Միհրդատ Թիրեաքեան

Միհրդատ Թիրեաքեան (19 Յուլիս 1885(1885-07-19), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 18 Յուլիս 1970(1970-07-18), Lua error in Մոդուլ:Wikidata/Places at line 334: attempt to index field 'datavalue' (a nil value).), պատմաբան, գրաբարի եւ պարսկական գրականութեան հմուտ խմբագիր:

Միհրդատ Թիրեաքեան
Ծնած է 19 Յուլիս 1885(1885-07-19)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 18 Յուլիս 1970(1970-07-18) (84 տարեկանին)
Մահուան վայր Lua error in Մոդուլ:Wikidata/Places at line 334: attempt to index field 'datavalue' (a nil value).
Ուսումնավայր Զիւրիխի Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թարգմանիչ
Ծնողներ հայր՝ Յարութիւն Թիրեաքեան

ԿենսագրութիւնԽմբագրել

Միհրդատ Թիրեաքեան ծնած է 1885-ին Կ. Պոլիս, ուր նաեւ կը ստանայ իր նախնական կրթութիւնը ՝ տեղւոյն Ֆրանսական վարժարանին մէջ։ Ապա՝ ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Թեհրան, ուր, հայրը՝ հայկաբան Տոքթ. Յարութիւն Թիրաքեան, որպէս բժիշկ կը ծառայէր թագաւորական պալատին մէջ:

Մ. Թիրեաքեան Թեհրանի մէջ կը յաճախէ տեղւոյն Ամերիկեան վարժարանը, իսկ բարձրագոյն ուսման համար կը մեկնի Ցիւրիխ: 1919-ին կ՛անցնի Միացեալ Նահանգներ, ու մնայուն կերպով կը հաստատուի Նիւ Եորք:

Մ. Թիրեաքեան, որ գրաբարի ու պարսկական գրականութեան ճաշակը ստացած էր հօրմէն, աւելի ետք կը խմբագրէ ու հրատարակութեան կը յանձնէ անոր «Հայ-Երանական Ուսումնասիրութիւնք» (Վիեննա, 1922), «Համասեր եւ Կրկնակ Խումբեր» (Վիեննա, 1923), «Կոլեստան» (Սաատի) եւ «Արիահայ Բառարան» աշխատասիրութիւնները:

Պատմա-բանասիրական ուսումնասիրութիւններով, Մ. Թիրեաքեան ժամանակի ընթացքին կ՛աշխատակցի «Անահիտ», «Բազմավէպ», «Հանդէս Ամսօրեայ», «Սիոն», «Լրաբեր» եւ «Պատմա-Բանասիրական Հանդէս» ամսաթերթերուն ու հանդէսներուն: Ան նաեւ առանձին հատորով կը հրատարակէ «ՇԱՀՆԱՄէ»ն՝ պարսիկ բանաստեղծի գործէն տաղաչափեալ հատուածներ, եւ «ՄԻՏՔԻ ՇՈՂԵՐ», որ կը բովանդակէ հեղինակին պատմական, բանասիրական ու գրական աշխատասիրութիւններէն ոմանք:

Մ. Թիրեաքեան կը մահանայ 18 Յուլիս 1970-ին:

ԱղբիւրներԽմբագրել