«Լեղուց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Աղբիւրներ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: using AWB
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
 
Տող 3.
Լեարդը կ'արտադրէ օրական 500-600 մլ. մաղձ: Անիկա կանաչ-դեղին հեղուկ մըն է, որ կը պարունակէ ջուր, մաղձային աղեր (bile salts), մաղձային ներկեր (bile pigments) քոլեսթերոլ, bilirubin եւ բնասպիտներ (proteins):
 
Լեղուցը կ'ամբարէ եւ կը խտացնէ լեարդէն եկած մաղձը: Կերակուր ուտելէ ետք եւ կերակրագնդակի (bolus) ստամոքս հասնելէ ետք լեղուցը կը կծկուի եւ կը մղէ իր մէջ կուտակուած մաղձը դէպի լեղուցածորան: Մաղձը կը շարունակէ իր ճամբան եւ խարնուելով շարոյրէն եկած հիւթին հետ, կը հոսի տասներկումատնեայ աղիքին մէջ:մէջ։ Լեղուցէն մաղձի արտահոսքը կը զօրանայ երբ [[ստամոքս]] հասած սննդանիւթերը հարուստ են ճարպերով: Կերակուր չուտելու պարագային, այսինքն՝ ծոմապահութեան ընթացքին, մաղձը կը կուտակուի լեղուցին մէջ:
 
== Մաղձը ==
 
Մաղձային [[աղ]]երը տասներկումատնեայ [[Աղիքներ|աղիք]]ին մէջ կը գործեն հոն գտնուած ճարպերու վրայ եւ տեղի կ'ունենայ անոնց տարրալուծումը եւ ներծծումը: Մաղձային ներկերը կը մնան աղիքներու մէջ:մէջ։ Անոնք չեն ներծծուիր, եւ կարտահանուին կղկղանքին (feces) հետ տալով անոր կանաչ-դեղին գունաւորում մը:
 
Մաղձը ունի նաեւ երկրորդական պարտականութիւն մը: Անիկա լեարդին մէջ կը նպաստէ թոյներու, ցպիկներու (bacteria) եւ ժահրերու (virus) մաքրագործումին:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Լեղուց» էջէն