«Կիրակոս Գանձակեցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 5.
Ծնած է «յաշխարհն Գանձակայ», ոչ թէ բուն [[Գանձակ]]ին մէջ. «աշխարհն Գանձակայ» տարածքային-վարչական շատ ընդարձակ բաժանում մըն էր, որ իր մէջ կ'ընդգրկէր նաեւ [[Արցախի Հանրապետութիւն|Արցախի]] քանի մը գաւառներ։
 
Մանուկ հասակէն, [[1209]]-[[1212]]-ին հաւանաբար, ուսումնառութիւնը սկսած է [[Մխիթար Գոշ]]ի՝ [[Նոր Գետիկ]]<nowiki/>ի դպրոցին մէջ։ Կիրակոս Գանձակեցի հոն մնացած է, ըստ երեւոյթին, մինչեւ [[1215]]-[[1216]] թուականները։ Այնուհետեւ մեկնած է [[Խորանաշատ]] վանքի դպրոցը, զոր հիմնած էր Գոշի աշակերտ [[Հովհաննես Վանական|Յովհաննէս Վանական]]ը։
 
1225-ին [[Խորեզմ]]ի [[սուլթան]] [[Ջալալէդդինը]] կ'ասպատակէ նաեւ [[Տաւուշը]], ուր կը գտնուէր [[Խորանաշատ վանքը]]։ Այս մէկէն ետք հնարաւոր չ'ըլլար այնտեղ շարունակել կրթութեան գործը։ [[Յովհաննէս Վանական]]ը իր աշակերտներուն հետ կը տեղափոխուի [[Լորուտ]] գիւղին մօտ փորել տուած քարայրը եւ կը շարունակէ ուսուցանել աշակերտները։ Սակայն [[1236]]-ին [[մոնկոլ]] [[Մոլար Նուինի]] հրոսակները կը հասնին մինչեւ [[Տաւուշ]], կը գրաւեն զայն եւ կը կողոպտեն քարայր-դպրոցն ու հոն ապաստանած ժողովուրդը։ Ուսուցչապետ [[Յովհաննէս Վանականն]] ու անոր աշակերտներէն քանի մը հոգի գերի կը բռնուին։ Քանի մը ամիս ետք [[Յովհաննէս Վանական]] կ'ազատի, իսկ [[Գանձակեցի]] անմիջապէս փախուստի կը դիմէ։ Գերեւարութեան ատեն ան կը ծանօթանայ [[մոնկոլ]]-[[թաթարական]] սովորոյթներուն, նաեւ անոնց լեզուին, որոնց վերաբերեալ, աւելի ուշ՝ բաւական նիւթ կը հաղորդէ «Պատմութիւն Հայոց» աշխատութեան մէջ։