«Գրիգոր Նարեկացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 24.
'''Գրիգոր Նարեկացի''' ([[950]]-[[1003]]), հայ միջնադարեան հոգեւորական, քրիստոնեայ աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժիշտ եւ [[փիլիսոփայ]]։ Գրիգոր Նարեկացի կը համարուի հայ գրականութեան վերածննդեան հիմնադիրը, Հայ վերածննդեան [[Փիլիսոփայութիւն|փիլիսոփայական]] միտքի գագաթը։
 
Ծնած է [[Վասպուրական|Վասպուրական նահանգնահանգի]]ի [[Ռշտունի]] գաւառի [[Նարեկ գիւղ]]ին մէջ։ Ուսուցիչները եղած են, առաջին հերթին, հայրը՝ Խոսրով Անձեւացի, եւ հօրեղբայրը։ Գրիգոր Նարեկացիի գործերէն մեզի հասած են իր հռչակաւոր «[[Մատեան Ողբերգութեան|Մատեան Ողբերգութեան»]]<nowiki/>ը, այլ բանաստեղծական գործեր, մեկնութիւններ, գործեր եւ այլն։ Դառնալով հայկական միջնադարու մեծագոյն բանաստեղծը, անոր ազդեցութիւնը զգալի է յաջորդողյաջորդ դարաշրջաններու բանաստեղծութեան վրայ՝ մինչեւ մեր օրերը։
 
Փետրուար [[2015]]-ին, [[Հռոմ]]ի [[Ֆրանչիսկոս Պապ]]<nowiki/>ը «Տիեզերական եկեղեցւոյ դոկտորի» տիտղոս շնորհած է Գրիգոր Նարեկացիին <ref name="newsva"/><ref name="doctor"/>։
 
== Կենսագրութիւն ==
Հնագոյն ձեռագիրներուն մէջ, բանաստեղծին ստեղծագործութիւններուն եւ ինքնակենսագրական բնոյթի յիշատակութիւններուն մէջ, Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ պահպանուած են։
 
Յայտնի է, որ Գրիգոր Նարեկացի ծնած է [[Վասպուրական]] նահանգի Ռշտունի գաւառին մէջ, [[Վանայ լիճ]]ի հարաւային ափերուն գտնուող Նարեկ գիւղին մէջ 951-ին։ Նարեկացի Անձեւացեաց գաւառի Խոսրով եպիսկոպոսի որդին էր։
 
Մանուկ հասակէն կապուած էր Ռշտունեաց աշխարհի Նարեկ գիւղի վանքի հետ, ուր եղբօրը հետ կրթուած եւ դաստիարակուած էր ժամանակի ամենազարգացած մարդոցմէ մէկուն՝ [[Անանիա Նարեկացի]]ին քով, որ նաեւ Գրիգորի մօր հօրեղբայրն էր։ Իւրացնելով դպրոցի մատենադարանի թարգմանական եւ ինքնուրոյն ձեռագիր կրօնափիլիսոփայական գրականութիւնը՝ Գրիգոր Նարեկացի հետագային դարձած է ուսման այդ կեդրոնի սիւներէն մէկը։
 
Ուսումը ստանալէ ետք, Գրիգոր վարդապետ կը ձեռնադրուի նոյն [[Նարեկայ վանք]]ին մէջ եւ կը ստանայ Նարեկացի անունը։ Իր հարուստ գիտելիքներուն եւ անբասիր վարքին շնորհիւ, Նարեկացի շուտով մեծ համբաւի տէր կը դառնայ։ Անոր մասին կը կը հիւսուին զանազան աւանդութիւններ, որոնց մէկ մասը բանաւոր կամ գրական մշակումով մեզի հասած են։
 
յայտնիՅայտնի է նաեւ, որ մեծ հռչակ վայելող Նարեկացի ունեցած է թշնամիներ՝ հոգեւոր դասի բարձր շրջաններէն։ Ան տարբեր պատճառներով մեղադրուած եւ նոյնիսկ հոգեւոր դատարան կանչուած է։ Կ'ենթադրուի, որ Նարեկացի հալածուած է թոնդրակեաններու աղանդին պատկանելուն կամ հակումներ ունենալուն համար:
 
Գրիգոր Նարեկացի վախճանած է 1003-ին եւ թաղուած Նարեկայ վանքին մէջ։ Անոր գերեզմանը երկար ժամանակ ուխտատեղի եղած է շրջակայ հայ բնակչութեան համար։
 
Ըստ աւանդութեան՝ Նարեկացի ճգնած է ներկայիս իր անունը կրող քարայրին մէջ։
== Նարեկացիի ստեղծագործութիւնները ==
Տող 73 ⟶ 79՝
== Այլ ==
Նարեկացիի առաջին մեծ աշխատանքը «Երգ երգոցի» մեկնութիւնն է՝ գրուած 977-ին, [[Վասպուրական]]ի [[Անձեւացեաց գաւառ]]ի [[Գուրգէն-Խաչիկ]] իշխանի պատուէրով։ Նարեկացի այստեղ կը զարգացնէ այն միտքը, թէ մարմնաւորի, առարկայականի, տեսանելիի միջոցով [[Սողոմոն]] արտայայտած է աստուածայինը, որովհետեւ աշխարհն ալ Աստուծոյ արարչագործութեան արդիւնք է, եւ աստուածայինը դրսեւորած է առարկայական աշխարհին մէջ. «Ի ձեռս մարմնաւորաց տեսցուք զհոգեւորս»։
Ըստ Նարեկացիի՝ տղամարդու եւ կնոջ սէրը, որ հարսի եւ փեսայի սէր է, երբ կ'օրհնուի [[Ս.Պսակ|Ս. Պսակ]]ով, զուրկ չէ Հոգիի շնորհքէն։ ԱյսինքնՀետեւաբար՝ սուրբ ընտանիքի գաղափարը Նարեկացիի հիմք կու տայ արդարացնելու տղամարդու եւ կնոջ սէրը։
 
Նարեկացիի գրիչին կը պատկանինպատկանի նաեւ «Ապարանից խաչի պատմութիւն» վերնագրով երգերկ մը, որու հեղինակըզոր գրած է Մոկաց աշխարհի [[Ապարանք (արեւմտահայերէն )|Ապարանք]] գիւղի վանական համալիրհամալիրի կառուցելուկառուցման առիթով։ Գեղարուեստական արժէք կը ներկայացնեն նաեւ Նարեկացիի «Ճառ ներբողի» եւ «Գովեստ երգաբանութեան Տիրուհւոյն» ներբողեանները՝ նուիրուած Սուրբ Աստուածածինին։
 
== Մեծերը Գրիգոր Նարեկացիի մասին ==