«Մեծ Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1.
[[Պատկեր:Svyatoy-post.jpg|մինի]]
'''Մեծ Պահոց շրջանը''' ինքնաքննութեան եւ խոկումի ժամանակաշրջան է, երբ հաւատացեալները ո՛չ միայն կերակուրներէն կը հրաժարին, այլեւայլեւ՝ հեռու կը մնան մարմնական հաճոյքներէն, ապաշխարութեամբ ու աղօթասացութեամբ չափաւոր, եւ զուսպ կեանք մը կը վարեն:
 
Քառասուն օրերը կապուած են Քրիստոսի անապատ քաշուած միջոցին քառասնօրեայ ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ապաշխարութեան շրջանին, ինչպէս նաեւ` [[Աստուածաշունչ|Ս. Գիրքին]] մէջ յաճախ յիշուող 40 խորհրդանշական թիւին հետ: Իրականութեան մէջ քառասնօրեայ պահքը 47 օր կը տեւէ, իսկ 48-րդ օրը` [[Ճրագալոյց]], [[Ս. Զատիկ|Ս. Զատկուան]] նաւակատիքն է: Քառասնօրեայ պահքին օրերը կը կոչուին «Աղեւացքի օրեր», այսինքն` Մեծ պահքը աղով ու հացով անցընելու ժամանակաշրջան: Ժամանակին աղ ու հացով կ'ապրէին ճգնաւորներն ու անապատականները:
Տող 17.
Պահեցողութիւնը մարդ արարածի հոգիին եւ հոգեկան առողջութեան կը նպաստէ։ Եթէ ինքնազրկումը չխախտի եւ հաւատացեալը դիմանայ ըստ պատշաճի պահելու պահքը՝ իր կամքին զօրացման համար մարզանք ըրած եւ օգուտ բերած կ'ըլլայ։
 
Պահեցողութիւնը ամբողջական դարձ է առ Աստուած, այսինքն՝ կը նշանակէ հրաժարիլ ամէն տեսակի գայթակղեցուցիչ եւ հոգին աղարտող սովորութիւններէն (աշխարհիկ հաճոյքներէն, շատախօսութենէն, ստախօսութենէն, մոլի սովորութիւններէն, եւ այլ մեղքերէն) եւ հետամուտ ըլլալ բարեգործութեան:

Պահքը, Քրիստոսի հասկացողութեամբ, արտաքին երեւոյթով լոկ իմանալի եւ պահելիք բան չէ, այլ` ներքին, հոգիի հաւատքով ըմբռնելի եւ կատարելի իրողութիւն: Պահեցողութիւնը մարդ արարածը կը վարժեցնէ ժուժկալութեան: Յովհաննէս Մանդակունի հայրապետ կը բնորոշէ պահքի հասկացողութիւնը քրիստոնէական ըմբռնման մէջ.
{{քաղուածք|Խիստ պահեցողութիւնը, երկաթէ ջիղերու նման, կը պահպանէ վարք ու կենցաղի առաքինութիւնները եւ հաւատքի ամրութիւնը, որովհետեւ ան աննուաճելի աշտարակ է թշնամիին դէմ եւ ամուր պարիսպ` սատանային նետերուն դիմաց:|}}
 
[[Պատկեր:Snijboon peulen Phaseolus vulgaris.jpg|200px|մինի|ձախից|լուբիա]]
Արդարեւ, պահք պահելով, մարդ արարած հոգ տարած կ'ըլլայ մարմինի եւ հոգիի առողջութեան հաւասարապէս։
 
Մարմինը առողջ կ'ըլլայ, հաւատքը՝ ամուր, խիղճը՝ հանգիստ, կամքը՝ պինդ։ Հաւատացեալը իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ մարդկային, հոգեւոր եւ Աստուածայինաստուածային ճշմարտութիւններու եւ արժէքներու վրայ։
[[Պատկեր:Lens culinaris seeds.jpg|200px|մինի|աջից|Ոսպ]]
===== Մեծ պահքը ունի Եօթ յիշարժան Կիրակիներ =====
Տող 31 ⟶ 33՝
 
===== Մեծ Պահքի բարեկենդանը կը կոչուի՝ Բուն Բարեկենդան =====
Քանի որԱնիկա կը նախորդէ ամէնէն կարեւոր պահքին։ Բարեկենդանը, կենդանական եւ ճոխ ուտելիք գործածելու վերջին օրն է, մարդու երջանկութեան յիշատակն է, ուր դրախտին մէջ Ադամն ու Եւան վայելած էին։ ԱնԱնիկա նաեւ [[դրախտ]]այինդրախտային կեանքի օրինակ է, ուր մարդուն արտօնուած էր, ճաշակել բոլոր պտուղները. Բարեկենդանը առաքինութիւններու արտայայտութիւնն է. այդ օրը մարդիկ սուգէն կ'անցնին ուրախութեան, չարչարանքէն խաղաղութեան։ Այս ընկալումով է, որ իւրաքանչիւր [[Քրիստոնէութիւն|Քրիստոնեայ]] անհատի համար, խոնարհումով, ապաշխարութեամբ, պահքով եւ ողորմութեան յոյսով կը սկսի Մեծ Պահքի ճանապարհը, եւ անիկա կը տեւէ 48 օր, Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան (Սուրբ Զատկուան) տօնը։
 
===== Պահքի կամ պասի շրջանին բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք =====
Այս ընթացքին, կամաւ կը հրաժարի յանուն հոգւոյ զօրացման, ոչ միայն որոշակի կերակուրներէն, այլեւ աշխարհիկ հաճոյքներէն, շատախօսութենէն, ստախօսութենէն, մոլի սովորութիւններէն, եւ այլ մեղքերէն։
 
===== Պահքի 40 օրուան խորհրդանշումը =====
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Մեծ_Պահք» էջէն