Շահանդուխտ
Շահանդուխտ (Սանդուխտ Պերթիզլեան, 1929, Պէյրութ, Լիբանան) գրագիտուհի, բանաստեղծուհի, խմբագիր, յօդուածագիր։
Շահանդուխտ | |
---|---|
Ծնած է | 1929 |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Ծնած՝ է Պէյրութ (Լիբանան), 1929-թուին։
Նախակրթութիւնը ստացած է Նոր Մարաշ թաղի Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ։ Ինքնաշխատութեամբ յաջողած է սորվիլ Ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն, ապա հետեւած է Պէյրութի Ֆրանսական Մշակութային Առաքելութեան կեդրոնի լեզուական ու գրական դասընթացքներուն, որմէ ետք աւարտած է Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական դասընթացքը, նետուելով ուսուցչական եւ լրագրական ասպարէզ։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՀինգ տարի ուսուցչական ասպարէզ վարելէ ետք ազգային նախակրթարանի մը մէջ, 1960-1975 մաս կազմած է Պէյրութի «Այգ» օրաթերթի խմբագրական կազմին, իսկ այդ թուականէն մինչեւ այսօր «Ազդակ» օրաթերթին մէջ տակաւին կը խմբագրէ բազմաթիւ յօդուածներ։
Գրական նախափորձերը կատարած է «Ակօս» պարբերականին մէջ, իսկ արձակ էջերու իր առաջին գործը հրատարակած է 1962-ին՝ « Իմ աշխարհէն» խորագրուած հատորով մը (պատմուածքներ), ուր տիպարներ, պատկերներ եւ տպաւորութիւններ կու տայ իր թաղի առօրեայէն, առաւելապէս նկարագրական, պատմողական նկարագրով։ 1926-1980՝ յաջորդաբար հրատարակուած են իր հետեւեալ գործերը՝ «Հացեկացէն կու գամ» (1968, Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին առթիւ, իբրեւ մասնակցութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ կազմակերպուած գրական մրցանքի մը),«Գարնան ձիւն տեղաց» (1969, քերթուածներ), «Սաննինէն ջուր խմեցինք» (1970, արձակ էջեր՝ որուն արաբերէնով թարգմանութիւնը հրատարակուած է 1973-ին, Գէորգ Չիլինկիրեանի թարգմանութեամբ), «Աւանդատուն» գրքոյկը (1974, բանաստեղծութիւններ՝ նուիրուած Նարեկացիի), «Քարացած լեզուներ» (1975, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 60-ամեակին) եւ Լիբանանի քաղաքացիական ներքին կռիւներէն տպաւորութիւններու, դրուագներու, դէմքերու եւ ապրումներու երկու հատորներ՝ «Թող չարտասուեն մայրիները» (1978) եւ «Այրող կամուրջներ» (1980): Աւելի ուշ՝ «Կոտրած Սրինգ», «Ճակատագրի Ճանապարհին Մոռցուածները», «Վկաները ոտքի ելան խօսելու»[1]:
Կանացի զգայութիւններով, հանրային-քաղաքացիական կեանքի առօրեայէն թելադրուած խորհրդածութիւններով եւ ապրումներով բաբախուն գործեր՝ որոնք գրական խորացումէ եւ գեղարուեստական մշակումէ աւելի, լրագրական-հրապարակագրային իրենց նկարագրով կը յատկանշուին[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ goodreads
- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ. (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։