«Ինտրա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (4) using AWB
Տող 5.
Ծնած է 1875-ին Պոլիս, Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք թաղային դպրոցը, յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան, ուր կրած է Ռէթէոս Պէրպէրեանի խոր ազդեցութիւնը: Մեծանուն կրթական գործիչը խօսելով իր աշակերտին մասին, կը գրէ.- «Լուսալի աչքերով աշխոյժ բայց արդէն խոհուն պատանեկիկ մըն էր, չարաճճի հարցուփորձող ժպիտով մը»: Տիրան Չրաքեան ուշիմ աշակերտ եղած է, մասնաւոր սէր ու հակում ունեցած է նկարչութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան հանդէպ: Իր ստորագրութիւնը կրող քանի մը յաջող իւղանկարներ եւ գծանկարներ մնացած են կարգ մը բարեկամներու մօտ: Ամէն հարցի խորը թափանցելու հետաքրքրութիւնը կը մղէ որ Չրաքեան կլանուի նաեւ գիտութեամբ: Լայն ծանօթութիւններ ձեռք կը բերէ մասնաւորաբար բնապատմութեան ճիւղին մէջ:
 
Պէրպէրեան վարժարանը աւարտելէ ետք, 1891-ին կը նուիրուի ուսուցչութեան նոյն վարժարանին մէջ:մէջ։ 1898-ին դարձեալ ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Տրապիզոն, Սեւ ծովեան շրջան եւ 1900-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Սեւ Ծովէն քաղած ներշնչումները այդ տեղափոխութեան կը պարտի:1904-1905 տարիներուն նախ կ'անցնի [[Փարիզ]]՝ նկարչութեան եւ գրականութեան հետեւելու, յետոյ կ'այցելէ [[Եգիպտոս]] ու կը դառնայ Պոլիս: Առաւելաբար անձնական աշխատութեամբ ձեռք կը բերէ իր փափաքած զարգացումը: 1906-ին կը հրատարակէ «Ներաշխարհ»ը, զոր գրի առած էր 1898-1900-ին: Ինտրա կը շարունակէ ուսուցչութեան պաշտօնը վարել Պէրպէրեան, Կեդրոնական եւ Պեզազեան վարժարաններուն մէջ, աւանդելով գլխաւորապէս հայ գրականութիւն: 1908-ին կը հրատարակէ «Նոճաստան»ը, քերթուածներու փոքրիկ հատոր մը: Ինտրա մօտ 15 տարի իր աշխատակցութիւնը բերած է հայ թերթերուն եւ տարեգիրքերուն, զանազան յօդուածներով: Ուշագրաւ է մասնաւորաբար «Ներաշխարհ»ի պաշտպանութեան համար գրած իր ընդարձակ յօդուածաշարքը, ի պատասխան գրաբարագէտ Տիգրան Ելքէնճեանին, որ «Բիւզանդիոն»ի մէջ քննադատած էր այս գործը:
 
1910 թուականը անկիւնադարձ մը կը դառնայ Չրաքեանի կեանքին մէջ:մէջ։ Յաջորդական ներքին տագնապներ իր մէջ կ'առաջացնեն հոգեփոխութիւն եւ կ'ուրանայ իր անցեալը, գրական վաստակը, նոյնիսկ Իռենան: Նախ կը յարի ոգեհարցութեան, ապա շաբաթապահութեան, դառնալով աւետարանի քարոզիչ: Համաշխարհային Առաջին պատերազմին իբրեւ հասարակ զինուոր կը ծառայէ թուրք բանակին մէջ. բայց կը մերժէ զէնք վերցնել, հաւատարիմ մնալու համար «մարդ չսպաննելու» իր սկզբունքին: Իր աշակերտները դրամ կը հաւաքեն եւ զինք կ'ազատեն զինուորութենէ՝ վճարելով անհրաժեշտ փրկագինը: Պոլիս վերադառնալով՝ կը շարունակէ Ս. Գիրքի քարոզչութեամբ զբաղիլ: Կինն ու մէկ հատիկ զաւակը կը հեռանան տունէն՝ անհանդուրժելի գտնելով շաբաթապահ քարոզիչի իր ընթացքը: Խորապէս ցնցուած 1915-ի ահաւոր ոճիրներէն, ընդմիշտ կը կորսնցնէ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ անձնատուր կ'ըլլայ մտասեւեռումներու: Այդ օրերուն է որ կ'այրէ իր բոլոր ձեռագիրները: 1919-1920 տարիներուն կը հիմնէ Աւետարանական լսարան եւ կը քարոզէ Քրիստոսի սէռը եւ հանդերձեալ կեանքի գեղեցկութիւնը: Հոգեկան տագնապը այնուհետեւ արգելք կը դառնայ գրական ամէն ստեղծագործութեան եւ մահուան փափաքը իր հիմնական մտածումը կը դառնայ: Քեմալական շարժումի օրերուն, Ինտրա մեկնած էր Գոնիա, ուր տունէ տուն պտտելով կը քարոզէր Աւետարանի եւ քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնը: Կը ձերբակալուի իբրեւ կասկածելի ու վտանգաւոր անձ, «կիլիկեան յեղափոխական գործիչ» եւ կ'աքսորուի անծանօթ ուղղութեամբ: Տասնեակ օրերու տաժանելի ճամբորդութենէ ետք, իր բախտակիցներուն հետ կը հասնի Տիգրանակերտի դաշտը եւ անօթի, ծարաւ ու հիւանդ, մտրակներու հարուածներու տակ, ի վերջոյ շունչը կը փչէ 1921 Սեպտեմբեր 11-ին, ընկերներուն յանձնարարելով սէր, միութիւն եւ հաւատք: Իր ծանօթներուն վկայութեամբ՝ Ինտրա կեանքին ընթացքին եղած է ստորնութեանց եւ միջակութեանց մոլեգին դշնամի, վերջին ծայր սրասմիտ, վիճաբանիլը սիրող, գեղեցիկին առջեւ սարսռացող, զօրաւոր յուզումներ բնտռող եւ այդ յուզումներով գինովնալ սիրող բացառիկ անձ մը:
== Գործերը ==
Գրական նախափորձերը եղած են ոտանաւորներ՝ գրուած Պէրպէրեան վարժարանի ուսանող եղած օրերուն: «Բիւզանդիոն», «Շիրակ», «Ոստան», «Արեւելք» թերթերուն աշխատակցած է արձակ էջերով, քննադատական փորձերով, ճամբորդական նօթերով եւ իմաստասիրական ու ոգեհարցական ուսումնասիրութիւններով: Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը» հրատարակած է Չրաքեանի արժէքաւոր նամակները, որոնք յոյս կը սփռեն իր կեանքին եւ հոգեկան բեկումներուն վրայ: Կը խօսուի նաեւ վէպի մը եւ սիրային արձակ քերթուածներու մասին, որոնք շատ հաւանօրէն յանձնուեցան կրակին, իր հոգեկան տագնապի օրերուն: Հատորի ձեւին տակ Ինտրայէն մեզի հասած են երկու գործեր.-
 
1)'''«ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ»'''.- Տպուած 1906-ին, բայց գրուած 1898-1900 շրջանին, այսինքն երբ հեղինակը 23 տարեկան էր տակաւին: Տիրան Չրաքեան 16 Հոկտեմբեր 1900-ին Մ. Կիւրճեանին ուղղուած նամակի մը մէջ կը գրէ. «Գիրքս լմցուցի այսօր: Օ~հ, մեծ, մեծ ազատումը, զոր սակայն, վարժութեամբ դեռ չեմ կրնար կոր չափել. գործին գաղափարը զիս այնքան նեղած էր, որ կարծես թէ դեռ լմնցուցած չեմ զայն. մինչդեռ իսկապէս լմնցաւ այս առտու»: Գիրքը ձօնուած է իր ուսուցիչ-տնօրէնին՝ Ռ. Պէրպէրեանին: Պէրպէրեան գրած է շահեկան յառաջաբան մը, ուր կը ջանայ մատնանշել Ինտրայի տաղանդին յատկանիշերը: Ինչպէս խորագիրը ցոյց կու տայ, այս գիրքը կը պատկերացնէ Ինտրայի ներքին աշխարհը՝ արտաքին պատկերներու եւ դէպքերու շրջանակին մէջ:մէջ։ Հոն կը գտնենք բնութեան նկարագրութիւններ՝ «խոկացող» նոճիներով, ձիւնածածկ լեռներու տաճարային խորհուրդով, Պոլսոյ սլացիկ մինարէներով: Ականատես կ'ըլլանք բանաստեղծի ապրումներուն՝ իր սենեակի առանձնութեան մէջ, գիշերուան լամպարի աղոտ լոյսին մէջ:մէջ։ Մեզ կը փոխադրէ Սեւ Ծովու ափերը կամ բուրգերու ստորոտը, «Առասպելօրէն անրջացած սփինքսին» խորհրդաւոր նայուածքին տակ: Այս գիրքին մէջ կը գտնենք տակաւին պաշտամունքը լոյսին, իր բիւրեղային մաքրութեամբ: Հոս է սէրը՝ Իրենան, «լուսեղէն եւ արփային» այդ էակը, որ ամբողջովին լոյս է ու հոգի: Գիրքը մեր առջեւ կը բանայ նաեւ մանկութեան յիշատակներ, եկեղեցիի զանգակին եւ խունկի բուրումներուն կախարդանքովը անուշցած: Բանաստեղծական այս բոլոր ապրումներուն քովն ի վեր, «Ներաշխարհ»ը կու տայ վկայութիւններ արեւելքի եւ արեւմուտքի իմաստասիրական մտածումներէն, ինչպէս նաեւ արձագանգը կը հանդիսանայ ընկերային հարցերու: Դժուար է այս գիրքին նիւթը ամփոփել, որովհետեւ աւելի վերլուծում է մտածումներու եւ զգացումներու, քան թէ դէպքերու պատմում:
 
2)'''«ՆՈՃԱՍՏԱՆ»''' (1908).- քառասուն հնչեակներու հաւաքածոյ մը, որուն մէջ տեղ գտած բոլոր քերթուածներն ալ ներշնչուած են նոճիներու խորհուրդէն եւ կը սեւեռեն անցաւորէն դէպի յաւիտենական կեանք ձգտող հոգիի մը տագնապանքը: Ինտրա հմայուած է նոճիներու երջանիկ ճակատագրէն, որովհետեւ, ըստ իրեն, անոնք ի վիճակի են ձգտելու յաւերժական լոյսին եւ ճշմարտութեան, իսկ ինք զուրկ է այդ գեղեցկութեանց հասնելու կարողութենէն:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ինտրա» էջէն