«Մատթէոս Զարիֆեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: վրայ: → վրայ։ using AWB
No edit summary
Տող 32.
== Կենսագրութիւն ==
 
Ծնած է [[Պոլիս]]։ Կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է [[Սկիւտար]]<nowiki/>ի մէջ, որուն գեղածիծաղ ծովը եւ երկինքը ազդած են ինչպէս [[Պետրոս Դուրեան]]<nowiki/>ի նոյնպէս իր վրայ։ Կրթութիւնը ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա Պարտիզակի Ռոպէրթ Գոլէճին եւ [[Կ. Պոլիս|Կ. Պոլսոյ]] Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է [[1913]]-ին՝ «Պսակաւոր Արուեստից» տիտղոսով։ Ուշադրութիւն գրաւած է իր մարզիկի շնորհներով եւ ըմբոստ հոգիով, որուն հետեւանքը, մասամբ մը, եղած են իր տեղափոխումները դպրոցէ դպրոց։
 
[[1913]]–ին՝-ին՝ տակաւին պատանի, ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի [[Ատանա]], որպէս անգլերէնի եւ մարմնամարզութեան ուսուցիչ։ Հոս է, որ, մարզական փորձերու ընթացքին, կը զգայ առաջին նշանները թոքախտին։ Կ'ընդհատէ ուսուցչական գործը։ Պահ մը կը մնայ [[Լիբանան]]` փորձելու համար լեռնային օդի շնորհիւ վերագտնել առողջութիւնը։
 
Նոյեմբեր 1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ կը մտնէ, կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուցչութեան, բայց թոքախտին գործած աւերը զգալի է արդէն<ref name="զզզ" />։ Այս փուլին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր բանաստեղծ` պատերազմէն ետք, սկսած «[[ճակատամարտՃակատամարտ]]» թերթին մէջ լոյս ընծայած իր բանաստեղծութիւններով։ Ուստի իր առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է [[1918]]-ի զինադադարէն ետք։ Իսկ առաջին գիրքը [[1921]]-ին՝ «Տրտմութեան Եւ Խաղաղութեան Երգեր»ը։ Զարիֆեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ երգած է սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։
 
[[Պետրոս Դուրեան|Դուրեան]]<nowiki/>ի, [[Միսաք Մեծարենց|Մեծարենց]]<nowiki/>ի եւ [[Վահան Տէրեան|Տէրեան]]<nowiki/>ի այս բախտակիցը` սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը զանազանուի իրեն բնորոշ մի քանի գիծերով։
 
[[1921]]-ին լոյս կը տեսնէ քերթուածներու առաջին հատորը, իսկ [[1922]]–ին՝-ին՝ երկրորդը։
 
[[1924]] թուականին [[Կ. Պոլիս|Կ. Պոլսոյ]] մէջ կը մահանայ<ref>ShantNews [https://www.shantnews.am/news/view/169925.html#.W7X5UyR0Dp0.facebook Բացումը պիտի կատարուի արեւմտահայ քերթող Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգուած դամբանին]</ref>, 30 տարեկան հասակին։
 
{{քաղուածք| Սիրոյ եւ ցաւի թախծոտ ու քնքշալի իր յուզաշխարհով՝ Զարիֆեան արժանաւորապէս եղաւ ականատես ՎԿԱՆ Հայաստանի եւ հայութեան դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։ Զարիֆեանի «արտասուահիւծ» երգերը վերընձիւղման իւրայատուկ աւիւն ներարկեցին մեր սերունդներուն։ | [[Նազարէթ Պէրպէրեան]]}}
Տող 53.
Ու վրէժէդ տժգունած,
 
Այդ ապիրատ ոստաններենոստաններէն փոթորկելով հեռանաս,
 
Դժոխածին նժոյգիդ հետ,
Տող 59.
Արարատի ձիւներուն մէջ հողմածածան
 
կարմիրԿարմիր Դրօշն համբուրելու․․․
 
Կարմիր Ուխտդ որոտալու․․․
'''
 
Եւ ինչպէս որ «'''Ապրիլի գիշեր'''» քերթուածով Մատթէոս Զարիֆեան կը յորդորէ՝
Տող 82 ⟶ 81՝
== Բանաստեղծ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ Վերանորոգեալ շիրիմը բացուեցաւ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ==
 
Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2018 թուականին Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգեալ շիրմի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ շիրիմը եւ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Մատթէոս Զարիֆեանի ի յիշատակ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Աշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի գլխաւորութեամբ։
 
Մատթէոս Զարիֆեանի շիրիմը վերանորոգուեցաւ «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ։ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզըեան եղբայրներու հովանաւորութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որու հեղինակն է ճարտարապետ Դաւիթ Այնալը։