«Ծերենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 9.
==Երկերը==
 
Ծերենցի երկերը պատմական վէպեր են հրատարակուած՝ առանձին երեք հատորներով, որոնք ժամանակագրական կարգով հետեւեալներն են:- 1.-ԹՈՐՈՍ ԼԵՒՈՆԻ 2.-ԵՐԿՈՒՆՔ Թ. ԴԱՐՈՒ 3.-ԹԷՈԹՈՐՈՍԹԷՈԴՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ
 
ԹՈՐՈՍ ԼԵՒՈՆԻ: - Ցարդ առանձին հատորով «Թորոս Լեւոնի» վէպը արժանացած է ութ հրատարակութիւններու: Իսկ 1957-ին Սովետական Հայաստանի Հայպետհրատի կողմէ լոյս տեսաւ Ծերենցի ամբողջական գործերուն մի հատորեակը՝ ((Երկեր )) ընդհանուր խորագրով: «Թորոս Լեւոնի» վէպը կը ներկայացնէ ԺԲ. Դարու Կիլիկիոյ ազատագրութեան համար Բիւզանդական տիրապետութեան դէմ հայ ժողովուրդին մղած պայքարը: «Թորոս Լեւոնի»ն հայ իրականութեան մէջ, առաջին պատմական վէպն է, եթէ նկատի չունենանք Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, որ գլխաւորապէս կը վերապրեցնէ ժամանակի իրադարձութիւնները: Այս գիրքը Ծերենցի յաջողագոյն ստեղծագործութիւնն է: Վէպին յատկանիշը պէտք է որոնել պատմական անցեալով ժամանակակից հրատապ խնդիրներուն ծառայեցնելու իր ձգտումին մէջ: Անոր գործին հիմնական խարիսխը ժողովուրդն է: Վէպին մէջ ցոյց կը տրուի Ռուբինեանց հարստութեան կործանումէն ետք Կ. Պոլիս գերի տարուած Լեւոն Ա.-ի եւ իր երկու զաւակներուն՝ Ռուբէնի եւ Թորոսի բանտարկութիւնը, յետոյ՝ Ռուբէնի սպանութիւնը յոյներու կողմէ: Վէպին սկիզբէն մենք կը հանդիպինք Թորոսին՝ Բիւզանդիոնի կայսր՝ Կամնենոսի պալատին մէջ, ուր ինքզինք յիմար կը ձեւացնէ պալատականներուն ուշադրութիւնը վրիպեցնելու համար իր անձին եւ իր մտերիմներուն օգնութեամբ Թորոս իշխանին փախուստը բանտէն եւ անցքը Կիպրոս ուրկէ կ'անցնի Կիլիկիա, ուր բիւզանդացիներու դէմ յաղթական քանի մը ճակատամարտներէ ետք, կը յաջողի գրաւել յունական բերդերը եւ համաժողովրդային վստահութիւն շահելով կը հաստատէ Կիլիկիոյ անկախութիւնը: Վէպը կ'աւարտի Թորոս իշխանի մահով:
 
ԵՐԿՈՒՆՔ Թ. ԴԱՐՈՒ: - Այս վէպը կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի այն շրջանը որ ծանօթ է արաբական տիրապետութեամբ եւ 851-ի ժողովրդական ապստամբութեամբ: Նիւթը կառուցուած է Բագարատ իշխանի ձերբակալութեան եւ արաբ ոստիկան Ապուսեթի սպանութեան վրայ: Վէպին մէջ մենք կը տեսնենք ցնցող հոգեվիճակներ, սրտառուչ անցքեր եւ յագեցուած ընդհանրացումներ: Չորս դարու տառապանքով իր անկախութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդը տխուր ու սիրտ արիւնող իր նախարարներուն անմիաբանութեան հաստատումով եւ հայ ժողովուրդի խոնարհ այլ ազնիւ զաւակներէն՝ Յովնանի արի եւ իմաստուն սխրագործութիւններով ներկայացուած՝ վերականգնումի շգեղ խիզախումն ու անդրդուելի կամքը կ'արձանացնէ: Սասուն առանձին կը պայքարի արաբներու դէմ: Բուղա ոստիկանը մահու աւեր կը սփռէր: Յովնան կը ձերբակալուի ու կը նահատակուի: Ծերենց պատմական ամէն խնդիր կը կապէ ժողովուրդի դերին հետ: Ծերենցի կարծիքով կառավարողները բարոյական մեծ պատասխանատւութիւններ ունին իրենց ժողովուրդին հոգեւոր եւ նիւթական վիճակին համար: Մինչդեռ կը նկատէ որ հայ ազնուականներն ու նախարարնըրը իրենց փառասիրութեան եւ դասակարգային պայքարի հետեւանքով կ'անջատուին ժողովուրդէն ու անկարող կը դառնան պաշտպաելու երկիրն ու ժողովուրը օտար ներխուժումներու դէմ: Այդ իսկ պատճառով Ծերենց ժողովուրդին պաշտպանութիւնը կը յանձնէ նոյն ինքն ժողովուրդին, ժողովուրդի հասարակ ու համեստ զաւակ՝ վէպի գլխաւոր հերոս Յովնանին, որ կ'ըսէ «Ուր որ հայ կայ պէտք է միաբանին եւ առանց նախարարաց, իրենց գլխուն ճարը տեսնեն, այդ ատեն թերեւս հայ ազգը իր փրկութիւնը գտնէ»: Այսպիսով Հայկական հարց-ի ամենաեռուն շրջանին, Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» վէպով կը քարոզէր ժողովուրդի համախմբում եւ սեփական միջոցներով ու ոյժով ազգային անկախութիւն ձեռք բերելու գաղափարը: Պատահական չէ որ ճիշդ այդ ժամանակաշրջանին ստեղծուեցաւ մեր ժողովուրդին դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթ»ը, որուն մարդասիրական, տկարներու պաշտշպանութեան, այլասիրութեան, հայրենասիրութեան ժառանգութիւնները, անկորնչելի գանձը կը կազմեն մեր ժողովուրդին: Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» պատմական վէպով կ'ուզէ հասկցնել թէ «Հայկական Հարցը» նպաստաւոր լուծում կրնայ գտնել միայն այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդը համերաշխ եւ համախոհ վստահի իր սեփական ոյժերուն վրայ: Ծերենցի ստեղծած պատկերները տպաւորիչ են, չունի աւելորդաբանութիւններ: Մեղմ ու կուռ են նկարագրութիւնները:
 
ԹԷՈԹՈՐՈՍԹԷՈԴՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ: - ԹէոթորոսԹէոդորոս Ռշտունի վէպը կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան ծանր եւ անյուսալի այն չրջանը՝շրջանը՝ երբ պարսկական ու բիւզանդական քաղաքական ախորժակներու եւ մրցակցութեանց որպէս արդիւնք, Հայաստան քայքայուած ու արիւնաքամ Է. դարուն կ'ենթարկուէր արաբական արշաւանքներու: Վէպին գլխաւոր հերոսը՝ ԹէոթորոսԹէոդորոս Ռշտունին է, որ օգտուելով արաբներու արշաւանքին հետեւանքով բիւզանդական կայսրութեան թուլութենէն, արաբներու հետ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանէն դուրս վտարելու համար յոյները, որոնք այնքան անհեռատէս քաղաքականութիւն մը վարեցին Հայաստանը տկարացնելով: Սակայն արաբները կռահելով ԹէոթորոսԹէոդորոս Ռշտունիին նպատակները կը ձերբակալեն զինք եւ կ'աքսորեն: Այնուհետեւ կը սկսի արաբական տիրապետութեան շրջանը Հայաստանի համար: Ծերենց այս վէպով կ'ուզէ բացատրել Հայկական Հարցի հակաշրջութենէն ետք ստեղծուած հիասթափութիւնը: Սակայն հեղինակը յոռետես չէ երբեք. Ան իր այս վէպով ակնարկութիւն կ'ընէ եւրոպական պետութիւններու ըթացքին օսմանեան տիրապետութեան պայմաններուն մէջ եւ կ'ուզէ հասկցնել թէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ կրնան պատահիլ ծանր օրեր, որոնք սակայն պէտք չէ յուսահատութեան մատնեն, այլ մեզի փնտռել պէտք է տան մեր դժբախտութիւններուն պատճառները եւ փրկութեան միջոցները, խուսափելու համար այդ ծանր վիճակներէն: Այս վէպին մէջ դէպքերու յաջորդականութեան տրամաբանական կապը թոյլ է: Ընթերցողը ականատես կ'ըլլայ վտանքներու հեշտութեամբ փարատումին եւ յանկարծուստ դէմքերու երեւումին, որոնք միանալով հեղինակին խորհրդածութիւններուն կը նուազեցնեն գիրքին գեղարուեստական արժէքը:
 
==Գրական Յատկանիշներ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ծերենց» էջէն