«Ծով» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: (արեւմտահայերէն) (5) using AWB
Պալթիկ ծովի - Պալթեան ծովի
Տող 5.
Ըստ մեկուսացման աստիճանի եւ ջրաբանական կարգի առանձնայատկութիւններուն ծովերը կը բաժնուին հետեւեալ խումբերուն՝ ներքին ծովեր, միջերկրական ծովեր, կիսամեկուսի ծովեր, ծայրամասային ծովեր, միջկղզային ծովեր։ Ըստ աշխարհագրական դիրքի, միջերկրական ծովերը երբեմն կը բաժնեն միջմայրցամաքային եւ ներմայրցամաքային ծովերու։
 
Ծովերը երկրաբանական առումով երիտասարդ են: Անոնք առաջացած են պալեոգէն-նեոգենի մէջ եւ վերջնականապէս ձեւաւորուած անթրոպոգենի մէջ: Կլիման եւ ջուրի ջերմաստիճանը կախուած են ծովու աշխարհագրական լայնութենէն, ջրային զանգուածի ծաւալէն ու խորութենէն, հարակից ցամաքներուն կլիմայէն: Անոնցմէ շատերու ([[Միջերկրական Ծով|Միջերկրական ծով]], [[Կարմիր Ծով|Կարմիր ծով]], Աւստրալա-Ասիական ծով, [[Պարսից Ծոց|Պարսից ծոց]]) ջուրը թէ՛ մակերեսին եւ թէ՛ խորքին մէջ աւելի տաք է, քան ովկիանոսի հարեւան տարածութիւններունը, իսկ միւսներունը (Օխոտի, Բերինգի ծովեր, Ա. Լաւրենտիոսի, Հուդզոնի ծոցեր)՝ աւելի պաղ: Աշխարհի մէջ ջրոլորտի մակերեւութային առաւելագոյն ջերմաստիճանները գրանցուած են ոչ թէ ովկիանոսներուն մէջ (32 °C), այլ՝ ծովերուն (Կարմիր ծովուն, Պարսից ծոցին՝ մինչեւ 35 °C): Ծովուն ջուրի աղիութիւնը, ի տարբերութիւն ովկիանոսին, խիստ կը տատանուի: Սեւ ծովու մակերեսին աղիութիւնը 18‰ է, իսկ հիւսիսային ափերուն մօտ, թափուող գետերուն շնորհիւ, կը հասնի 5-6‰-ի: Խոնաւ ու ցուրտ շրջանի մէջ գտնուող ՊալթիկՊալթեան ծովի աղիութիւնը 6-8‰ է: Չորային կլիմայ ունեցող երկրներով շրջապատուած ծովերու աղիութիւնը բարձր է, Միջերկրական ծովունը 38-39‰ է, Կարմիր ծովունը՝ մինչեւ 41,5‰:
 
Ծովու եւ ովկիանոսի միջեւ տեղի կ՛ունենայ ջրափոխանակութիւն (նեղուցներով): Սառցակալումը սաստիկ է Հիւսիսային Սառուցեալ ովկիանոսի ծայրամասային ծովերուն մէջ, ուր սառոյցները կը պահպանուին նաեւ ամրան: Բարեխառն գօտիին մէջ հիւսիսային մասի ծովերուն սառցապատումը աւելի վաղ կը սկսի (Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր)՝ ջուրի նուազ աղիութեան եւ ցամաքի շուտ սառչելու հետեւանքով: Ամրան, ցամաքի տաքացման եւ գետային տաք ջուրերու ներհոսքի շնորհիւ, սառցապատումը շուտ կը վերանայ: Ծովու ջուրին գոյնը բարձր ջերմաստիճանի եւ զգալի աղիութեան պայմաններուն կապոյտ է, մերձբեւեռային սառ եւ նուազ աղիութեան պարագային՝ կանաչաւուն:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ծով» էջէն