«Օսմանեան Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 16.
Մուրատ Ա.ի եւ Պայազիտ Ա.ի որով (ԺԴ. Դարու վերջը) օսմանցի թուրքերը գրաւեցին Էտիրնէն, յոյներու դէմ մղուած կռիւէ մը ետք, եւ հոն փոխադրեցին իրենց մայրաքաղաքը: Այնուհետեւ անջատաբար ճզմեցին Պալքաններու սլաւ ժողովուրդները (պուլկաներ եւ սերպեր):
ԺԵ. դարու սկիզբը սկիզբը Պայազիտ Ա. Կը պատրաստուէր յարձակելու Պոլսոյ վրայ, երբ տեղի ունեցաւ, Լենկթիմուրի գլխաւորութեամբ, մոնկոլական երկրորդ մեծ արշաւանքը: Ինչպէս յիշեցինք, Պայազիտ Ա. Իր բանակով դէմը ելաւ Լենկթիմուրի, որ Հայաստանէն կու գար, իր անցքին վրայ ամէն ինչ բնաջնջելով: երկու բանակներուն ճակատամարտը, օսմանցի թուրքերունը Պայյազիտի եւ մոնկոլներունը Լենկթիմուրի հրամանատարութեան տակ, տեղի ունեցաւ Անգարայի մէջ (1402) եւ վերջացաւ թրքական բանակի պարտութեամբ: Պայազիտ Ա. Գերի ինկաւ: Լենկթիմուրի, ինչպէս ծանոթ է, ուղղուեցաւ դէպի արեւելք եւ ճամբան մեռաւ : իր կայսրութիւնը անդամահատուեցաւ: Իր արկածախնդրութիւնը այն հետեւանքը ունեցաւ սակայն, որ Պոլսոյ անկումը յիսուն տարի ուշացուց:
Մոհամէտ Ա. Եւ Մուրատ Բ., Պայազիտի յաջորդները, շատ չանցած կրցան վերահաստատել օսմաեան պետութիւնը եւ շարունակել անոր տարածումը: Մուրատ Բ., Պոլիսը գրաւելու ապարդիւն փորձէ մը ետք, հունգարացիները ջախջախեց վառնայի մէջ (1444), ապա գրաւեց Պոսնիան:Այսուհանդերձ Ալպանիոյ մէջ օսմանցի թուրքերը բախեցան լեռնային այս ժողովուրդի սքանչելի մէկ դիմադրութեան, ղեկավարուած իրենց ազգային մեծ հերոսին՝ Սքանտէր պէկի կողմէ: Ան մեծցած էր սուլթան Մուրատ Բ.ի պալատին մէջ, իսլամական կրօնքով: իր երկիրը դառնալով՝ան վերադարձաւ իր հայրերու կրօնքին, անցաւ իր ժողովուրդին գլուխը եւ կրցաւ դէմ դնել թրքական ուժերուն: Օսմանցիները անոր մահէն ետք միայն յաջողեցան տիրել Ալպանիոյ, 1467ին1467-ին:
Մուրատ Բ.ի որին եւ յաջորդը Մոհամէտ Բ. Ուզեց աւարտել իր նախորդներուն սկսած գործը՝ գրաւելով Պոլիսը: 1453 Մայիս 29ին29-ին, 200.000 հոգինոց բանակով մը եւ երկու ամիս տեւող յիշատակելի պաշարումէ մը ետք ան գրաւեց Պոլիսը: Բիւզանդական փոքր բանակը, լքուած իրենց ճակատագրին, հերոսական դիմադրութիւն մը ցոյց տուին, փրկելով գէթ իրենց պատիւը:
 
== Աղբիւրներ ==