«Պետրոս Դուրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Կենսագրութիւն: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ն,ճ → ն, ճ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 8.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Պոլիս, համեստ բայց մշակոյթով հարուստ [[Սկիւտար]] արուարձանը, երկաթագործի ընտանիքի մէջ։ Հայրը՝ Զմպայեան, մականունը ինք հայացուցած է՝ վերածելով Դուրեանի։ Սկիւտարի մէջ, ուսուցիչ ունեցած է [[Յակոբ Պարոնեան]]ը։ [[1868]]֊ին, ճեմարանը հազիւ աւարտած, կը նետուի գործի ասպարէզ՝ ընտանիքին օգնելու համար, բայց վատառողջ ըլլալով կը ստիպուի ձգել գրագիրի իր գործը։ Կը շարունակէ գրել, որ սկսած էր աշակերտական գրասեղաններէն իր վիպապաշտ թատերական բուռն գործունէութեան այդ տարիներուն եւ գտած լայն ընդունելութիւն։ Պահ մը ունեցած է բեմական գործունէութիւն, սիրուած է իբր դերեսան (մինչ արդէն համակրանք կը վայելէր [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] ուսեալ երիտեսարդութեան մօտ՝ շնրհիւ իր բանաստծութիւններուն եւ ազնիւ ու եռանդուն նակարգիրին)։ Միայն վերջին մէկ-երկու տարին է որ, հիւանդութենէն ընկճուած, պիտի դառնար տխուր ու մռայլ։ Խնամքի պակասն ու չքաւորթիւնը արդէն տող պատրաստած էին թոքախտին իր տկար մարմինին մէջ։ [[1870]]էն առողջական վիճակը կը ծանրանայ ու հազիւ մէկ տարի անցած, Պ.Դուրեան կը մահանայ։
 
Յարգանքի վեջին տուրք մը տալու համար կատարուած է փառաւոր յուղարկաւորթիւն մը։ Սկիւտարի գերեզմանատունը, ուր թաղուած է Դուրեան, շուտով դարձած է երիտասարդներու ուխատավայր։