«Արամ Հայկազ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Գրական վաստակ: Ճշդուած է The Fall of the Aerie գործին վերնագիրը։
Տող 40.
Արամ Հայկազ եղած է մարմնացումը պարզութեան, ընկերականութեան եւ ամէնէն աւելի` ազնուութեան:
Ամերիկացի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ անգլերէն չի գրեր, Արամ Հայկազ պատասխանած է. «Երիտասարդ ու օժտուած հայ գրող մը իր գրել ծրագրած վէպին նախագիծը կը պարզէ նշանաւոր բանաստեղծ եւ հեղինակ Վերհարնին ու խորհուրդ կը հարցնէ, թէ ի՛նչ լեզուով գրէ. իտալերէ՞ն, գերմաներէ՞ն, ֆրանսերէ՞ն, թէ՞ հայերէն: Ի՞նչ լեզուով կ՛աղօթէք, իր հերթին հարց կու տայ Վերհարնը: Հայերէնով, անշուշտ,- կը պատասխանէ հայ գրողը: Ուրեմն, պէտք է գրէք հայերէն, կ՛ըլլայ իմաստուն պատասխանը»:
 
 
Գրական իր հունձքը ամփոփուած է, հրատարակութեան կարգով, հետեւեալ հատորներուն մէջ՝
*«Էրիի"The անկումը»Fall of the Aerie", 1935
*«Ցեղին Ձայնը» ([[1949]]),
*«Ցեղին Ձայնը՝» Բ. հատոր ([[1954]]),
Տող 54 ⟶ 53՝
*«Երջանկութիւն ([[1978]])։
 
«ԷրիիThe անկումը»Fall վերահրատարկուաղof the Aerie վերահրատարկուած է 2010-ին, ծննդեան 110-րդ տարեդարձին առթիւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «[[Համազգային]]ի» կողմէ<ref>http://www.armenianweekly.com/2011/02/09/hamazkayin-program/ Hamazkayin Program Marks 110th Anniversary of Aram Haigaz’s Birth - The Armenian Weekly - February 9th, 2010 - retrieved 1/21/2012</ref>։ 2009-ին Երեւանի մէջ տպագրուած են Մարգարիտ Խաչատրեանի կազմած Արամ Հայկազի նամակներու ընտրանին, 2010-ին՝ «Մոռցուած էջեր. 1924-1950» (Ա.հատոր), 2012-ին՝ «Մոռցուած էջեր. 1951-1960» (Բ.հատոր), 2013-ին՝ «Մոռացուած էջեր. 1961-1966» (Գ. հատոր), 2012-ին՝ «Պատմուածքներ» ժողովածուները։
 
Բացի առաջին գիրքէն՝ Արամ Հայկազ բոլոր գործերը գրած է հայերէն լեզուով եւ հրատարակած՝ Հայաստանի մէջ։ Ան շատ չէ խօսած է իր գրելու արուեստին մասին, բայց ըսած է. «Կրնամ ըսել, թէ գրա­կա­նու­թիւնը օգ­տա­գոր­ծե­լով եր­բեք քա­րոզ­չու­թիւն չեմ ըրած։ Մար­դու բան սոր­վեց­նե­լու մտա­հո­գու­թիւն եւ յա­ւակ­նու­թիւն չեմ ու­նե­ցած, բայց Հայ ըլ­լա­լուս հպարտութիւնը միշտ ներ­կայ է ամէն մէկ տո­ղիս մէջ»<ref>«Կարօտ» ժողովածու, երկրորդ մաս, Առաջաբան։</ref>