Յարութիւն Թիրեաքեան

Յարութիւն Թիրեաքեան (25 Փետրուար 1845(1845-02-25)[1][2], Թալաս, Կեսարիա, Թուրքիա[1][2] - 2 Մարտ 1919(1919-03-02)[1][2], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1][2]) հայ բժիշկ, բանասէր, թարգմանիչ, հայագէտ, արեւելագէտ, մշակութային գործիչ։

Յարութիւն Թիրեաքեան
Ծնած է 25 Փետրուար 1845(1845-02-25)[1][2]
Ծննդավայր Թալաս, Կեսարիա, Թուրքիա[1][2]
Մահացած է 2 Մարտ 1919(1919-03-02)[1][2] (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան[1]
Մասնագիտութիւն բանասէր, արեւելագէտ, թարգմանիչ, բժիշկ
Երեխաներ Միհրդատ Թիրեաքեան[2]

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Յ. Թիրեաքեան ծնած է 1845-ին. Կեսարիոյ նահանգի Թալաս գիւղին մէջ (Օսմ. Կայսրութիւն)։ Ուսումը ստացած է Փարիզի բժշկական համալսարանին մէջ՝ աւարտելով 1878-ին։ Վերադառնալով Կ. Պոլիս, աշխատած է իբրեւ գլխաւոր բժիշկ տեղւոյն հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, նաեւ ծաւալելով հանրային գործունեութիւն, որուն պատճառով 1890-ին ձերբակալուած է։

Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցող քաղաքական հալածանքներուն պատճառով, 1896-ին տեղափոխուած է Պարսկաստան, ուր նշանակուած արքունի բժիշկ։

1907-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Նիւ Եորքի մէջ։ Մահացած է Նիւ Եորք՝ 1919-ին, 73 տարեկան հասակին։

Անոր աշխատութիւնները յետմահու հրատարակած է որդին՝ Միհրդատ Թիրեաքեանը։

Գիտական գործունէութիւնը Խմբագրել

Իր բժշկական ասպարէզին զուգահեռ, Թիրեաքեան ծանօթացած է բազմաթիւ դասական եւ հին արեւելեան, ինչպէս նաեւ ժամանակակից եւրոպական լեզուներու։ Ան տիրապետած է թրքերէնին, անգլերէնին, ֆրանսերէնին, պարսկերէնին, հին լեզուներէն՝ գրաբարին, հին յունարէնին, լատիներէնին, հին եւ միջին պարսկերէնին, ծանօթացած է սանսկրիտին։ Լեզուական խոր գիտելիքները մեծ արժէք կու տան անոր աշխատանքներուն։

Թիրեաքեան, բացի իր գիտական ուսումնասիրութիւններէն (հայերէնի, ինչպէս եւ պահլաւերէնի ոլորտին մէջ), կատարած է շարք թարգմանութիւններ, որոնց շնորհիւ հայ ընթերցողը կարելիութիւնը ունեցած է ծանօթանալու զանազան պահլաւական բնագիրներու։ Թիրեաքեանի թարգմանութիւններուն բնորոշ յատկանիշն է հայկական եւ միջին-պարսկական բառապաշարի նմանութիւնը ցոյց տալու ձգտումը, որուն պատճառով հայկական բառերը, որոնք ժամանակի ընթացքին փոխած են իրենց իմաստը, յաճախ կ՚օգտագործուին արդէն անհասկնալի դարձած՝ հինցած իմաստով, ինչ որ կը դժուարացնէ անոնց իմաստի ըմբռնումը եւ կը նուազեցնէ արժէքը։

Թիրեաքեանի գիտական աշխատութիւնները հիմնականին նուիրուած են հայ-իրանական լեզուական առնչութիւններու ուսումնասիրութեան եւ համեմատական լեզուաբանութեան։

Աշ­խա­տու­թիւն­նե­ր Խմբագրել

  • Հայկական տաղաչափութիւն, 1906, 1918։
  • Արտաշիր Պապականի Կարնամակը, դրուագ, թարգմանութիւն, Փարիզ, 1907։
  • Ատրպատ Մարանպանդան, «Ան­դարձ», թարգմանութիւն, Նիւ Եորք, 1909։
  • Ֆիրդուսի, «Շահ­նա­մակ», թարգմանութիւն, Նիւ Եորք, 1909։
  • Արիահայ բառարան, Նիւ Եորք, 1914-1920։
  • Հայերէնի զեղծումները, 1917։
  • Պուալօ Ն., «Արո­ւեստ քեր­թո­ղա­կան», թարգմանութիւն, ծանօթագրութիւններով եւ առաջաբանով, Նիւ Եորք, 1919։
  • Սաադի, «Գո­լես­տան», թարգմանութիւն, Նիւ Եորք, 1920։
  • Հայ-երանական ուսումնասիրութիւնք, Վիեննա, 1922։
  • Հին յիշատակներ, Նիւ Եորք, 1978։
  • Տելեմաքը թարգմանած է գրաբարի, մրցելով Հայր Արսէն Բագրատունիի հետ։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Թիրեաքեան Յ., Արիահայ բառարան, նորոգ տեսութեամբք յաւելուածովք, Վիեննա, 1914։
  • Թիրեաքեան Յ., Հայ-երանական ուսումնասիրութիւնք, Վիեննա, 1922։
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 2,12 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. ԱյվազյանԵրևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1.