«Աւետիս Ալիքսանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Կենսագրութիւն: վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: ւ: → ւ։ (2)
Տող 32.
Մաս կը կազմէ պոլսոյ [[1925-1950 արեւմտահայերէն|1925-1950]] թուականներուն գրական-հրապարակագրային կեանքին մէջ հասունցած գրողներու դասուն,- անո՛նց՝ որոնք Հայու իրենց ապդրումներով ու երազներով, գրի եւ գրականութեան ազնիւ կիրքով, բայց մանաւանդ ընկերային եւ գաղափարական հակումներով չէին կրնար լայն թոքերով շննչել թրքական միջավայրի մէջ՝ որովհետեւ ամէն օր կը զգային թէ կասկածոտ աչք մը կը սեւեռի իրենց վրայ, լրտեսող շուքեր կը դեգերին իրենց շուրջ, ոստիկանութեան քաղաքականութեան մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը կը հալածէ զիրենք...
 
Անոնք որ ապրած են այդ օրերու Պոլիսը, ասկէ աւելին լսելու պէտք չունին, ըմբռնելու համար թէ գիրքի, թերթի, հանրային եւ ազգային ապրումներու տրամադիր մարդը ի՛նչ երկութեամբ մը կրնայ անցնիլ խմբագրական սեղաններու առջեւ կամ յանձնուիլ մտքի լարումներու:լարումներու։
 
Աւետիս Ալիքսանեան մէկն է եղած անոնցմէ՛, որոնք աւելի քան քսանհինգ տարի...խեղդակապով մը ապրած են՝ գրաշարական սեղաններ մինչեւ շաբաթաթերթըերու խմբագրութիւնը եւ հրապարակագրային-գրական իրենց աշխատանքը մտաւոր ու հոգեկան բաւարարութեան մը,- ապաւէնի՛ մե վերածելուպ համար:համար։ զինք ճանչցած ենք պատանութեան մեր օրերուն, երբ ինք երիտասարդ էր արդէն եւ կը խմբագրէր «[[Պատկեր արեւմտահայերէն|Պատկեր]]» շաոաթաթերթը «1932-1940-: «[[Սեւ աշխատանք արեւմտահայերէն|Սեւ աշխատանք]]»ի ընդունակ, դժուարութիւններու առջեւ աննուաճն, նպատակ մը իրագործելու իր կամքին մէջ վճռական՝ յանձնառո՛ւ մարդ մե, մեծ յատկութիւններէ զերծ՝ սակայն իր համեստութեան մէջ առաւել սիրելի, աշխատունակ, գուրգուրոտ՝ նորածիլ արժէքներու եւ երէց թէ կրտսեր գրչի մարդոց:
 
Գրական նախափորձերը ընելէ ետք [[1926-1927]] տարիներուն, պոլսահայ մամուլի մէջ, յաջորդաբար ձեռնարկած է շաբաթաթերթերու, կիսամսեայ եւ պարբերական հանդէսներու հրատարակութեան,- «[[Կիթառ արեւմտահայերէն|Կիթառ]]» ([[1928]]), «Ամսուն գիրքը» ([[1930]]), «Պատկեր» ամսագիր ([[1930]]), ապա համանուն շաբաթաթերթը ([[1932-1940]]), «[[Նոր Օր արեւմտահայերէն|Նոր Օր]]» եւ «[[Այսօր արեւմտահայերէն|Այսօր]]» ([[1947-1948]]): Միայն նիւթական անձկութիւնը չէ եղած պատճառը անուններու այս յաջորդականութեան եւ բազմազանութեան,- Պոլսոյ մէջ թերթերու կեանքը կախում ունի մանաւանդ խափանումի եւ արգելքի մշակայ վտանգէն, հետեւանք՝ ոստիտանիւթեան քաղաքական ճիւղերու կասկածանքին կամ դիւրին վերագրումներու...