«Մեծ Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 5.
 
Պահքի գաղափարը առաջին անգամ յիշուած է հրեայ ժողովուրդին կրօնական կեանքին մէջ։ Ղուկասու Աւետարանին Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին առակին մէջ կը յիշուի, թէ Փարիսեցին շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահէր։
 
== Պահքին Նպատակը ==
''Հիմնական յօդուած՝ [[Պահք]]''
Տող 31 ⟶ 30՝
 
Բուն Բարեկենդան, Արտաքսման Կիրակի, Անառակ Որդիի Կիրակի, Անիրաւ Տնտեսի Կիրակի, Անիրաւ Դատաւորի Կիրակի, Գալստեան Կիրակի, Ծաղկազարդ։
 
===== Մեծ Պահքի բարեկենդանը կը կոչուի՝ Բուն Բարեկենդան =====
Անիկա կը նախորդէ ամէնէն կարեւոր պահքին։ Բարեկենդանը կենդանական եւ ճոխ ուտելիք գործածելու վերջին օրն է, մարդու երջանկութեան յիշատակն է, ուր դրախտին մէջ Ադամն ու Եւան վայելած էին։ Անիկա նաեւ դրախտային կեանքի օրինակ է, ուր մարդուն արտօնուած էր, ճաշակել բոլոր պտուղները. Բարեկենդանը առաքինութիւններու արտայայտութիւնն է. այդ օրը մարդիկ սուգէն կ'անցնին ուրախութեան, չարչարանքէն խաղաղութեան։ Այս ընկալումով է, որ իւրաքանչիւր [[Քրիստոնէութիւն|Քրիստոնեայ]] անհատի համար, խոնարհումով, ապաշխարութեամբ, պահքով եւ ողորմութեան յոյսով կը սկսի Մեծ Պահքի ճանապարհը եւ կը տեւէ 48 օր, Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան (Սուրբ Զատկուան) տօնը։
Տող 37 ⟶ 35՝
===== Պահքին 40 օրերու խորհրդանիշը =====
Քրիստոսի քառասուն օրերը կը խորհրդանշեն անապատի աղօթքը, ծոմապահութեան եւ ապաշխարհութեան շրջանը: Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ մէկ շաբթուան պահքի շրջան մը, որն է «Աւագ Շաբաթ»ը, որ կ'ընդգրէ, Փրկիչին երկրային կեանքի վերջին կարեւորագոյն իրողութիւնները, Յաղթական Մուտքը [[Երուսաղէմ]] ([[Ծաղկազարդ]]), Վերջին Ընթրիքը, Մատնութիւնը, Չարչարանքը, Խաղաղութիւնը, [[Մահ]]ը, Թաղումը, եւ ի վերջոյ հրաշափառ Յարութիւնը՝ [[Ս. Զատիկ|Սուրբ Զատիկը]]:
 
===== Մեծ Պահքի Շարականներ =====
Մեծ Պահքի ընթացքին, շարականի յատուկ երգեցողութիւն տեղի կ'ունենայ ամէն օր, հիմնականօրէն խաղաղական ժամերգութեան ընթացքին, որն է՝ «Շնորհեա մեզ Տէր» շարական երգը, [[Ներսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)|Ս. Ներսէս Շնորհալի]] կաթողիկոսին հեղինակութեամբ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Մեծ_Պահք» էջէն