«Հայկ Բժշկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (6) using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: էր: → էր։ , վրայ: → վրայ։ using AWB
Տող 24.
[[1918]]-ի սկիզբը, նորահաստատ խորհրդային իշխանութիւնները, շարք մը հրամանագրերով իրաւունք կու տան Միջին Ասիա բնակող հայութեան կամաւորական ջոկատներ կազմել եւ մեկնիլ Հայաստան թրքական բանակներուն դէմ պայքարելու համար: Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ կամաւորական ջոկատներ կը կազմուին [[Աշխապատ]]ի, [[Սամրղանտ]]ի եւ [[Դաշկենտ]]ի մէջ։ Սամրղանտի ջոկատը որ վերջնականապէս կը ձեւաւորուի [[1918 Փետրուար]]ին, կը դրուի Հայկ Բժշկեանի հրամանատարութեան տակ: Ջոկատի նպատակն էր հասնիլ Պաքու [[Ստեփան Շահումեան]]ի օգնութեան: Սակայն, կռիւներու ընդլայնման պատճառով դէպի Պաքու տանող ճամբաները կը փակուինեւ Հ. Բժշկեանի ջոկատը կը մեկնի [[Օրենպուրկ]] ուր կը միանայ կանոնաւոր Կարմիր Բանակին: Հ. Բժշկեան իր յետագայ ճակատագիրը կը կապէ Կարմիր Բանակին իսկ Հայաստանի փրկութիւնը՝ Խորհրդային Միութեան զօրացման հետ:
 
Փակագիծ մը անձնական յուշերէս: Պատանի էի. ՙՀայկ Բժշկեան՚ պատանեկան միութեան անդամ: Միութենական աշխատանքի խանդավառ մէկ պահուն, տարեց ընկեր մը մօտեցաւ եւ գորովալից ձայնով մը ըսաւ, -տղաս, գիտե՞ս որ ես Հայկ Բժշկեանը անձնապէս կը ճանչնամ. երբ մենք Պոլսոյ մէջ նշեցինք 20-ներուն տարեդարձը, հոն ներկայ եղաւ ան ու ելոյթ ունեցաւ: Պատանեկան միտքս չըմբռնեց ըսուածին տարողութիւնը: Ապագային ալ, երբ կը մտաբերէի տարեց ընկերոջ ըսածը, այդ կը վերագրէի երեւակայութեան կամ սխալ յիշողութեան: Բայց ամէն բան շրջուեցաւ երբ կարդացի [[Աշոտ Պատմագրեան]]ի յուշերը. Ա. Պատմագրեան կ’ըսէ թէ 1921-ին երբ Պաթում կ’երթայ, այդ տեղէն նաւով Կ. Պոլիս երթալու համար, Պաթումի մէջ կը հանդիպի երեք հայերու՝ թաւրիզեցի [[Արմենակ Ահարոնեան]], Հայկ Բժշկեան եւ [[Միսաք Վարդարանեան]]: Ապա նոյն հայերուն կը հանդիպի նաւուն վրայ:վրայ։ Ան կը գրէ.- ՙՄենք շատ զարմացանք տեսնելով որ առաջին երկուսը դրել էին պարսկական մեծ գլխարկներ եւ մանաւանդ Արմենակը կատարեալ Թաւրիզեցի Թուրքի էր նմանւում: Մեզ բացատրեցին որ Տաճկաստանում հայերի հանդէպ վատ տրամադրութիւն է տիրում եւ իրենք, առ ի զգուշութիւն, իրենց պարսիկ էին ուզում ներկայացնել՚: Ուրեմն... բացառուած չէ որ Հ. Բժշկեան Կ. Պոլիս գտնուած ըլլայ: Իսկ արդեօ՞ք ան մասնակցած է 20-ներու ոգեկոչումին: Այդ կարելի էր ստուգել միայն ժամանակաշրջանի հայկական մամուլի՝ յատկապէս հնչակեան օրկան ՙԵրկիր՚ի էջէրէն: Դժբախտաբար, նոյնիսկ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի ՙԵրկիր՚ի հաւաքածոն ամբողջական չէր եւ մեզի հետաքրքրող ամիսներու թիւերը կը պակսէին: Բայց չսպասուած տեղէ մը օգնութեան կը հասնի Պուլկարիոյ շրջանի հնչակեան օրկան [[ՙՊալքանեան Մամուլը]]՚, որ իր 1919 Յունիս 16-ի թիւով, [[Քսան Կախաղաններ]]ու Տարեդարձը Կ. Պոլսոյ Հայութեան Յարգանքը Ս.Դ.Հնչակեան նահատակներուն՚ յօդուածով (հաւանաբար արտատպուած ՙԵրկիր՚էն) կու տայ հանդիսութեան նկարագրութիւնը: Կը պարզուի որ այդ եղած է համազգային բնոյթի եւ Ս.Դ.Հնչակեան բանախօսին կողքին ելոյթ ունեցած են [[Հ.Ս.Ռամկավար]], [[Հ.Յ.Դաշնակցական]] եւ Վերակազմ Հնչ. Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները: Ապա, [[ՙԶօր. Անդրանիկ]] օգնականներէն մէկը՝ հրամանատար Հայկ, փափաք յայտնած ըլլալով արտայայտուելու, խօսեցաւ երբ կռիւի դաշտէն լսեցինք թէ յանուն սուրբ գաղափարին Սթանպուլի մէջ կառափնատ էին բարձրացրել 20 հնչակեաններ, մեր թեւերը չկախուեցան այլեւս վար, եւ զէնքը ձիգ ուղղուած մնաց թշնամիին կուրծքին: Անոնց կախաղանները մեզ խրախուսող ոգիներ եղան մինչեւ վերջը. հրաւիրեց ժողովուրդը ըլլալ միշտ խրոխտ, միշտ մարտական՚: Իսկ ո՞վ էր ՙԱնդրանիկի հրամանատարներէն Հայկը՚, արդեօ՞ք ան նոյն Հայկ Բժշկեանն է որ ինչպէս Թաւիրզէն- Կ. Պոլիս ճամբուն վրայ կիսածպտուած էր՝ կը շարունակէր մնալ կիսածպտուած: Բայց Ա. Պատմագրեան Հ. Բժշկեանի այցը Կ. Պոլիս կը նշէ 1921 թուին, մինչդեռ ծերութեան մէջ գրած իր յուշերուն մէջ Ա. Պատմագրեան սխալած ըլլայ. բացառուած թէ նաեւ որ Հ. Բժշկեան քանի մը անգամ Կ. Պոլիս այցելած ըլլայ: Յամենայն դէպ մեզի ծանօթ տարեց ընկերոջ ըսածին, Ա. Պատմագրեանի յուշերուն եւ ՙՊալքանեան մամուլի՚ հաղորդումին մէջ ընդհանուր իրականութիւն մը կայ՛. ա՛նպայման կայ:
 
Կարմիր Բանակին միանալէն ետք, Հ. Բժշկեան կը նշանակուի Ստավրոպոլեան ռազմաճակատի հրամանատարի տեղակալ, ապա Սիմպիրիսկի հաւաքական զօրաբանակի (հռչակաւոր 24-րդ ՙԵրկաթիա Սիւիզիա՚ն) հրամանատար ապա Ա. յեղափոխական հրամանատար: Իր ջանքերով կը հիմնադրուի Ա. կարմիր կովկասեան հեծելազօրային վայրի տիւիզիան: Իր զօրքերով հակախորհրդային ուժերուն դէմ կը կռուի [[Ուքրանիոյ]], [[Լեհաստան]]ի, [[Չեխոսլաւաքիոյ]] եւ [[Գերմանիոյ]] մէջ։ [[1920]]-[[1922]] կը հետեւի ռազմական ակադեմիայի դասընթացքներուն: 1922-ին կը նշանակուի Խորհ. Հայաստանի զինուորական ժողովրդական Կոմիտաս (իմա՝ պաշտպանութեան նախարար), միաժամանակ կը նշանակուի սովետական բանակի յատուկ նշանակութեան զօրամասերու հրամանատար: Հ. Բժշկեանի ջանքերով [[Հայաստան]]ի մէջ կը բացուի հրամանատարական դպրոց, ուսման եռամեայ ծրագիրով: ([[1923]]-ին յիշեալ նախարարութիւնը կը վերանայ): [[1925]]-[[1929]] կը հետեւի ֆրունզէի անուան ռազմական ակադեմիայի դասընթացքներուն, կը պաշտպանէ իր աւարտաճառը, կը ստանայ փրոֆեսորի կոչում եւ կը նշանակուի նոյն ակադեմիայի ռազմական արուեստի պատմութեան դասախօս (ապա ամպիոնի վարիչ): Հ. Բժշկեան գրչին կը պատկանի ռազմական բնոյթ բազմաթիւ գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ:
 
[[1937]]-ին որպէս հայրենիքի թշնամի կը գնդակահարուի ստալինեան բռնակալութեան կողմէ:
[[1923]]-ին, մինչ Հ. Բժշկեան կը վարէր պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը, Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը գտնուէր գաղափարական բնոյթի ներքին դժուարութիւններու մէջ։ Իրողութիւնը այն էր, որ [[1922]]-ի վերջաւորութեան [[Ս.Դ.Հ.Կ․]] Թիֆլիսի Կեդրոնական Վարչութիւնը դիմում կը կատարէ Կոմինդերնը սա կը նկատէ առիթ մը, Խորհրդային Միութեան տարածքին եւ անորմէ դուրս Հնչակեան Կուսակցութիւնը լուծելու համայնավար կուսակցութիւններուն մէջ։ Խորհրդային Միութեան մէջ ասորմէ փախուստ չկար: Արտասահմանի մէջ սակայն այդ շատ դժուարին փորձ մըն էր:էր։ [[ԱՄՆ]]-ի մէջ այդ փորձին ջատագովները կը պնդէին թէ [[Հայաստանի Խորհ. Հանրապետութեան]] ծնունդը պէտք է նկատել Հնչակեան Կուսակցութեան նպատակներուն իրագործումը, ուստի կուսակցութեան գոյութիւնը այլեւս կը դառնայ ինքնանպատակ: Ներքին վէճերու այս մթնոլորտին մէջ, Ս.Դ.Հ.Կ. ԱՄՆ-ի Վարիչ Մարմինը (Նիւ Եորք), կ’որոշէ այս հարցին մասին իմանալ Հ. Բժշկեանի կարծիքը: Այս յանձնարարութիւնը կը տրուի Վ. Մարմնի քարտուղար Սեդրակ [[Շահէն]]ին, որ այս մասին նամակ մը կը յղէ անոր: Պատասխան նամակին մէջ Հ. Բժշկեան լակոնական ոճով կը գրէ.- ՙՍ. Շահէն: Ստացայ Ձեր նամակը: Յայտնում եմ Ձեզի, ուր որ էք հոն մնացէք եւ շարունակեցէք: Հայկ Բժշկեան: 5-14, 1923, [[Երեւան]]՚ :
Այդ շրջանին, Հայկ Բժշկեան աւելին չէր կրնար ըսել: