«Ծերենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 15.
ԵՐԿՈՒՆՔ Թ. ԴԱՐՈՒ - Այս վէպը կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի այն շրջանը որ ծանօթ է արաբական տիրապետութեամբ եւ 851-ի ժողովրդական ապստամբութեամբ: Նիւթը կառուցուած է Բագարատ իշխանի ձերբակալութեան եւ արաբ ոստիկան Ապուսեթի սպանութեան վրայ: Վէպին մէջ մենք կը տեսնենք ցնցող հոգեվիճակներ, սրտառուչ անցքեր եւ յագեցուած ընդհանրացումներ: Չորս դարու տառապանքով իր անկախութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդը տխուր ու սիրտ արիւնող իր նախարարներուն անմիաբանութեան հաստատումով եւ հայ ժողովուրդի խոնարհ այլ ազնիւ զաւակներէն՝ Յովնանի արի եւ իմաստուն սխրագործութիւններով ներկայացուած՝ վերականգնումի շգեղ խիզախումն ու անդրդուելի կամքը կ'արձանացնէ: Սասուն առանձին կը պայքարի արաբներու դէմ: Բուղա ոստիկանը մահու աւեր կը սփռէր: Յովնան կը ձերբակալուի ու կը նահատակուի: Ծերենց պատմական ամէն խնդիր կը կապէ ժողովուրդի դերին հետ: Ծերենցի կարծիքով կառավարողները բարոյական մեծ պատասխանատւութիւններ ունին իրենց ժողովուրդին հոգեւոր եւ նիւթական վիճակին համար: Մինչդեռ կը նկատէ որ հայ ազնուականներն ու նախարարնըրը իրենց փառասիրութեան եւ դասակարգային պայքարի հետեւանքով կ'անջատուին ժողովուրդէն ու անկարող կը դառնան պաշտպաելու երկիրն ու ժողովուրը օտար ներխուժումներու դէմ: Այդ իսկ պատճառով Ծերենց ժողովուրդին պաշտպանութիւնը կը յանձնէ նոյն ինքն ժողովուրդին, ժողովուրդի հասարակ ու համեստ զաւակ՝ վէպի գլխաւոր հերոս Յովնանին, որ կ'ըսէ «Ուր որ հայ կայ պէտք է միաբանին եւ առանց նախարարաց, իրենց գլխուն ճարը տեսնեն, այդ ատեն թերեւս հայ ազգը իր փրկութիւնը գտնէ»: Այսպիսով Հայկական հարց-ի ամենաեռուն շրջանին, Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» վէպով կը քարոզէր ժողովուրդի համախմբում եւ սեփական միջոցներով ու ոյժով ազգային անկախութիւն ձեռք բերելու գաղափարը: Պատահական չէ որ ճիշդ այդ ժամանակաշրջանին ստեղծուեցաւ մեր ժողովուրդին դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթ»ը, որուն մարդասիրական, տկարներու պաշտշպանութեան, այլասիրութեան, հայրենասիրութեան ժառանգութիւնները, անկորնչելի գանձը կը կազմեն մեր ժողովուրդին: Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» պատմական վէպով կ'ուզէ հասկցնել թէ «Հայկական Հարցը» նպաստաւոր լուծում կրնայ գտնել միայն այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդը համերաշխ եւ համախոհ վստահի իր սեփական ոյժերուն վրայ: Ծերենցի ստեղծած պատկերները տպաւորիչ են, չունի աւելորդաբանութիւններ: Մեղմ ու կուռ են նկարագրութիւնները:
 
ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ - Թէոդորոս Ռշտունի վէպը կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան ծանր եւ անյուսալի այն շրջանը՝ երբ պարսկական ու բիւզանդական քաղաքական ախորժակներու եւ մրցակցութեանց որպէս արդիւնք, Հայաստան քայքայուած ու արիւնաքամ Է. դարուն կ'ենթարկուէր արաբական արշաւանքներու: Վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Թէոդորոս Ռշտունին է, որ օգտուելով արաբներու արշաւանքին հետեւանքով բիւզանդական կայսրութեան թուլութենէն, արաբներու հետ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանէն դուրս վտարելու համար յոյները, որոնք այնքան անհեռատէս քաղաքականութիւն մը վարեցին Հայաստանը տկարացնելով: Սակայն արաբները կռահելով Թէոդորոս Ռշտունիին նպատակները կը ձերբակալեն զինք եւ կ'աքսորեն: Այնուհետեւ կը սկսի արաբական տիրապետութեան շրջանը Հայաստանի համար: Ծերենց այս վէպով կ'ուզէ բացատրել Հայկական Հարցի հակաշրջութենէն ետք ստեղծուած հիասթափութիւնը: Սակայն հեղինակը յոռետես չէ երբեք. Ան իր այս վէպով ակնարկութիւն կ'ընէ եւրոպական պետութիւններու ըթացքին օսմանեան տիրապետութեան պայմաններուն մէջ եւ կ'ուզէ հասկցնել թէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ կրնան պատահիլ ծանր օրեր, որոնք սակայն պէտք չէ յուսահատութեան մատնեն, այլ մեզի փնտռել պէտք է տան մեր դժբախտութիւններուն պատճառները եւ փրկութեան միջոցները, խուսափելու համար այդ ծանր վիճակներէն: Այս վէպին մէջ դէպքերու յաջորդականութեան տրամաբանական կապը թոյլ է: Ընթերցողը ականատես կ'ըլլայ վտանքներուվտանգներու հեշտութեամբ փարատումին եւ յանկարծուստ դէմքերու երեւումին, որոնք միանալով հեղինակին խորհրդածութիւններուն կը նուազեցնեն գիրքին գեղարուեստական արժէքը:
 
==Գրական Յատկանիշներ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ծերենց» էջէն