«Կատակերգութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Բ. Կատակերգութիւն: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (3) using AWB
→‎Ա. Ողբերգութիւն: յետագայ-հետագայ
Տող 16.
Դիցաբանական խորքի վրայ, գլխաւոր գործող անձը՝ ողբերգական հերոսը, մարդկային արտասովոր տիպար էր առհասարակ։ Ան կ՛ապրէր ճակատագրական բախում մը, կը գործէր ճակատագրական սխալը, որ իր կործանումը կը բերէր։ Հետեւելով անհատական իր ճակատագրին, հանդիսատեսին մէջ ան կը ստեղծէր "կարեկցութիւն մը, որ "գեղագիտական յուզումին ու բարոյական իտէալին միացած՝ կ՛ունենար զգալի դաստիարակիչ ազդեցութիւն։
 
Հակառակ իրենց այս մասնայատկութիւններուն, Հնադարու հելլէն մեծ ողբերգակներու գործերը յաջողեցան ընել մարդկային–բարոյական ընդհանրական հարցադրումներ, որոնք իբր ժառանգութիւն փոխանցուեցան ու մնացին անփոփոխ՝ յետագայհետագայ դարերուն եւ հազարամեակներուն՝ տեսակի հոլովոյթին ու ձեւաւորումներուն մէջ։
 
Ողբերգութիւնը երկրորդ ծնունդ մը ունեցաւ «Նոր» ժամանակներուն, [[եւրոպա]]կան [[Վերածնունդ]]ի մթնոլորտին մէջ։ [[16]]–րդ դարուն՝ [[Անգլիա]]ն (Ու.Շէյքսփիր), իսկ աւելի ետք՝ [[Ֆրանսա]]ն (Փ. Քորնէյ, ժ. Ռասին),[[Գերմանիա]]ն (Շիլլէր, Կէօթէ), [[Ռուսիա]] (Պուշկին) եւ այլն, նոր ձեւեր տուին անոր։