«Քարոզ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (2) using AWB
Չ clean up, replaced: միջեւ: → միջեւ։ , վրայ: → վրայ։ (2), մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
Տող 22.
 
== Քարոզը Հայոց Եկեղեցւոյ Մէջ ==
Քարոզը իր գործուն ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ հայոց կեանքին մէջ, մեծ կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն ստացած է [[Հայ Եկեղեցի|Հայ եկեղեցւոյ]] մէջ:մէջ։ Հայոց դարձը սկսած է քարոզչութեամբ: [[Գրիգոր Ա Լուսաւորիչ]]ը [[Խոր վիրապ]]էն ելլելէն ետք իր քարոզչութեամբ ժողովուրդին նախապատրաստած է քրիստոնէութեան ընդունման: Գրիգոր Ա Լուսաւորիչով սկիզբ առած հայկական քարոզխօսությունը իրենց հովիւական եւ ուսուցողական գործունէութեամբ շարունակած են Հայ եկեղեցւոյ հայրերը ([[Ներսէս Ա. Մեծ]], [[Մեսրոպ Մաշտոց]], [[Սահակ Ա. Պարթեւ]], [[Յովհաննես Ա. Մանդակունի]], [[Յովհաննես Գ. Օձնեցի]], [[Ներսէս Շնորհալի]], [[Ներսէս Լամբրոնացի]], [[Եսայի Նչեցի]], [[Յովհան Որոտնեցի]], [[Գրիգոր Տաթեւացի]], [[Մաղաքիա Օրմանեան]], [[Եղիշէ Դուրեան]] եւ ուրիշներ), որոնք նաեւ իրենց ժամանակի մեծագոյն քարոզիչները եղած են:
 
Քարոզխօսութիւնը այնքան կարեւորուած է, որ Գրիգոր Տաթեւացին անիկա աւելի հեղինակաւոր դարձնելու նախապայման համարած է վարդապետական իշխանութիւն ունենալը: Վարդապետական եւ ծայրագոյն վարդապետական գաւազանի տուչութիւնը, որպէս նշան ուսուցողական, քարոզչական իշխանութեան, կը խորհրդանշէ Հայ եկեղեցւոյ քարոզխօսութեան կարեւորութիւնն ու արժէքը:
 
== Քարոզի Կառուցուածքը Եւ Բովանդակութիւնը==
Քարոզի կառուցուածքին, ունեցած նշանակութեան, դերին ու ազդեցութեան անդրադարձած է Գրիգոր Տաթեւացին իր «Վասն մեղաց լեզուի» եւ «Վասն երկրագործաց» քարոզներուն մէջ, որոնցմէ առաջինը նուիրուած է քարոզի մատուցման կերպին ու միջոցներուն, երկրորդը՝ կառուցուածքին: Ան քարոզի ժանրային կառուցուածքը բաժնած է հինգ մասի՝ ''բնաբան, նախերգան, քարոզ, յորդորակ եւ օրհնութիւն'': Քարոզը կ'ըսուի բարձր տեղէ, ըստ Սուրբ Գիրքի՝ «պարիսպներու գլուխէն» (Առակ. 1.21): Ժողովուրդէմ վեր կէտէ մը քարոզելու գաղափարը իր արտայայտութիւնը գտած է նաեւ եկեղեցւոյ ընդհանուր կառուցուածքին մէջ:մէջ։ Եկեղեցւոյ խորանը, որուն բարձրութենէն կը քարոզէ քահանան, համաձայն քրիստ. խորհրդաբանութեան, միջանկեալ տեղ կը գրաւէ երկինքի ու երկրի միջեւ:միջեւ։ Աստուածաշունչի մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ քարոզը պէտք է ըլլայ հրապարակային: Ատոր լաւագոյն օրինակը «Լեռան քարոզն» է (Մատթ. 5.1–12), որ նաեւ կը կոչուի «փոքր Աւետարան», իսկ [[Մկրտիչ Խրիմեան]]ի խօսքերով՝ «մարգարիտ Արքայութեան երկնէն», եւ խտացուած ձեւով կը բովանդակէ քարոզած ճշմարտութիւններու բուն կորիզը: Ըստ [[Պօղոս առաքեալ]]ի, քարոզը կը բխի ոչ թէ մարդկային կամեցողութենէն կամ իմաստութենէն, այլ՝ «աստուածային Սուրբ Հոգիէն», եւ պէտք է ըսուի Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ ու վարդապետութեամբ (Ա Կորնթ. 2.3–5, 11–14):
 
Քարոզը կը հիմնուի Աստուածաշունչի, մասնաւորապէս՝ Նոր կտակարանի վրայ:վրայ։ Սուրբ Գիրքի ընթերցումէն ետլ քարոզիչը խորան կը բարձրզնայ եւ օրուան ընթերցումներէն կ'ընտրէ իր քարոզի բնաբանը: Աւելի ուշ շրջանին բնաբաններ կ'ընտրուին նաեւ շարականներէն եւ առանձին դէպքերու՝ հայ դասական մատենագրութեան՝ եկեղեցւոյ կողմէ նուիրագործուած հատուածներէն: Քարոզները, նուիրուած ըլլալով օրուան տօնին կամ այդ օրը եկեղեցւոյ մէջ կարդացուող սուրբգրային համապատասխան ընթերցուածին (սաղմոսներ, մարգարէական, առաքելական եւ աւետարանական հատուածներ, որոնք որոշուած են հաստատուն կերպով), այնուհետեւ տուեալ տօնը կը շաղկապեն ժամանակի խնդիրներուն եւ ազգային կարեւոր իրադարձութիւններուն, իսկ օրուան ընթերցուածներու վրայ խարսխուած քարոզներուն մէջ, նոյն կերպ աւետարան. գաղափարները արծարծելէ ետք, քարոզիչները կ'անդրադառնան այն հարցին, թէ որքանով մարդիկ կը կարողանան հաւատարիմ մնալ այդ գաղափարներուն: Ատորմով սուրբգրային մնայուն գաղափարներուն, քրիստոնէական բարոյականութեան եւ արժեքներուն կը հաղորդուի արդիական հնչեղութիւն:
 
Քարոզը սոսկ իր բնաբանի մեկնութիւնը չէ, այլ ուղղուած է տուեալ ժամանակի ունկնդիրին, որուն համար տարբեր ժամանակներու աստուածաշնչեան միեւնոյն մնայուն մտքի ու հոգեւոր խորհուրդի արտայայտութիւնը իմաստային տարբեր նրբերանգներ ձեռք կը բերէ եւ ըստ այդմ ալ կ'ընկալուի ու կը կարեւորուի:
Տող 35.
Հայ եկեղեցւոյ քարոզիչը, եթէ եպիսկոպոս կամ վարդապետ է, կը կրէ իր իշխանութեամբ տրուած գաւազանը: Քահանայ քարոզիչը կը կրէ ձեռաց խաչ, սարկաւագը՝ Աւետարան:
 
Հոգեւորականը, «Ամէն»-ով աւարտելով քարոզը, ձեռքի խաչով կը խաչակնքէ՝ «կնքէ զբանն»: Ծիսական այս ընթացքի հոգեւոր խորհուրդի բացատրութիւնը Գրիգոր Տաթեւացին կը խարսխէ Ղուկասի Աւետարանի «սերմը Աստուծոյ խօսքն է» (Ղուկ. 8.11) և Մարկոսի Աւետարանի «Եւ լաւ հողի մէջ սերմանուածները այն մարդիկ են, որ կը լսեն խօսքը եւ կ'ընդունին ու պտուղ կու տան...» (Մարկ. 4.20) խօսքերուն վրայ:վրայ։ Ըստ այդ զուգահեռի, քարոզը այն սերմն է, որ կը ծլարձակէ մարդու հոգիին մէջ, այսինքն՝ կը ներազդէ իր վրայ, եւ ինչպէս հողագործները սերմանելէն ետք կը ջրեն, նոյն կերպ եւ քարոզիչները քարոզելէն ետք խաչով կը կնքեն, այսինքն՝ կ'օրհնէ այն հոգիները, ուր սերմանած են «Բանն Աստուծոյ»: Գրիգոր Տաթեւացին կը զգուշացնէ նաեւ, որ քարոզը կարող է ներազդել միայն այն պարագային, եթէ քարոզիչը կը հետեւի իր քարոզածին եւ կ'ապրի իր քարոզած կեանքով:
 
== Քարոզը` Եկեղեցական Մատենագրութեան Ժանր ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Քարոզ» էջէն