմինները:
 
=== Պոլսոյ Խնամակալութիւնը ===
Տող 23.
Կը բաղկանայ վարժարանին բարձրագոյն երեք դասարաններուն գիտութեանց եւ լեզուներու ուսուցիչներէ, ատենապետութեամբ վերատեսուչին: Մասնաժողովին պաշտօնն է, որոշել դասաւանդուելիք ուսմանց նիւթերն ու արհեստները, կազմել անոնց մանրամասն ծրագիրը, ընտրել դասագիրքերը եւլն.:
 
Ուսումնական բաժնէն զատ մասնաւոր խնամք տարուած է նաեւ վարժարանին արհեստական բաժնին, որուն ընթացքը չորս տարի որոշուած էր: Արհեստի հետեւող տղաքը երկու տեսակ էին եւ օրական մէկ երկու ժամ կը յատկացնէին արհեստ սորվելու եւ անոնք որոնք միայն արհեստ կը սորվէին: Մինչեւ 1901 արհեստանոցը ունեցաւ 16 շրջանաւարտներ: Ասոնցմէ կազմարարները զբաղեցան վարժարանին գիրքերը կազմելով: 1892-93ին93-ին արհեստաւոր ցերեկեայ աշակերտներուն յատուկ կարգադրութիւն մը ըրաւ հոգաբարձութիւնը, ըստ որուն աշակերտներուն նուիրել որոշեց վաճառելի ապրանքներու զուտ շահին %25ը, որ պէտք էր յանձնուէր աշակերտին, իր արհեստագիտական ուսման ընթացքը աւարտած ժամանակ:
 
Իր գոյութեան 34 տարիներուն ընթացքին Սանասարեան Վարժարանը տուած է 1000էն աւելի ընթացաւարտներ: 1915ին1915-ին աւերուած է Սանասարեանը:
 
== Կեդրոնական - Սանասարեան ==