«Միհրդատ Թիրեաքեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|յօդուածի անուն}} {{Արևմտահայերեն|յօդուածի անուն}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայ...»:
 
Տող 32.
 
'''Միհրդատ Թիրեաքեան''' ծնած է 1885-ին Կ. Պոլիս:
 
== Կենսագրութիւն ==
Միհրդատ Թիրեաքեան ծնած է 1885-ին Կ. Պոլիս, ուր նաեւ կը ստանայ իր նախնական կրթութիւնը ՝ տեղւոյն Ֆրանսական վարժարանին մէջ: Ապա՝ ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Թեհրան, ուր, հայրը՝ հայկաբան Տոքթ. Յարութիւն Թիրաքեան, որպէս բժիշկ կը ծառայէր թագաւորական պալատին մէջ: Մ. Թիրեաքեան Թեհրանի մէջ կը յաճախէ տեղւոյն Ամերիկեան վարժարանը, իսկ բարձրագոյն ուսման համար կը մեկնի Ցիւրիխ: 1919-ին կ՛անցնի Միացեալ Նահանգներ, ու մնայուն կերպով կը հաստատուի Նիւ Եորք:
Մ. Թիրեաքեան, որ գրաբարի ու պարսկական գրականութեան ճաշակը ստացած էր հօրմէն, աւելի ետք կ խմբագրէ ու հրատարակութեան կը յանձնէ անոր Հայ-Երանական Ուսումնասիրութիւն
Վիեննա, 1922, Համասեր եւ Կրկնակ Խումբեր Վիեննա, 1923, Կոլեստան Սաատի եւ Արիահայ Բառարան աշխատասիրութիւնները:
 
Պատմա-բանասիրական ուսումնասիրութիւննրով, Մ. Թիրեաքեան ժամանակի ընթացքին կ՛աշխատակցի Անահիտ Բազմավէպ Հանդէս Ամսօրեայ Սիոն Լրաբեր եւ Պատմա-Բանասիրական Հանդէս ամսաթերթերուն ու հանդէսներուն: Ան նաեւ առանձին հատորով կը հրատարակէ ՇԱՀՆԱՄէ-ն – պարսիկ բանաստեղծի գործէն տաղաչափեալ հատուածներ - , եւ ՄԻՏՔԻ ՇՈՂԵՐ, որ կը բովանդակէ հեղինակին պատմաան, բանասիրական ու գրական աշխատասիրութիւններէն ոմանք:
 
Մ. Թիրեաքեան կը մահանայ 18 Յուլիս 1970-ին
 
== Կենսագրութիւն ==