«Ատլանտիտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Չ →Բլաթոնի Երկխոսութիւնը: clean up, replaced: չնայած → հակառակ անոր using AWB |
No edit summary |
||
Տող 11.
== Արասփելի Պատմութիւնը ==
=== Բլաթոնի Երկխոսութիւնը ===
Ադլանդիտի մասին բոլոր տեղեկութիւնները կը պարունակէն Բլաթոնի երկու երկխոսութիւնները «Թիմեյ» (համառոտ) եւ «Կրիտիյ» (մանրամասն). «Թիմեյ»-ի երկխոսութիւնը կ՛սկսի Սոգրադի եւ պիւդակորական Թիմեյի դատողութիւններով լաւագոյն պետական կառոյցի մասին։ Համառոտ նկարագրելով կատարեալ պետութիւնը, Սոգրաթը կը բողոքէ ստացուած նկարին վերացական եւ սխեմատիկ ըլլալը եւ ցանկութիւն կը հայտնէ «լսել նկարագրութիւն մը, որ ինչպէս կը պահէ իրեն այդ պետութիւնը այլ երկիրներուն դէմ կը պայքարի,ինչպէս այն արժանավայել ձեւով պատերազմի մէջ կը մտնէ, պատերազմի ընթացքին անոր քաղաքացիները՝ ըստ իրենց ուսման եւ դաստիարակութեան,ինչպէս կը կատարեն իրենց պարտքը ըլլայ այդ բանակի դաշտը կամ իւրաքանչիւր այլ պետութիւններու հետ բանակցութիւններու»: Ընդառաջելով այդ ցանկութեանը, երկխոսութեան երրորդ կողմը, Աթենի քաղաքական գործիչ, Կրիտիյը կը ներկայացնէ իբրեւ իր պապի՝ ավագ Կրիտիյի պատմած Աթենի եւ Ադլանդիտի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմի պատմութիւնը, որ իր հերթին այդ մասին իմացած է Սոլոնի զրոյցներուն։ Վերջինս իմացած է անոր մասին Եգիպտոսական քրմերէն։ Պատմութեան իմաստը հետեւեալն է. ժամանակով, 9000 տարի առաջ (Կրիտիյի եւ Սոլոնի ապրած ժամանակներէն առաջ, այսինքն, մ.թ.ա. VI-V դդ.), Աթենը շատ փառահեղ, հզոր եւ առաքինի պետութիւն էր. Անոր հիմնական մրցակիցը նշուած Ադլանդիտն էր. «Այդ կղզին իր չափերով աւելի մէծ է, քան Լիպիան եւ Ասիան միասին»: Անոր վրայ առաջացած է «իր մեծութեամբ զարմանահրաշ եւ զորութեամբ արքաութիւն», որ իրեն ենթարկած էր ամբողջ Լիպիան՝ մինչեւ Եգիպտոս եւ Եւրոպան մինչեւ Տիրրենիյա (արեւմտեան Իտալիա): Այդ թագավորութեան ամբողջ ուժերը նետուած են Աթենը ստրկացնելու համար։ Աթենացիները, հելենների գլխաւորութեամբ, ոտքի կը կանգնին, իրենց ազատութիւնը պաշտպանելու համար, եւ հակառակ
Ընդհանրապէս Բլաթոնը մեծ տեղ տուած է կղզիին չլսուած հարստութեան եւ բերքատւութեան մասին նկարագրութիւններուն, անոր խիտ բնակեցուած, հարուստ բնական աշխարհի մասին (ըստ հեղինակի այնտեղ նոյնիսկ փիղեր կ'ապրէին)։
|