«Գաբրիէլ Սեւեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ՉNo edit summary
Չ →‎top: clean up, replaced: և → եւ using AWB
 
Տող 7.
Վանական այս շրջանը աւարտելէ ետք երբ եկեղեցական ուխտը պիտի ընէր, անկարող կը զգայ ինքզինքը եւ թողելով Եսայ անունն ալ, վանքն ալ, [[1843]]-ին կը հեռանայ Վիեննայէն եւ Պոլիս դառնալով՝ կ՛որոշէ հետեւիլ բժշկութեան ու կ՛արձանագրուի բժշկական դպրոցը [[1844]]-ին։ Կայսերական Բժշկական վարժարանը յաճախող առաջին հայ ուսանողներէն եղած է Ֆէրուհեանի, Ասլանեանի, Բոլանդեանի եւ Յովհաննէսեանի հետ։
 
Վարժարանի տեսչութեան կողմէ Օրթագիւղի բժիշկ կ'անուանուի [[1847]]-ին երբ ամբողջ [[Պոլիս]]ը քօլերայի համաճարակէն կը կեղեքուէր։ Սեւեան 4 ամիս ճարտարօրէն կը դարմանէ հիւանդները։ [[1849]]-ին աւարտելով քննութիւնները կը վկայուի Տօքթօր յիշեալ ընկերներուն հետ, ևեւ կ՛անուանուի բժիշկ։ Պոլսոյ Մալթէփէի զինուորական ծառայութենէն ետք կը նուիրուի ծովային բժշկութեան։ [[1850]]-ին Տօթք․ Սեւեան առաջին հայը ըլլալով կը կարգուի բժիշկ Կայսերական Շահապը Պահրի մարտանաւին վրայ, որ ամիս մը վերջ կ՛ուղեւորուի Թուլօն, Դարջին Սամոս կը ղրկուի, որ այն ատեն ապստամբած էր եւ ուր Օսմանեան բանակներուն հրամանատար Պօնաբարդ Մուսթաֆա Փաշայէն բժշկապետ կ՛անուանուի՝ ծովային եւ ցամաքային հիւանդանոցներուն։
 
[[1851]]-52-ին պաշտօնավարելով, [[1852]]-ին Սուրիա ղրկուած նաւատորմին գլխաւոր բժիշկ կը կարգուի եւ այդ պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ [[1855]]։ [[1856]]-ին [[Եգիպտոս]] կ'երթայ այցելելով հնութիւնները։ [[1857]]-ին [[Անգլիա]] կը ղրկուի Ֆեթհիէ մարտանաւով, այս առիթով Տօքթ․ Սեւեան կը բարձանայ քայմագամի աստիճանին։ [[1857]]-ին Ֆեթհիէ փոթորիկի մը բռնուելով ընկղմելու մօտ կ'երթայ [[Իսպանիա|Սպանիոյ]] եզերքը ֆէրրոլի մօտ, ուր կը ստիպուի [[Խարիսխ (այլ կիրառումներ)|խարիսխ]] նետել եւ մնալ ինը ամիս նորոգութիւններ կատարելու համար։ Հոն ոչ միայն իբրեւեւ բժիշկ անձնուիրութեամբ կը խնամէ հիւանդները, այլ եւ իբրեւեւ հաւատարիմ հպատակ իր տէրութեան անոր կենսական շահերն ալ կը պաշտպանէ քաջութեամբ։