«Աշոտ Ղուլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) | անուն ազգանուն = | բնագիր ԱԱՀ = | պատկեր = Բեկոր Աշոտ.jpg | չափ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

19:38, 23 Հոկտեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Բեկոր Աշոտ ( իսկական անունը՝ Աշոտ Ղուլեան) (1959թ., Հոկտեմբեր 6, Պաքու - 1992թ., Օգոստոս 24 , Դրմ­բոն), Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ անդամ, ԼՂՀ Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր։

Կենսագրութիւն

Ա­շոտ ­Ղու­լեան ծնած է ­Պա­քու, 1959 թո­ւա­կա­նի ­Հոկ­տեմ­բե­րի 6ին: 1975ին, ­Ղու­լեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը տե­ղա­փո­խո­ւած է Ս­տե­փա­նա­կերտ, ուր ու­սա­նած եւ 8րդ ­դա­սա­րա­նը ա­ւար­տած է Ա­շոտ։ 1977ին զօ­րա­կո­չո­ւած է խորհր­դա­յին բա­նակ, ո­րու շար­քե­րուն մէջ ծա­ռա­յած է մին­չեւ 1979: ­Զօ­րաց­րո­ւե­լէ ետք, ան­մի­ջա­պէս նե­տո­ւած է կեան­քի աս­պա­րէզ՝ միա­ժա­մա­նակ ե­րե­կո­նե­րը հե­տե­ւե­լով ուս­ման։ 1985ին ա­ւար­տե­լով ու­սու­մը՝ ան ա­մուս­նա­ցաւ եւ Ա­շոտ ու ­Նել­լի ­Ղու­լեան­նե­րը ու­նե­ցան ե­րեք որ­դի՝ Ար­թուր, Հ­մա­յեակ եւ կրտսե­րը՝ ­Բե­կոր, որ ծնաւ հօր զո­հո­ւե­լէն քա­նի մը ա­միս ետք: Ինչ­պէս որ կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, Ա­շոտ բազ­մար­հեստ, «ոս­կի ձեռ­քեր» ու­նե­ցող վար­պետ էր՝ դեր­ձակ, շի­նա­րար, ինք­նա­շար­ժի վա­րորդ, փա­կա­նա­գործ

Արցախեան պատերազմ

Ար­ցա­խեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման սկզբնա­կան փու­լէն իսկ՝ նա­խազ­գա­լով, որ հա­ւաք-ցոյ­ցե­րը սպա­սո­ւող ան­խու­սա­փե­լի պա­տե­րազ­մի նա­խեր­գանքն են, եւ ա­ռանց զէն­քի՝ ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ նո­ւա­ճել ա­զա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւ­նը, ան գա­ղա­փա­րա­կից իր ըն­կեր­նե­րուն հետ ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ ինք­նա­շէն նռնակ­նե­րու, ինք­նա­ձիգ­նե­րու, հրա­ցան­նե­րու եւ նռնա­կա­նետ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան։ Այդ զէն­քե­րու փոր­ձար­կում­նե­րուն ժա­մա­նակ, Ա­շոտ ե­րեք ան­գամ վի­րա­ւո­րո­ւած է: Ա­նոր ստեղ­ծած ա­ռա­ջին զէն­քը 16 գա­նի կար­ճա­փող հրա­ցա­նը ե­ղած էր: Իսկ երբ հա­սաւ պա­հը, Ա­շոտ լծո­ւե­ցաւ դէ­պի Ար­ցախ զէն­քեր գաղտ­նա­բար փո­խադ­րե­լու գոր­ծին եւ այդ­պէ՛ս իր տե­ղը գտաւ Ար­ցա­խեան ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման ա­կունք­նե­րուն մէջ: Բեկոր իր մար­տա­կան մկրտու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ շրջա­նին մէջ՝ Ի­ջե­ւա­նի ուղ­ղու­թեամբ, ուր թշնա­մին ար­դէն սկսած էր իր ոտնձ­գու­թեանց: ­Մին­չեւ Ար­ցա­խի «իս­կա­կան» պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց սկզբնա­ւո­րու­մը, Բեկոր մաս­նակ­ցած է հայ­դու­կա­յին-հրո­սա­կա­յին շատ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու: Այդ շար­քին յատ­կա­պէս յի­շա­տա­կե­լի է Բեկորիի ղե­կա­վա­րած կա­րե­ւոր խա­փա­նա­րա­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը՝ ­Քել­բա­ջա­րի մէջ տե­ղա­կա­յո­ւած ՕՄՕ­Նա­կան­նե­րուն ռազ­մա­կան օգ­նու­թիւն տա­նող ատր­պէյ­ճա­նա­կան ռազ­մա­կան շա­րա­սիւ­նին վրայ յար­ձա­կու­մը եւ այս վեր­ջի­նին ոչն­չա­ցու­մը: ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դա­մագ­րո­ւե­լով՝ Բեկոր շատ կա­նու­խէն եւ շա­տե­րէն ա­ռաջ յան­գե­ցաւ այն հա­մո­զու­մին, որ Ար­ցա­խի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար նա­խա­պայ­ման էր ստեղ­ծել մշտա­կան, կա­նո­նա­ւո՛ր բա­նակ՝ իր կա­ռու­ցո­ւած­քով եւ եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեամբ: Այդ­պէ՛ս 1991ին, երբ սկսաւ Ար­ցա­խի կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կի ա­ռա­ջին զօ­րա­մա­սե­րուն կազ­մա­ւո­րու­մը, Բեկորին ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ գլխա­ւո­րել ա­ռա­ջին վաշ­տը, ո­րուն կո­րի­զը նոյ­նինքն իր ղե­կա­վա­րած ջո­կատն էր: Բեկոր մաս­նակ­ցած է Ար­ցա­խի տա­րած­քին մղո­ւած մար­տե­րու մեծ մա­սին՝ Աս­կե­րան, ­Հադ­րութ, ­Շա­հու­մեան, ­Վե­րին շէն, ­Բուզ­լուխ, ­Մա­նա­շիդ, ­Մա­լի­բեկ­լու, ­Խո­ջա­լու, Կրկ­ժան, ­Լես­նոյ, ­Քա­րին տակ, ­Շու­շի, ­Լա­չին ­Մար­տա­կերտ, ­Կու­սա­պատ, ­Մա­ղա­ւուզ, Սր­խա­ւենդ, ­Բաշ-­Գիւ­նե­փա­յա, Օր­թա-­Գիւ­նե­փա­յա, Դրմ­բոն…:

Շուշիի ազատագրումը

1992-ին Շուշիի ռազմական գործողութեան ժամանակ առաջին վաշտը Բեկորի գլխավորութեամբ առաջինը կը մտնէ քաղաք։ Կ'ըսէ, որ Մայիսի 8ի առաւօտեան ,Աշոտը հեռակապով կը կապուի Արկադի Տէր-Թադեւոսեանի (Գոմանդոս) հետ՝ Կեթրոնական շտապ, եւ հաղորդում, որ հայտնեն ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատարին, որ ինքը նստած է Շուշիի բերդի պատին ու կը սպասէ տղոց բարձրանալը։ «Մինչեւ մի քանի վայրկեան կը մտնեմ քաղաք»,- կ'աւելցնէ Բեկորը‌:

Բեկորի մահը

1992ի Օ­գոս­տո­սի 24ին Դրմ­բոն գիւ­ղի ա­զա­տագր­ման հա­մար մղո­ւած մար­տը ե­ղաւ վեր­ջի­նը… ան­զու­գա­կան Բեկորին։ Այս ան­գամ գնդա­կը մա­հա­ցու էր, եւ ան հե­ռա­ցաւ այս աշ­խար­հէն՝ եր­թա­լու եւ հա­մալ­րե­լու հա­մար ան­մահ փա­ղան­գը հա­յոց քա­ջա­րի հե­րոս­նե­րուն։

Բեկորի խօսքերէն

  • «Ե­թէ ­Ղա­րա­բա­ղը կոր­ծա­նո­ւի, ա­պա միայն քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րու պատ­ճա­ռով պի­տի կոր­ծա­նո­ւի — քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ա­մէ­նէն սար­սա­փե­լի գի­շա­տիչն է»։
  • «­Ղա­րա­բա­ղը լոկ սկիզբն է, վեր­ջը պի­տի լի­նի Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը»:

Աղբիւրներ

Կաղապար:Արցախի ազգային հերոսներ