«Շահանդուխտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{ԱՀ}} using AWB
No edit summary
Տող 1.
'''Շահանդուխտ''', (Սանդուխտ Պերթիզլեան) գրագիտուհի, բանաստեղծուհի, [[Խմբագիրлар|խմբագիր]], յօդուածագիր։

Ծնած՝ а<nowiki/>է [[Պէյրութ]] [[(Լիբանան)]], [[1929]]-апооին։թուին։
 
Նախակրթութիւնը ստացած է [[Նոր Մարաշ թաղ]]ի [[Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան]]<nowiki/>ին մէջ։ Ինքնաշխատութեամբ յաջողած է սորվիլ Ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն, ապա հետեւած է [[Պէյրութի Ֆրանսական Մշակութային Առաքելութեան կեդրոնի լեզուական ու գրական դասընթացքներ]]<nowiki/>ուն, որմէ ետք աւարտած է [[Սէն Ժոզէֆ համալսարան]]<nowiki/>ի հայագիտական դասընթացքը, նետուելով ուսուցչական եւ լրագրական ասպարէզ։
== Կենսագրութիւն ==
Հինգ տարի ուսուցչական ասպարէզ վարելէ ետք ազգային նախակրթարանի մը մէջ, [[1960-1975]] մաս կազմած է Պէյրութի [[«Այգ» օրաթերթ]]<nowiki/>ի խմբագրական կազմին, իսկ այդ թուականէն մինչեւ այսօր [[«Ազդակ» օրաթերթ]]<nowiki/>ին մէջ տակաւին կը խմբագրէ բազմաթիւ յօդուածներ։
 
Գրական նախափորձերը կատարած է « Ակօս» պարբերականին մէջ, իսկ արձակ էջերու իր առաջին գործը հրատարակած է 1962-ին՝ « Իմ աշխարհէն» խորագրուած հատորով մը (պատմուածքներ), ուր տիպարներ, պատկերներ եւ տպաւորութիւններ կու տայ իր թաղի առօրեայէն, առաւելապէս նկարագրական, պատմողական նկարագրով։ 1926 -1980՝ յաջորդաբար հրատարակուած են իր հետեւեալ գործերը,-գործերը՝ «Հացեկացէն կու գամ» (1968,) Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600- ամեակին առթիւ, իբրեւ մասնակցութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ կազմակերպուած գրական մրցանքի մը),« Գարնան ձիւն տեղաց» (1969, քերթուածներ), «Սաննինէն ջուր խմեցինք» (1970, արձակ էջեր՝ որուն արաբերէնով թարգմանութիւնը հրատարակուած է 1973-ին, Գէորգ Չիլինկիրեանի թարգմանութեամբ), «Աւանդատուն» գրքոյկը (1974, բանաստեղծութիւններ՝ նուիրուած Նարեկացիի), «Քարացած լեզուներ» (1975, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 60- ամեակին) եւ Լիբանանի քաղաքացիական ներքին կռիւներէն տպաւորութիւններու, դրուագներու, դէմքերու եւ ապրումներու երկու հատորներ՝ «Թող չարտասուեն մայրիները» (1978) եւ «Այրող կամուրջներ» (1980): Աւելի ուշ՝ «Կոտրած Սրինգ», «Ճակատագրի Ճանապարհին Մոռցուածները», «Վկաները ոտքի ելան խօսելու»<ref>[http://www.goodreads.com/author/show/8297209._ goodreads]</ref>:
Աւելի ուշ՝ «Կոտրած Սրինգ», «Ճակատագրի Ճանապարհին Մոռցուածները», «Վկաները ոտքի ելան խօսելու»<ref>[http://www.goodreads.com/author/show/8297209._ goodreads]</ref>:
 
Կանացի զգայութիւններով, հանրային - քաղաքացիական կեանքի առօրեայէն թելադրուած խորհրդածութիւններով եւ ապրումներով բաբախուն գործեր՝ որոնք գրական խորացումէ եւ գեղարուեստական մշակումէ աւելի, լրագրական - հրապարակագրային իրենց նկարագրով կը յատկանշուին<ref>{{Գիրք:Դար մը գրականութիւն|Բ.|481}}</ref>:
== Ծանօթագրութիւններ ==