«Ծերենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ արևելահայերեն կատեգորիա → արեւմտահայերէն կատեգորիա oգտվելով ԱՎԲ
→‎Կենսագրութիւն: È»½áõ³Ï³Ý áñáß ËÙµ³·ñáõÙ£
Տող 5.
 
==Կենսագրութիւն==
Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան, ծանօթ է Ծերենց ծածկանունով։ Հայ նշանաւոր վիպագիր Ծերենց ծնածԾնած է [[16 Սեպտեմբեր]]ի [[1822]]-ին, Պոլիս։ Տասը տարեկանին կ'երթայ [[Վենետիկ]],՝ Մխիթարեան հայրերու Ս. Ղազար վանքը, ուսանելու։ Դասընկեր կ'ունենայ [[Ղեւոնդ Ալիշան]]ը, որուն հայրենի զրոյցները պատանի Յովսէփին միտքն ու երեւակայութիւնը կը կապեն հայրենի աշխարհին պատմական վայրերուն։ Հայագիտական լուրջ ուսում մը ստանալէ ետք, կը դադրիհրաժարի վանական դառնալու մտադրութենէն ու [[1840]]-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ [[Պոլիս]]ծննդավայրը, ուր քանի մը տարի կը զբաղի ուսուցչութեամբ։
 
[[1848]]-ին [[28 Օգոստոսի|Օգոստոս]]ի 28-ին, Ծերենց երկար ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ եւ իր աչքերով կը տեսնէ [[Հայաստան]]ի եւ [[Կովկաս]]ի պատմական քաղաքները՝ [[Կարին]], [[Կարս]], [[Ալեքսանդրապոլ]] եւ [[Թիֆլիս]] ու աւելի մօտէն կը ծանօթանայ հայրենի սքանչելի բնութեան եւ իր ժողովուրդին աւանդութիւններուն եւ բարքերուն, որոնք յետագային ատաղձ պիտի ծառայէին իր գրելիք պատմական արժէքաւոր վէպերուն։ Մէկ կողմէն գրականութեան հանդէպ ունեցած իր սէրն ու մասնագիտութեան մը տիրանալու անհուն տենչը, իսկ միւս կողմէ իր ապրուստին մտահոգութիւնն ու նիւթական անապահովութիւնը կրկնակ դժբախտութիւններ էին, որոնք անկարելի կը դարձնէին իր փափաքներուն իրականացումը, որոնք սակայն երբեք ա՛լ չկրցան բեկում մը առաջացնել իր հոգիին մէջ։
 
[[1848]]-ին Ծերենց կը մեկնի [[Փարիզ]], այս թուականին իրեն համար կը սկսի ուսանողական նոր շրջան մը։ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ (Սեւր) ուսուցչութեամբ կը զբաղի եւ միայնգամայնմիանգամայն կը հետեւի ֆրանսական բժշկական համալսարանի ճիւղին։ Փարիզի մէջ ԾերենցԱն կը ծանօթանայ [[Նահապետ Ռուսինեան]]ի<nowiki/>ն եւ անորիր ընկերներուն հետ ու ինք եւս անոնց պէս կը կրէ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներուն ազդեցութիւնը։ [[1853]]-ին, Ծերենց վկայեալ բժիշկ կը վերադառնայ [[Պոլիս]], ուր այդ օրերուն, կաթոլիկ խումբ մը եկեղեցականներ, [[Հռոմ]]ի պապին դրդումով եւ Հասունի գլխաւորութեամբ, կը վարէին ազգաթաւ ուղղութիւն մը՝ նպատակ ունենալով, Հայ Կաթոլիկ եկեղեցին ձուլել Լատին եկեղեցիին հետ։ Հասուննեաններու հակառակորդները, որոնք ծանօթ էին հակահասունեան անունով, ընդհանրապէս կը պահանջէին ազգային եկեղեցիի ինքնուրունութիւն։ Թէպէտեւ այս հակընդդէմ պայքարը ըստ երեւոյթին կրօնական վէճ մըն էր, սակայն խորքին մէջ քաղաքական խաղ մըն էր հայ ժողովուրդին խոշոր մէկ հատուածը հոգեւորապէս ենթարկելու [[Հռոմ]]ի Պապին իշխանութեան, որ կը ձգտէր վերջնականապէս հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու համայնքը ջլատել իր ազգային դիմագիծէն։ Ահա այդ պայքարը իր ատենին սուր բնոյթ մը ստացաւ եւ յայտնի եղաւ Հասունեաններու եւ Հակահասունեաններու պայքար անունով։ Ծերենց, հակառակ իր կաթոլիկ ըլլալուն, կանգնեցաւ հակահասունեաններու կողքին եւ դարձաւ ազգային շարժումը գլխաւորողներէն մին եւ հանրային կեանքը յուզող ուշագրաւ ու ջղուտ յօդուածներով իր աշխատակցութիւնը բերաւ [[Կարապետ Իւթիւճեան|Իւթիւճեան]]ի «Մասիս»ին, Մամուրեանի «Արեւելեան Մամուլ»ին եւ «Ծիածան»ին։
 
[[1862]]-ին [[Սկիւտար]]ի մէջ, որ այդ թուականներուն մտաւորական կեդրոններէն մէկը կը հանդիսանար, հիմը կը դրուէր [[Համազգեաց]] անուն բարեգործական ընկերութեան մը, որուն կազմակերպիչները կը հանդիսանային բանաստեղծ [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան]], բժիշկ [[Նահապետ Ռուսինյան|Նահապետ Ռուսինեան]], Ծերենց եւ ուրիշներ։ Այս ընկերութեան նպատակն էր կրթութիւն տարածել յատկապէս [[Կիլիկիա|Կիլիկիոյ]] մէջ եւ հայ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը բարելաւել, ձեռք բերելով հողային տարածութիւններ, այնտեղ հաստատելով գաղթական հայեր։ [[1863]]-ին Ծերենց իբրեւ Համազգեաց ընկերութեան ներկայացուցիչ ուղեւորուեցաւ Կիլիկիա, գիւղատնտեսական վարժարան մը հաստատելու ծրագրով, սակայն Հասունի մատնութեամբ Բ. Դուռը ետ դարձուց Ծերենցը եւ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ամբաստանելով զինք թրքական կառավարութեան դէմ, որպէս յեղափոխական գաղափարներու տարածիչ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ծերենց» էջէն