«Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Նիկողայոս Միստիկոսի գործունէութիւնը: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (3) using AWB
Replacing Ashot_Medz.gif with File:Ashot_Medz.png (by CommonsDelinker because: file renamed, redirect linked from other project).
Տող 33.
Այդ շրջանին հայ-բիւզանդական եկեղեցական յարաբերութիւնները միշտ եղած են, մէկ կողմէն՝ Հայոց կաթողիկոսներու եւ թագաւորներու, միւս կողմէն՝ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներու ու բիւզանդական կայսրերու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ։ Հայ եւ յոյն վարդապետներու, աստուածաբաններու յաճախակի դաւանաբանական վէճերը, որպէս կանոն, տեղի ունեցած են Կոստանդնուպոլսոյ մէջ՝ Սուրբ Սոֆիայի ամբիոնէն։ Անոնց մասնակցած են նաեւ աշխարհիկ տէրերը։ Կոստանդնուպոլսոյ նման բանավէճեր ունեցած են [[Յակոբ Սանահնեցի]]ն, [[Գագիկ Բ Բագրատունի]]ն, [[Գագիկ Աբասեան]]ը, [[Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի]]ն, Բագրեւանդի իշխան Ատրներսեհը եւ ուրիշներ։ Հայ կաթողիկոսներէն Բիւզանրիոն գացած է միայն [[Պետրոս Ա Գետադարձ]]ը, որուն պատրիարքն ու կայսրը ընդունած են փառք ու պատուով։ Կաթողիկոսը, հաւանաբար, առերես ստորագրած է եկեղեցիներու միութեան գիրը՝ կանխելու համար բիւզանդացիներու ներխուժումը Շիրակի Բագրատունիներու թագաւորութիւն։ Հայոց կաթողիկոսներէն ոմանք ալ ([[Յովհաննէս Է Դրասխանակերտցի]], Ներսէս Շնորհալի), չնայած հրաւէրներուն, չեն մեկնած Կոստանդնուպոլիս՝ խուսափելով քաղկեդոնականներու հետ հաղորդակցուելէ եւ քաղկեդոնականութեանը յարելու մեղադրանքներէն։ 1700 տարուայ ընթացքին Կոստանդնուպոլսոյ միայն մէկ Տիեզերական պատրիարք՝ [[Բարդուղիմէոս առաքեալ|բարդուղիմէոս Ա]] այցելած է Հայաստան ([[1997]] թուականին)` Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա Սարգիսեանի հրաւէրով, ի պատասխան վերջինիս Կոստանդնուպոլսոյ աթոռ կատարած այցելութեան: Թրքական տիրապետութեան հէնց սկզբը` [[1461]] թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ստեղծուած է Հայ եկեղեցւոյ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը (տես [[Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւն|կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութիւն]]):
 
[[Պատկեր:Ashot Medz.gifpng|մինի|աջից|Աշոտ Ա]]
Անկէ ետք հայ-յունական եկեղեցական յարաբերութիւնները թէեւ չեն աշխուժացած, բայց քաղական դժնդակ պայմաններու բերումով Կոստանդնուպոլսոյ հայոց եւ յունաց պատրիարքութիւնները շատ հարցերու մէջ համագործակցած են՝ մոռացութեան տալով դաւանական տարաձայնութիւնները։ Մեծ եղեռնի ժամանակ, երբ ցեղասպանութեան զոհ գացած են բազմաթիւ հայ հոգեւորականներ, փրկուած հայերը մնացած են առանց քահանաներու։ [[29 Մայիս]] [[1919]] թուականին Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցւոյ [[Սինոդ]]ը Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական աթոռին ենթակայ մետրոպոլիտներուն շրջաբերական գրութեամբ մը յայտնած է, որ հայոց Զաւէն պատրիարքը խնդրանքով դիմած է Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան, որպէսզի այդ վայրերուն մէջ, ուր չկան հայ քահանաներ, թոյլատրուի օրթոդոքս քահանաներուն ժամանակաւորապէս սպասարկել այդտեղի հայերու հոգեւոր կարիքները։ Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը համաձայնած եւ ընդառաջած։