«Իսլամ Եղբայրներ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ using AWB
Չ clean up, replaced: վրայ: → վրայ։ (2) using AWB
Տող 24.
[[14 Օգոստոս]] [[2013]]-ին ժամը ճիշդ 7-ին Եգիպտոսի անվտանգութեան ուժերը սկսան շարժիլ դէպի [[Քահիրէ]]ի մէջ գտնուող երկու ճամբարներ: Ըստ Եգիպտոսի ՆԳՆ-ի՝ սկզբնական ծրագիրը եղած է այսպիսին՝ աստիճանաբար դադրեցնել բողոքները, կտրել մատակարարման գիծը եւ ապահովել անվտանգ ելք անոնց համար, որոնք կ'ուզէին հեռանալ: Առաւօտեան 8:00-ին իրավիճակը սրեցաւ: Անվտանգութեան ուժերը սկսան օգտագործել զինուորական թեքնիքներ, մարտական ինքնաշարժներ, մարտական փամփուշտներ եւ արցունքաբեր կազ: Շատ ցուցարարներ գնդակահարուեցան, ուրիշներ ծայրահեղ պարագային այրեցան: Դիպուկահարները կը կրակէին բոլոր անոնց վրայ, որոնք կը փորձէին լքել ճամբարը: Շատ լրագրողներ եւ լուսանկարիչներ նորութիւններու պատկերասփիւռի կայաններով եւ համացանցի միջոցով ցուցադրեցին զէնքեր՝ ներառեալ ինքնաձիգներ, եւ հազարավոր փամփուշտներ:
 
Հազիւ Քահիրէի մէջ տեղի ունեցածը իմացած շատ մարդիկ դուրս եկան դէպի փողոց: Երկրին մէջ սկսաւ բռնութիւններու ալիք: [[Կիզա]]յի մէջ ամոխը մտաւ ոստիկանական տեղամաս: Ըստ Եգիպտոսի ՆԳՆ-ի, ընդհանուր յարձակման ենթարկուած է 21 տեղամաս: Եգիպտոսի հարաւը ամբողջութեամբ այրեցան երկու [[Ղպտիներ|ղպտիական]] եկեղեցիներ: Այդ պատճառով քրիստոնեայ ցուցարարները Մուրսիի կողմնակիցներուն մեղադրեցին «Եգիպտոսի մէջ ղպտիներբւ դէմ պատերազմ վարելուն»: Ըստ կառավարութեան «Իսլամ եղբայրներու» կողմնակիցները քանի մը շրջաններու մէջ յարձակած են կառավարական շտապ կայաններու վրայ:վրայ։ Ժամանակաւոր կառավարութիւնը մէկ ամիս ժամկէտով արտակարգ իրավիճակ մտցուց:
[[20 Օգոստոս]] [[2013]]-ին զինուորականներու կողմէ ձերբակալուեցաւ եգիպտական իսլամ եղբայրներու առաջնորդ Մոհամետ Պատը:<ref>[http://www.salzburg.com/nachrichten/welt/politik/sn/artikel/chef-der-muslimbrueder-in-aegypten-verhaftet-71175/ Chef der Muslimbrüder in Ägypten verhaftet]</ref>:
 
Տող 35.
 
== Իսլամ Եղբայրները Սուրիոյ Մէջ ==
[[Սուրիա|Սուրիոյ]] մէջ իսլամ եղբայրները եւ այլ ֆունդաիստական խմբաւորումներ կը գործեն 1970-ականներու կէսերէն, անոնք կատարեն հակաժողովրդական քարոզ, մղում զինուած պայքարի հենուելով [[Պաաս կուսակցութիւն|Պաաս կուսակցութեան]] տնտեսական ձախողած քաղաքականութենէն դժգոհութեան վրայ:վրայ։ Ծայրահեղականները կը փորձէին հաստատել իսլամական կարգ ու կանոն եւ ստեղծել միացեալ իսլամական պետութիւն: 1970-ականներուն յայտնուեցաւ «Մարտական աւանգարդը»: 1980-ականներու սկիզբը [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] մէջ տեղի ունեցած Իսլամ եղբայրներու համագումարի ժամանակ կազմակերպութեան ղեկավարութեան գլուխ անցաւ ծայրահեղականներու թեւը՝ Սայիտ Հաւային, Ատնանոմ Սայիտ ատ-Տինոմի եւ Ալի Սատրետինի ալ-Պայանունիի գլխաւորութեամբ: 1981-ին տեղի ունեցած է հերթական պառակտումը՝ «քաղաքական» եւ «ռազմական» թեւերը բաշխուեցան ըստ կազմակերպութիւններու: Ատնան Օքլան դուրս եկաւ ընդդէմ իսլամ եղբայրներու ղեկավարութեան, որ կը վարէր հակաասատական ուժերու հետ համագործակցելու քաղաքականութեան, ինչ որ կը խախտէր իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան քանի մը կանոններ: Տեղի կ'ունենան ահաբեկչական գործողութիւններ: Հիմնական թիրախներն էին [[ալաուիներ]]ը, պետվարչակազմի անդամները, անվտանգութեան գործակալները: Այս ժամանակաշրջանին «որս» բոլորի դէմ պայքարը կը հասնի իր գագաթնակէտին, որ կապուած էր վարչակարգի հետ: 1977-ի Փետրուարին սպաննուած է [[Դամասկոսի համալսարան]]ի նախագահ Մոհամմետ Ֆատելը, 1978-ի Ապրիլին սպաննուեցաւ [[Դամասկոս]]ի գլխաւոր դատախազ Ատել Մինին: 1979-ին ահաբեկիչները կ'աշխուժանան, ինչ որ պայմանաւորուած էր Իրանի մէջ կատարուած յեղաշրջումբվ: [[16 Յունիս]] [[1979]]-ին Հալէպի մէջ կը գնդակահարուին հրետանային ուսումնարանի ուսանողներ՝ 80 զոհ: 1979-ի Օգոստոսին [[Լաթաքիա]]յի մէջ կը սպաննուի սուննի շէյխ, ասոր ի պատասխան 30 Օգոստոսին այնտեղ կը սպաննուին երկու ալաուի, ինչ որ կը մղէ բախումներու, որոնց ընթացքին կը զոհուի 20 մարդ: 1979-ի աշնան ձերբակալուեցաւ 1965-էն կազմակերպութեան անդամ Իսլամ եղբայրների փոխնախագահ Ապու Մահմուտ Հուսնին: Ծայրահեղականները պայթիւն կը կազմակերպեն Դամասկոսի մէջ գտնուող Պաասի շէնքերէն մէկուն մէջ եւ կը սպաննեն Իպրահիմ Նաամէն: 1979-ի աշնան ահաբեկչութիւնները դարձան գրեթէ ամենօրեայ դէպքեր: Հալէպի մէջ ուսանողներու սպանութենէն մէկ տարի ետք սպաննուեցան հարիւրաւոր մարդիկ:
 
Ձեռնարկուած միջոցառումներու պատճառով, ոստիկանները ձերբակալեցին իսլամ եղբայրներու քանի մը առաջնորդներ՝ Ապտօ Հուսնի, Զուհեր Զապլուտու, իսկ Ապտ աս-Սաթթար ազ-Զայիմը սպաննուեցաւ, սակայն ահաբեկիչներու աշխուժութիւնը գրեթե չնուազեցաւ: [[31 Յունուար]] [[1980]]-ին կը սպաննուի շէյխ Մոհամմետ աշ-Շամին, իսկ յաջորդ օրը Դամասկոսի մէջ կը սպաննուի շէյխ Սալահ Օքլէն: 1981-ին ահաբեկիչները ինքնաշէն պայթուցիկներով սկսան պայթեցնել ինքնաշարժներ: [[29 Նոյեմբեր]] [[1981]]-ին այդպիսի պայթիւն կազմակերպուեցաւ ամերիկեան զօրակոչային կեդրոն Ալ-Ազպաքիայի (Դամասկոս) մօտ, այս պայթիւնը խլեց 90 մարդու կեանք (130 մարդ վիրաւորուեցաւ): 1980—1981 թուականներուն իսլամ եղբայրները կազմակերպեցին Հալէպի ներխուժումը<ref>{{cite news|title=Information on Muslim Brotherhood of Syria, other than that found in Revolutionary and Dissident Movements|date=01.06.1989 |publisher=Immigration and Refugee Board of Canada|accessdate=2014-08-13}}</ref><ref name="Immigration and Refugee">{{cite news|title=Information on Muslim Brotherhood of Syria, other than that found in Revolutionary and Dissident Movements |date=01.06.1989|publisher=Immigration and Refugee Board of Canada|accessdate=2014-08-13}}</ref>: