«Բագրատունեանց Հայաստանի Վերելքը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 55.
Գագիկ Ա.-ի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական գիծը եղաւ քրիստոնեայ պետութիւններուն միջեւ սերտ գործակցութիւն ցուցաբերել՝ [[Հայաստան]]ը ձերբազատելու համար թշնամիներէն:Ան բարեկամութիւն հաստատեց [[Տայք]]ի Կիւրողապատ իշխանին հետ, որ յարձակելով [[Մանազկերտ]]ի [[Աբբաս]] էմիրին վրայ,խլեց քաղաքը:Երբ իր կարգին էմիրը քալեց Դաւիթի դէմ,Գագիկ հասաւ իր դաշնակիցին օգնութեան եւ անոնք միասնաբար կոտորեցին էմիրին զօրքերը:
Աւելի ուշ,Գագիկ միացաւ նաեւ [[Վրաստան]]ի [[Բագրատ Գ (Աբխազիայի արքա)|Բագրատ Գ.]] թագաւորին՝ յարձակելու համար [[Գանձակ]]ի արաբ էմիրին վրայ,որ պարտուելով կորսնցուց իր հողերուն մէկ մասը:
[[Պատկեր:Istanbul Hagia Sophia IMG 7406 1800.jpg|մինի|աջից|Այա Սոֆիայի տաճարը]]
Ներքին քաղաքականութեան մէջ,կեդրոնական իշխանութեան դէմ առնուած որեւէ քայլ խստօրէն պատժուեցաւ:Այսպէս,ան յարձակեցաւ իրեն անհնազանդ [[Ձորագետ]]ի Դաւիթ թագաւորին վրայ ու գրաւեց անոր հողերը,որուն համար վերջինը կոչուեցաւ Դաւիթ Անհողին:Գագիկ Ա. նաեւ Վասպուրականէն խլեց կարգ մը հողամասեր,զորս կցեց իր թագաւորութեան:
Գագիկ Ա.-ով վերջ կը գտնէ յարաբերական խաղաղութեան շրջան մը:[[925]]-էն ի վեր Հայաստան չէր ենթարկուած կարեւոր արշաւանքի:Ան զօրացած էր,եւ օգտուելով քաղաքական ու ռազմական ապահով վիճակէն,լծուած էր շինարարական աննախընթաց աշխատանքի: