«Ինտրա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (4) using AWB
Չ →‎Գործերը: clean up, replaced: վրայ: → վրայ։ using AWB
Տող 9.
1910 թուականը անկիւնադարձ մը կը դառնայ Չրաքեանի կեանքին մէջ։ Յաջորդական ներքին տագնապներ իր մէջ կ'առաջացնեն հոգեփոխութիւն եւ կ'ուրանայ իր անցեալը, գրական վաստակը, նոյնիսկ Իռենան: Նախ կը յարի ոգեհարցութեան, ապա շաբաթապահութեան, դառնալով աւետարանի քարոզիչ: Համաշխարհային Առաջին պատերազմին իբրեւ հասարակ զինուոր կը ծառայէ թուրք բանակին մէջ. բայց կը մերժէ զէնք վերցնել, հաւատարիմ մնալու համար «մարդ չսպաննելու» իր սկզբունքին: Իր աշակերտները դրամ կը հաւաքեն եւ զինք կ'ազատեն զինուորութենէ՝ վճարելով անհրաժեշտ փրկագինը: Պոլիս վերադառնալով՝ կը շարունակէ Ս. Գիրքի քարոզչութեամբ զբաղիլ: Կինն ու մէկ հատիկ զաւակը կը հեռանան տունէն՝ անհանդուրժելի գտնելով շաբաթապահ քարոզիչի իր ընթացքը: Խորապէս ցնցուած 1915-ի ահաւոր ոճիրներէն, ընդմիշտ կը կորսնցնէ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ անձնատուր կ'ըլլայ մտասեւեռումներու: Այդ օրերուն է որ կ'այրէ իր բոլոր ձեռագիրները: 1919-1920 տարիներուն կը հիմնէ Աւետարանական լսարան եւ կը քարոզէ Քրիստոսի սէռը եւ հանդերձեալ կեանքի գեղեցկութիւնը: Հոգեկան տագնապը այնուհետեւ արգելք կը դառնայ գրական ամէն ստեղծագործութեան եւ մահուան փափաքը իր հիմնական մտածումը կը դառնայ: Քեմալական շարժումի օրերուն, Ինտրա մեկնած էր Գոնիա, ուր տունէ տուն պտտելով կը քարոզէր Աւետարանի եւ քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնը: Կը ձերբակալուի իբրեւ կասկածելի ու վտանգաւոր անձ, «կիլիկեան յեղափոխական գործիչ» եւ կ'աքսորուի անծանօթ ուղղութեամբ: Տասնեակ օրերու տաժանելի ճամբորդութենէ ետք, իր բախտակիցներուն հետ կը հասնի Տիգրանակերտի դաշտը եւ անօթի, ծարաւ ու հիւանդ, մտրակներու հարուածներու տակ, ի վերջոյ շունչը կը փչէ 1921 Սեպտեմբեր 11-ին, ընկերներուն յանձնարարելով սէր, միութիւն եւ հաւատք: Իր ծանօթներուն վկայութեամբ՝ Ինտրա կեանքին ընթացքին եղած է ստորնութեանց եւ միջակութեանց մոլեգին դշնամի, վերջին ծայր սրասմիտ, վիճաբանիլը սիրող, գեղեցիկին առջեւ սարսռացող, զօրաւոր յուզումներ բնտռող եւ այդ յուզումներով գինովնալ սիրող բացառիկ անձ մը:
== Գործերը ==
Գրական նախափորձերը եղած են ոտանաւորներ՝ գրուած Պէրպէրեան վարժարանի ուսանող եղած օրերուն: «Բիւզանդիոն», «Շիրակ», «Ոստան», «Արեւելք» թերթերուն աշխատակցած է արձակ էջերով, քննադատական փորձերով, ճամբորդական նօթերով եւ իմաստասիրական ու ոգեհարցական ուսումնասիրութիւններով: Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը» հրատարակած է Չրաքեանի արժէքաւոր նամակները, որոնք յոյս կը սփռեն իր կեանքին եւ հոգեկան բեկումներուն վրայ:վրայ։ Կը խօսուի նաեւ վէպի մը եւ սիրային արձակ քերթուածներու մասին, որոնք շատ հաւանօրէն յանձնուեցան կրակին, իր հոգեկան տագնապի օրերուն: Հատորի ձեւին տակ Ինտրայէն մեզի հասած են երկու գործեր.-
 
1)'''«ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ»'''.- Տպուած 1906-ին, բայց գրուած 1898-1900 շրջանին, այսինքն երբ հեղինակը 23 տարեկան էր տակաւին: Տիրան Չրաքեան 16 Հոկտեմբեր 1900-ին Մ. Կիւրճեանին ուղղուած նամակի մը մէջ կը գրէ. «Գիրքս լմցուցի այսօր: Օ~հ, մեծ, մեծ ազատումը, զոր սակայն, վարժութեամբ դեռ չեմ կրնար կոր չափել. գործին գաղափարը զիս այնքան նեղած էր, որ կարծես թէ դեռ լմնցուցած չեմ զայն. մինչդեռ իսկապէս լմնցաւ այս առտու»: Գիրքը ձօնուած է իր ուսուցիչ-տնօրէնին՝ Ռ. Պէրպէրեանին: Պէրպէրեան գրած է շահեկան յառաջաբան մը, ուր կը ջանայ մատնանշել Ինտրայի տաղանդին յատկանիշերը: Ինչպէս խորագիրը ցոյց կու տայ, այս գիրքը կը պատկերացնէ Ինտրայի ներքին աշխարհը՝ արտաքին պատկերներու եւ դէպքերու շրջանակին մէջ։ Հոն կը գտնենք բնութեան նկարագրութիւններ՝ «խոկացող» նոճիներով, ձիւնածածկ լեռներու տաճարային խորհուրդով, Պոլսոյ սլացիկ մինարէներով: Ականատես կ'ըլլանք բանաստեղծի ապրումներուն՝ իր սենեակի առանձնութեան մէջ, գիշերուան լամպարի աղոտ լոյսին մէջ։ Մեզ կը փոխադրէ Սեւ Ծովու ափերը կամ բուրգերու ստորոտը, «Առասպելօրէն անրջացած սփինքսին» խորհրդաւոր նայուածքին տակ: Այս գիրքին մէջ կը գտնենք տակաւին պաշտամունքը լոյսին, իր բիւրեղային մաքրութեամբ: Հոս է սէրը՝ Իրենան, «լուսեղէն եւ արփային» այդ էակը, որ ամբողջովին լոյս է ու հոգի: Գիրքը մեր առջեւ կը բանայ նաեւ մանկութեան յիշատակներ, եկեղեցիի զանգակին եւ խունկի բուրումներուն կախարդանքովը անուշցած: Բանաստեղծական այս բոլոր ապրումներուն քովն ի վեր, «Ներաշխարհ»ը կու տայ վկայութիւններ արեւելքի եւ արեւմուտքի իմաստասիրական մտածումներէն, ինչպէս նաեւ արձագանգը կը հանդիսանայ ընկերային հարցերու: Դժուար է այս գիրքին նիւթը ամփոփել, որովհետեւ աւելի վերլուծում է մտածումներու եւ զգացումներու, քան թէ դէպքերու պատմում:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ինտրա» էջէն