«Անաստաս Միկոյեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, removed: թ․ (3) using AWB
Տող 49.
Անաստաս Միկոյեանի անուան հետ է կապուած ԽՍՀՄ սննդի արդիւնաբերութեան ծաւալումը։ Դեռեւս 1931 թ., հանդիսանալով ԽՍՀՄ Սննդի արդիւնաբերութեան ժողովրդական կոմիսար, Անաստաս Միկոյեանը ԽՍՀՄ կառավարութեանը ներկայացուց Խորհրդային սննդի արդիւնաբերութեան զարգացման համալիր ծրագիր։ [[1936]] թ. Միկոյեանը իր կնոջ՝ Աշխէնի հետ երկու ամիս այցով գտնուեցաւ [[ԱՄՆ]]-ի մէջ (ԽՍՀՄ պատմութեան մէջ կառավարութեան գործող անդամի ամենաերկարատեւ արտաքին ուղեւորութիւնն էր), որուն ընթացքին հիմնաւորապէս ուսումնասիրեց ամերիկեան սննդի արդիւնաբերութիւնը, մեծ ծաւալի տեխնիկական գնումներ կատարուեցան, որոնք նպաստեցին Խորհրդային սննդի արդիւնաբերութեան վերազինմանը։ Միկոյեանի շնորհիւ ԽՍՀՄ-ի մէջ սկսաւ պաղպաղակներու արտադրութիւնը։ Մինչեւ իր պաշտօնավարման վերջը Անաստաս Միկոյեանը անձնական հսկողութեան տակ կը պահէր պաղպաղակի որակը։
 
1962 թ․ աշխոյժօրէն մասնակցած է [[Կարիբեան ճգնաժամ]]ի կարգաւորմանը, անձամբ բանակցելով [[Ջոն Քէնեդի|ջոն Քէնեդու]] եւ [[Ֆիդէլ Կաստրոյ]]յի հետ։ Այդ ընթացքին Մոսկուայի մէջ մահացաւ անոր կինը։ Նոյեմբեր 1963 թուականին ան կը ներկայացնէր ԽՍՀՄ ղեկավարութիւնը Ջոն Քէնեդիի թաղման արարողութեանը։
 
1964 թ․ 15 Յուլիս 1965 թուականէն․ 9 դեկտեմբեր, ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահն էր։ Այնուհետեւ մինչեւ 1974 թ․ ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդի անդամ էր։
 
Անոր անունով կը կոչուի Մոսկուայի միսկոմբինատը<ref>[http://www.mikoyan.ru/ «միկոյանիէ միսկոմբինատի պաշտօնական կայքէջը]</ref>: