«Harry Potter and The Philosopher's Stone» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (3) using AWB
Չ →‎Նիւթը: clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (5) using AWB
Տող 52.
Երեք ընկերներուն կը սպասէին դժուար փորձարութիւններով ու արկածներով լեցուն տարիներ, բայց անոնք միշտ կը մնան միասին:
 
Երբ կը հասնին Hogwarts, առաջին ուսուցիչին որ կը ծանօթանան Միրվենա Մաքկոնակալն է որ իրենց կը փոխանցէ Hogwarts-ի 4 տուներուն ու անոնց բաժանումին մասին: Ամէն մէկ աշակերտ իր գլխուն պիտի դնէ կախարդական գլխարկը որ իր Hogwarts-ի տունի պիտի որոշէ, որոնք են՝ Gryffindor, Slytherin, Ravenclaw եւ Hufflepuff: Ռոնը Հէրիին կ'ըսէ թէ Slytherin-ը միշտ եղած է վտանգաւոր կախարդներուն տունը եւ Voldemort-ը եղած է այդ տան մէջ:մէջ։ Երբ անոնք մեծ սրահ պիտի մտնեն ճանչնալու իրենց Hogwarts-ի տուները, Հէրիին կը մօտենայ տղայ մը Տրաքօ Մալֆոյ անունով: Տրաքոն ինքզինք կը ծանօթացնէ եւ կ'ըսէ թէ Հէրին պէտք չ'ունի Ռոնին նման աղքատ ընկերրներ, այլ իրեն պէս հարուստ: Հէրին տեսնելով անոր վատ վարուելակերպը իր ընկերոջ, Ռոնին հանդէպ, կը մերժէ Տրաքոյին ընկերութիւնը ու անոնց միջեւ տարիներով թշնամութիւն կը ստեղծուի:
 
Բոլոր աշակերտները կը մտնեն հսկայ սրահը ու կը նկատեն 4 մեծ սեղաններ, ամէն մէկը կը ներկայացնէ Hogwarts-ի տուներէն մէկը: Արդէն բամբասանքներ ստեղծուած են թէ Հէրի Փոթըրը, այդ կախարդը որ յաղթած է Voldemort-ին, այդ տարի պիտի յաճախէ Hogwarts: Մաքկոնակալը կը կարդայ նոր աշակերտներուն անունները, ու մէկ մէկ բոլորը գլխարկը փորձելով կ'անցնին իրենց Hogwarts-ի տուները: Հէրին կը տեսնէ իր երկու ընկերները, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կ'անցնին Gryffindor տան շարքերուն: Երբ Հէրիին կարքը կը հասնի, սրահին մէջ բամբասանքները կը բարձրանան եւ երբ Հէրին գլխարկը կը դնէ ան կը լսէ անոր խօսածները որ կ'առաջարկէր Հէրիին Slytherin դնէ, Հէրին կը մերժէ ըլլալ Slytherin, հակառակ գլխարկին պնդումին, եւ այսպիսով գլխարկը իրեն կ'որոշէ դնել Gryffindor, ու Հէրին կը միանայ իր ընկերներուն Gryffindor-ի սեղանին շուրջ: Dumbledore-ը, Hogwarts-ի տնօրէնը կ'ունենայ մի քանի յայտարարութիւններ, թէ 3-րդ հարկը արգիլուած է աշակերտներուն համար, նոյնպէս ալ արգիլուած անտառը:
Տող 59.
 
Մի քանի օր ետք, երբ երեք ընկերները կ'այցելեն Հակրիտը, որուն փոքրիկ տունը կը գտնուի արգիլուած անտառին մօտ, անոնք կը պատմեն 3-րդ հարկին վրայ գտնուող հսկայ շունին մասին, ու Հակրիտ անոնց կ'ըսէ թէ այդ առարկան որ շունը կը հսկէ կը վերաբերի միայն Dumbledore-ին եւ Նիքոլաս Ֆլամելին:
Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը սկսին իրենց խուզարկութիւնը Նիքոլաս Ֆլամելին մասին դպրոցի գրադարանին մէջ:մէջ։ Անոնք ոչ մէկ տեղեկութիւն կը գտնեն, սակայն օր մը Հէրին կը յիշէ որ ան Նիքոլաս Ֆլամել անունը կարդացած է խաղի թուղթի մը վրայ որ կ'ըսէ թէ Նիքոլաս միակ անձն է որ գտած է փիլիսոփայի քարը եւ այս մէկը իրեն կարողութիւնը կ'ուտայ ըլլալու անմահ: Գրուած է նաեւ թէ Նիքոլաս 665 տարեկան էր:
Երեքը կը գիտնան թէ դպրոցին մէջի հսկայ շունը եւ անեծքները կը պաշտպան են այս փիլիսոփայի քարը: Անոնք նաեւ կը գիտնան թէ Voldemort-ի հետեւորդներն են որ դրամատունը մտած են ու փորձած են այս քարը գողնալ որպէսզի Voldemort-ը կրկին զօրանայ ու յաւերժ ապրի:
 
Տող 69.
Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին Հակրիտէն կը հասկնան թէ գաղտնիքը այդ հսկայ շունէն անցնելու եւ գետնի տակ դուռէն մտնելու համար, անոնք պէտք է մեղմ նուագ մը նուագեն շունին: Այսպէս ընելով, անոնք կը նետուին այդ դուռէն ու կը հասնին շարժող խոտերու մէջ որ կ'ուզէ իրենց սպաննել: Անոնք անեծքներով այս ծուղակէն կ'ազատին ու կը հասնին հսկայ ճատրակի խաղի մը: Ամէն մէկը յանձն կ'առնէ մէկ զինուոր մը խաղին մէջ ու կը յաղթեն, սակայն Ռոնը կը վիրաւորուի ու Հըրմայոնին անոր քովը կը մնայ: Հէրին կը շարունակէ իր ճամբան, ու Սնէյփին տեղ կը գտնէ Փրոֆեսոր Քուիրլը, կախարդական մթութեան պաշտպանութեան ուսուցիչը: Ան Հէրիին կը պատմէ թէ ինչպէս ինքն էր որ փորձեց Հէրիին սպաննել խաղին ժամանակ, իսկ Սնէյփը կը պաշտպանէր անոր: Ան նաեւ իր գլխուն վրայի փողկապը ու ցոյց կ'ուտայ իր երկրորդ երեսը որ կը գտնուի գլխուն ետեւը ու Voldemort-ին գլխուն է որովհետեւ Voldemort շատ տկար էր մարմին ունենալու:
 
Այդ սենեակին մէջ կար նաեւ մեծ հայելի մը որ Հէրին անոր հանդիպած էր երբ կը շրջէր դպրոցին մէջ:մէջ։ Այս հայելին քեզի ցոյց կ'ուտայ ամէնէն ցանկանալի երազներդ ու երբ Հէրին անոր առջեւ կ'եցաւ, ան տեսաւ ինքզինքը իր մօր եւ հօր հետ:
Այս անգամ, Հէրիին ամէնէն ցանկանալի երազը այդ էր որ ան գտնէ փիլիսոփայի քարը ու քանդէ այդ որպէսզի Voldemort կարողութիւնը չ'ունենայ վերադառնալու: Ու երբ ան կրկին նայի հայելիին, կը տեսնէ ինքզինքը փիլիսոփայի քարով իր գրպանին մէջ:մէջ։ Մի քանի վայրկեան վերջ ան կը նկատէ թէ փիլիսոփայի քարը իսկապէս կը գտնուի իր գրպանին մէջ:մէջ։ Voldemort կը զգայ այս մէկը ու կը փորձէ Հէրիին սպաննել, սակայն երբ Հէրին իր ձեռքերով անոր երեսին դպնար, Voldemort-ին երեսը կ'այրէր որովհետեւ Հէրիին արիւնը լեցուած էր սէրով, իսկ Voldemort-ին՝ ատելութեամբ:
 
Այսպիսով Հէրին կրկին կը յաղթէ Voldemort-ին, բայց ան չմահանար: Փիլիսոփայի քարը կը քանդուի Dumbledore-ին կողմէ որպէսզի կրկին Voldemort-ը այդ չգտնէ, իսկ Նիքոլաս Ֆլամելը կը մահանայ 665 տարի ապրելէ ետք: