Ս. Ղազար կղզի (իտալ.՝ San Lazzaro degli Armeni, անգլերէն՝ Saint Lazarus Island), փոքր կղզի Վենետիկի ծոցին մերձաւոր ջուրերուն վրայ, հիւսիսային Իտալիա, Լիտօ կղզիէն դէպի արեւմուտք։ Կը պատկանի Մխիթարեան միաբանութեան, այդ միաբանութեան մայրավանքն է։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ Խմբագրել

Կղզեակին մեկուսացումը, որոշ հեռաւորութեան վրայ գտնուիլը Վենետիկ քաղաքը կազմող հիմնական կղզիներէն, զայն վերածած է նպաստաւոր վայրի մը, ուր կ'ապաքինէին բորոտները։ Կղզին հիմնուած է տասներկուերորդ դարուն, ստանալով իր անունը՝ Ս.Ղազար, հովանաւոր Ս. բորոտավարակներու։ Կղզին լքուած է տասնվեցերորդ դարուն, իսկ 1717-ին Վենետիկի իշխող խորհուրդին կողմէն անիկա տրուած է խումբ մը հայ վարդապետներու։ Մխիթար Սեբաստացի եւ անոր տասնեօթ վարդապետները կառուցած են վանքը, վերականգնած հին եկեղեցին եւ ընդլայնած կղզին՝ իր ներկայ 30,000 քմ, շուրջ չորս անգամ աւելի իր նախնական տարածքէն։

 
Ս. Ղազար Կղզի
 
եկեղեցին

Հիմնադիրներու եռանդին եւ բարեգործութեան շնորհիւ, արեւելագիտական ուսումնասիրութիւններու համար, կը հիմնեն Մխիթարեան Կարգը։ Միաբանութիւնը կը հրատարակէ պատմական, բանասիրական եւ գրականագիտական գործեր եւ անոնց վերաբերող նիւթեր, որոնք յայտնի էին ինչպէս իրենց գիտական մակարդակով եւ ճշգրտութեամբ, այնպէս եւ բազմալեզու հրատարակութիւններու գեղարուեստական արժէքով։ Տպագրատունը կը փակուի 1991-ին, սակայն ԺԸ. դարու տպագրական մեքենան հիմա ալ կարելի է տեսնել։ Ս.Ղազար կղզիին եկեղեցւոյ պահոցներուն մէջ կայ շուրջ 150,000 գիրք, ինչպէս նաեւ 4,000 աւելի հայկական ձեռագիրներ, վարդապետներու կողմէն հաւաքուած եւ նուէր ստացած Արաբական, հնդկական եւ Եգիպտական արուեստի փաստաթուղթերով հարուստ թանգարան մը։

Եկեղեցին եւ իր պարտէզները, որոնք յայտնի են իրենց սիրամարգերով, կարելի է հասնիլ վափորեթոյով (#20 Ս. Զաքարիայէն, Սան Մարքօ հրապարակի մօտ)։ Զբօսաշրջիկներու խումբերը կրնան յատուկ այց խնդրել համապատասխան ժամանակացոյցով։ Հոգեւորականները կ'ուղեկցին այցելուներուն քանի մը լեզուներով կը ներկայացնեն կղզիին պատմութիւնը։ Ս. Ղազար կղզին՝ գիտնականներու եւ ուսանողներու հիւրընկալելու երկարաժամկէտ աւանդոյթ մը ունի։ Կղզիին մէջ հիւրընկալուած է Լորտ Պայրընը, որ 1816-ին հայերէն կ'ուսումնասիրէր։ Լորտ Պայրընի հիւրընկալութիունը կը յիշատակուի մշտական ցուցադրութեամբ։

Մշակութային Խմբագրել

Յովհաննէս Շիրազը կղզիի մասին բանաստեղծութիւն մը ունի.

 

Օտար ջրերում հայացեալ Կղզի
Հայոց հին լոյսն է քեզնով նորանում...
Գիտեմ տքնում ես, այս է դարեց-դար,
Հայրենիքից դուրս՝ հայրենեաց համար։

 


Պատկերասրահ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել