Բազմավէպ
«Բազմավէպ», Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ հրատարակուող հայագիտական, բանասիրական, գրական հանդէս։ Լոյս կը տեսնէ 1843-էն Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ։ Ցայսօր հրատարակուած հայերէն պարբերականներէն ամէնէն երկարակեացն է։ Հանդէսին հիմնադիր-խմբագիրը Գաբրիէլ Այվազովսկին էր (ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի եղբայրը), որ ուրիշ վարդապետներու օժանդակութեամբ 1843-ին կը հիմնէ «Բազմավէպ» հանդէսը՝ աչքին առջեւ ունենալով Հ. Ղուկաս Ինճիճեանի ճիգերով հրատարակուած «Տարեգրութիւնք», «Եղանակ Բիւզանդեան» եւ «Դիտակ Բիւզանդեան» թերթերու փորձերը[2][3]։
Բազմավէպ Բազմավէպ եւ Bazmavep[1] | |
---|---|
Տեսակ | գիտական հանդես? |
Լեզու | հայերէն եւ Հայերէն եւ բազմալեզու[1] |
Խմբագիր | Գաբրիէլ Այվազովսկի |
Հիմնադրուած է | 1843 |
Հիմնադիր | Գաբրիէլ Այվազովսկի եւ Ղեւոնդ Ալիշան |
Հրատարակիչ | Մխիթարեան Միաբանութիւն |
Երկիր | Իտալիա |
Գրասենեակ | Վենետիկ, Իտալիա |
ISSN | 1722-4969 |
Ինճիճեանի մահէն տասը տարի ետք, Հ. Գաբրիէլ Այվազովսկի կը ձեռնարկէ «Բազմավէպ»ի հրատարակութեան, աչքին առջեւ ունենալով իր նախորդին կատարած փորձին արդիւնքը, ժողովուրդին փափաքն ու ցանկութիւնը, ճաշակն ու զգացումը։
Նիւթերու ընտրութեան, դասաւորութեան եւ ներկայացման ձեւին մէջ «Բազմավէպը» շուտով մեծ ընդունելութեան արժանացած է ու սիրուած ժողովուրդին կողմէ։ «Բազմավէպ» տիտղոսը փաստօրէն «Եղանակ Բիւզանդեանի» երկրորդ անունը կը դառնայ, որ 23 տարուան դադարէն ետք դարձեալ լոյս կը տեսնէր։
1843-1857 թուականներուն «Բազմավէպը» եղած է բնական, տնտեսական եւ բանասիրական երկշաբաթաթերթ՝ նպատակ ունենալով դիւրըմբռնելի աշխարհաբարով ընթերցողներուն հասցնել լուսաւորական գաղափարներ եւ օգտակար խորհուրդներ եւ միջոցներ նշել տնտեսական, քաղաքական եւ հոգեւոր կեանքի վերածնունդին համար։ Առաջին շրջանին, հանդէսին մէջ մեծ տեղ գրաւած են կրօնա-բարոյախօսական հաղորդումները, գիտութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներու նորագոյն յայտնագործութիւնները, աշխարհագրական եւ հնագիտական գիւտերու, բնութեան եւ ընդերքի հարստութեան մասին տեղեկութիւնները։
Սկզբնական շրջանին «Բազմավէպը» կազմուած է երեք մեծ մասերէ.
- «Բնական գիտութեանց» բաժինը ընդգրկած է բնաբանութիւնը, բնալուծութիւնը, երկրաբանութիւնը, բնական պատմութիւնը, այսինքն՝ բուսաբանական եւ կենդանաբանական ծանօթութիւններ։
- «Տնտեսական գիտութեանց» բաժինը կը ներառէր դաստիարակութիւնը, քաղաքական տնտեսութիւնը, երկրագործութիւնը, առողջապահութիւնը, արուեստները եւ նորահայտ գիւտերը։
- «Բանասիրական տեղեկութեանց» բաժինին մէջ զետեղուած են տեղեկութիւններ ժողովուրդներու, նշանաւոր անձանց մասին, հետեւաբար պատմական, աշխարհագրական, բարոյական ծանօթութիւններ, որոնցմէ միշտ անբաժան էին նաեւ ազգային կեանքի եւ պատմութեան խնդիրները։
Սկզբնական շրջանին «Բազմավէպը» երկշաբաթաթերթ էր, ապա յաջորդաբար դարձած է ամսագիր, եռամսեայ ու երկամսեայ պարբերական։ ԺԹ. դարու 60-ականներէն դարձած է գիտական պարբերական, տպագրած է հայ եւ օտար ուսումնասիրողներու գործերը, նպաստած է հայագիտութեան զարգացման։ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբը հրապարակած է զգալի թիւով յօդուածներ հայկական հարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ «Հայ Հանճար» (1916), «Ջարդերու Քաղաքականութեան Վերջը Եւ Պատժելու Ժամը» (1919), «Աճապարենք, պահանջը ստիպողական է» (1919), «Քաղաքակրթութիւն, զուգակից բարբարոսութիւն» (1920). «Դիւանագիտութեան դիմակները» (1920), «Խաբուեցանք... բայց պէտք չէ վհատինք» (1922) եւ այլ յօդուածներու մէջ արտացոլած են հայ ժողովուրդը յուզող, հայկական հարցին հետ կապուած իրադարձութիւնները։
Առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հանդէսը ինկած է նեղ կացութեան մէջ եւ աստիճանաբար կրճատած է իր պարբերականութիւնը։ Պատմա-բանասիրական հարցերուն մէջ «Բազմավէպ»ը պահպանողական էր եւ կը ջանար «անխախտ պահել» աւանդական տեսակէտները։ «Բազմավէպ»ին աշխատակցած են հայ եւ օտար հռչակաւոր գիտնականներ, գրողներ, արուեստագէտներ։ Բացի հայագիտական յօդուածներէն, ուսումնասիրութիւններէն եւ գրական-արուեստագիտական նիւթերէն, «Բազմավէպ» հրատարակած է մեծարժէք բացառիկ թիւեր, նուիրուած Տանթէի, Պայրընի, Նափոլէոնի, Մխիթար Աբբայի, Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան 1500-ամեակին, հայ եւ համաշխարհային գրական ու պատմական այլ անցուդարձերուն եւ դէմքերու յոբելեաններուն։
Հանդէսին աշխատակցած ու անոր գործունէութեան մեծապէս նպաստած են հայ եւ այլազգ անուանի գիտնականներ, գրողներ, արուեստագէտներ՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Եդուարդ Հիւրմիւզեան, Գարեգին Զարբհանալեան, Վարդան Հացունի, Արսէն Ղազիկեան, Էմիլ Տեզա, Բարսեղ Սարգիսեան, Վահան Յովհաննիսեան, Ֆրետերիք Ֆէյտի, Յարութիւն Քիւրտեան, Մեսրոպ Ճանաշեան, Պօղոս Անանեան, Ներսէս Տէր Ներսէսեան, Լեւոն Զէքիեան եւ ուրիշներ։
Վերջին տարիներուն լոյս կը տեսնէ տարեկան երկու թիւ, որոնք յաճախ կը միաւորուին մէկ ծաւալուն հատորի մէջ։ Հանդէսը մշտապէս հրատարակած է աստուածաբանական, հայագիտական, պատմական, լեզուաբանական, մատենագիտական, գեղարուեստական, ուսումնական եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին արժէքաւոր նիւթեր։
1973-էն «Բազմավէպին» կից հրատարակուած է նոյնանուն մատենաշար մը։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 The ISSN portal — Paris: ISSN International Centre, 2005. — ISSN 1722-4969
- ↑ Zekiyan Levon։ ««Բազմավէպ». հայագիտական հանդէսներու նահապետը (150-ամեայ յոբելեանին առթիւ) ["Bazmavep". The Forefather of the Armenological Journals (dedicated to the 150th anniversary)]»։ Պատմաբանասիրական հանդէս (հայերեն) (1): 103–110
- ↑ Shtikian S. A. (1993)։ ««Բազմավէպ» հանդէսը (հիմնադրման 150-ամեակին առթիւ) [Journal "Bazmavep" (to the 150th anniversary of the day of foundation)]»։ Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու (հայերեն) (4): 72–81
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Բազմավէպի մասին յօդուածը Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարանին մէջ Archived 2017-09-17 at the Wayback Machine.
- Բազմավէպ հայագիտական հանդէսի կայքը Archived 2016-04-22 at the Wayback Machine.
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ |