«Վարդան Մամիկոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 52.
«Բազմաթիւ պատերազմներու մէջ մտած եմ ես, դուք ալ ինծի հետ: Աւելի յաղթած ենք, եւ քիչ անգամ ալ պարտուած: Այդ բոլորը մարմնաւոր պարծանքներ էին սակայն: Ով որ փախչէր՝ վատանուն կը սեպուէր եւ անողորմաբար կը սպաննուէր: Իսկ ով որ կտրճութեամբ առաջ նետուէր՝ քաջի անուն կը ժառանգէր եւ մեծամեծ պարգեւներ կ'ընդունէր երկրաւոր Թագաւորէն: Մեզմէ իւրաքանչիւրն ալ իր մարմինին վրայ կը կրէ բազմաթիւ վէրքեր ու սպիներ, եւ ցոյց տուած քաջագործութիւններ՝ որոնց համար վարձատրուած ալ է: Այս քաջագործութիւնները ես կը համարեմ անօգուտ, եւ պարծանքները՝ ոչինչ:
Չվախնաք թշնամի բանակին ստուարութենէն, ոչ ալ թիկունք դարձնենք մահկանացուին սուրին: Եթէ Տէրը մեզի շնորհէ յաղթութիւն՝ մենք կը խորտակենք անոր զօրութիւնը, եւ կը բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը: Իսկ եթէ հասած է ժամանակը մեր կեանքի մահուան ն պատերազմի սուրբ մահով՝ ուրախ սիրտով ընդունինք զայն. միայն թէ մեր քաջութեան հետ վատութիւն չխառնենք:
Ան, որ կը կարծէր, թէ զգեստի մը նման հագած ենք մենք քրիստոնէութիւնը՝ հիմա ահա անկարող է փոփոխել զայն, ինչպէս գոյնը մարմինէն երբեք ալ պիտի չկարենայ՝ մինչեւ յաւիտեան: Մեր կրօնքին հիմը հաստատուած է անշարժ վէմի վրայ, ոչ այստեղ՝ երկրի վրայ, այլ այնտեղ՝ երկինքին մէջ:մէջ։
Եկած է ժամանակը, որ մեր արատաւորուած անունը սրբենք:
Երկիւղը նշան է թերահաւատութեան: Մենք վաղուց հեռացուցինք մեր մէջէն թերահաւատութիւնը: Անոր հետ երկիւղն ալ պէտք է փախչի մեր միտքերէն ու խորհուրդներէն»: